Յայտարարութիւն

Wednesday, February 3, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -31- Ռուբէն

1900 թուականներն էին:

Երիտասարդները, աշակերտները տաք տաք կը վիճէին, կը կռուէին, իրարմէ կը խռովէին` ոչ թէ կեանքի ընթացիկ հարցերու, այլ համաշխարային հարցերը լուծելու համար: Հարցերը կը դնէին շեշակի.
-Ազգերու եւ պետութեանց տարբերութիւններու, անոնց հակամարտութիւններու, աշխարհակալութիւններու հիմքը տնտեսական ազդակներն են, շահագործուող դասակարգերը: Դասակարգերու վերացումով ամէն ինչ կը լմնայ, եւ ընկերվարութիւնը կը թագաւորէ:
-Ոչ, - կ’ըդիմախօսէր մեսամասնութիւնը,- ազգային հարցը ծնունդ չէ տնտեսական ազդակներու: Ան բնատուր ոյժ մըն է եւ անկախ է թէ՛ դասակարգային եւ թէ՛ նիւթական տուեալներէ: Ազգ մը, որ ազատ չէ եւ տիրապետուած է ուրիշի մը կողմէ, արդէն շահագործուող, ճնշուած դասակարգ է, իսկ տիրապետողը` շահագործող: Արդ` ազգերու ազատութիւնը եւ անոնց դաշնակցութիւնը կը տանի ընկերվարութեան: Ընկերվարութիւնը կրնայ իրագործուիլ միայն ազատ, իրարու հետ դաշնակցած ժողովուրդներու աշխատաւորութեան միացումով ընդդէմ շահագործող դասերու:

Այս վէճերու մէջ, մէկ կողմէն կը մասնկացէին Ա. Ծատուրեան, Նարիման Տէր Ղուկասեան եւ Ղազար Տէր Ղազարեան, Սաքօ Համբարձումեան, Ա. Յովհաննէսեան եւ երկակենցաղ համարուող Լուոն Աթաբեկեան, - իսկ միւս կողմէ` Արամը, Թորգոմը Իսաջանը: Անոնց լսողները աշակերտներն էին, որոնց մէջ էին Մենակը եւ փոքրիկ Նիկոլը (յետոյ Իշխան անունով յայտնի դարձած): Տարիքաւորները կը լսէին` գլուխները շարժելով եւ բացականչելով. «Պոշ տղաներ են, պարապ մնացել` ջուր կը պնդցնեն»:

Գուցէ իրաւունք ունէին տարիքաւորները, քանի որ կէս դար անցենելէ ետք ալ այդ ջուրը չէր պնդացած: Բայց վիճաբանող երիտասարդներուն ծնողները չէին հասկնար իրենց զաւակներուն տենչերը: Անոնց ականջին ջրի ձայն կու գային այդ կռիւները եւ կամ աշնան չուող արագիլներու կափկփոց կը թուէին:

Երիտասարդներու այս անընդհատ վէճերը վերջացան անով, որ մէկ օր ալ անոնք, երկու թեւերու բաժնուած, երկինք բարձրացան: Մէկ թեւը ուղղուեցաւ հիւսիս` Ռուսաստան, որոնելու համամարդկային յեղափոխութիւնը եւ յանձինս նախ` Պլեխանովի, ապա Լենինի` գտաւ Սոցիալ Դեմոկրատ կուսակցութիււնը, որուն մէջ հակեցաւ: Եւ ոչ ոք անոնցմէ իր տունն ու տեղը չտեսաւ այլեւս: Երկրորդ թիւը, որուն առաջէն կ’երթար Իսաջանը, կողքերէն Թորգոմը եւ Արամը, իսկ երամը անոնց ետեւէն, Հայաստանի հողերէն դուրս չելաւ, ուղղուեցաւ դէպի հարաւ եւ իջաւ Երկրի սահմաններուն վրայ` հոն գտնեով Հ.Յ.Դաշնակցութեան զինուորութիւնը եւ հալելով անոր մէջ: Շուշուայ այս վերջին երամէն ալ ոչ ոք իր տունն ու տեղը չդարձաւ: Ամէնքն ալ ինկան Հայաստանի հողերուն վրայէ անոր ազատութեան եւ ազատ ազգերու դաշնակցութեան համար:

Եւ այս երոկւ խումբերը մինչեւ վերջն ալ իրարու հակառակորդ մնացին եւ մեռան իբրեւ հակառակորդներ, թէեւ ոմանք հարազատ եղբայրներ էին, ինչպէս Կոստի եւ Սաքօ Համբարձումեանները:
Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ Շուշուայ այս որոնող երիտասարդները, որոնք բռնկուած էին ինչպէս ազգային, նոյնպէս եւ ընկերվարական շունչով, իրենց սովորական Պարսկաստանի եւ Վասպուրականի ուղին կորսնցուցած, ինկան Կարսի շրջանը` անկէ Տարօն անցնելու ուխտով: Չեմ կարծեր, թէ այդ եկաւ Կարսի կամ Երկրի հրաւէրով: Կը կարծեմ, թէ Շուշուայ քաղաքի վրայով անցած էին կամ Ռոստոմի կամ Համոյի (Օհանջանեան) ստուերները: Եւ անոնք Կարս ինկան ճիշդ այնպէս, ինչպէս ես էի ինկած`«վարժուելու» համար:

Կարսի եւ Երկրի դժուարութիւնները այդ կռունկներէն ոմանց թեւերը յոգնեցուցին եւ զանոնք չէզոքացուցին, ինչպէս, օրինակ, Փարսադանը: Բայց միւսները, ինչպէս Սերգէյը (Արամը), Իսաջանը, Թումանը, Մենակը, Նիկոլը (Իշխանը) այնպիսի գութան մը քաշեցին Կարսի եւ Երկրի կեանքին մէջ, որ թէեւ կէս դար անցած է, բայց անոնց հետքերը չեն ոչնչացած եւ անոնց շաւիղով ցանք կ’ընէ հայութիւնը` իր քաղաքական ապագան կերտելու համար:

Շար.31


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝