Յայտարարութիւն

Thursday, February 4, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -32- Ռուբէն

Անոնք այսպէս կը մտածէին.-
-Հաւատաեցեալը թո՛ղ սիրէ եկեղեցին: Մենք ատոր դէմ չենք եւ պարտաւոր ենք պաշտպանել այդ հիմնարկութիւնը, քանի որ մեր ազգէն են հաւատացեալները: Բայց այդ չի նշանակեր, որ ազգը պէտք է մտնէ վեղարաւորներու փէշերուն տակ եւ իր սանձը տայ անոնց ձեռքը: Լերան հովիւը աւելի հաւատացեալ է քան ամէն օր Աւետարան կարդացող վարդապետը: Պաշտօնի բերումով սուինը ձեռին զինուորը, որ մեզի կը սպաննէ աւելի սրտցաւ հայ է, քան Բենիկները (Վարդապետ), Մեսրոպները (եպիսկոպոս), որ գիտնականի հռչակ ունի եւ կամ Աշըգեանները, որ եկեղեցիի պետ կը համարուին: Ասոնք պաշտօնեաներ եւ ծիսակատարներ են, որոնք հոն են` ուր շատ հաց կամ շատ պատիւ կը սպասուի: Ռուսը կրնայ տալ աւելին, եւ անոնք անոր հետ են ու կը լինին: Ղեկը միայն ժողովրդական ներկայացուցչութեան պէտք է վստահիլ:

Այս մտքերը զարմանքով ու վերապահութեամբ կը լսէր Կարսի ժողովուրդը Բայց ան դարձաւ անվերապահ, երբ եկեղեցական կալուածներու գրաւման գործողութիւն եղաւ, երբ այս գանաստուածները» իրենց կուրծքերը պատնէշ դարձուցին կողակներու սուիներուն եւ հարկադրեցին կղերականներն իրենց հետ քալել:
Նոյնպէս նորութիւն էր այդ երիտասարդներու վերաբերմունքը դէպի պուրժուա դասը, որ արդէն իր հզօրութեան գագաթնակէտին հասնելու վրայ էր եւ իր ազգային կերպարանքը ցոյց տուած էր Շուշիի, Բագուի եւ Թիֆլիսի մէջ:
-Ճիշդ է, - կ’ըսէին անոնք,- ձեր շրջաններու մէջ դասակարգեր չկան. ամէնքն ալ գիւղացի կամ անոր պէս բան մըն են: Ձիթողցեւը Ալեքսանդրապոլի մէջ, Բաղդասարովը Կարսի մէջ դասակարգ չեն, ճանկեր չունին մատներուն, ատամ չունին բերանին: Զանոնք չեն կրնար ազատել իրենց աղգականներուն «ով» կամ «եւ» ռուսական պոչերը: Բայց գիտցէք, որ վտանգը կայ: Այդպիսիները անպայամանօրէն օր մը ձեր գլխուն չարիք պիտի լինին: Մեր մօտ ալ այդպէս էր: Մեր Վարդանն ու Նիկոլը ալ ձեզ պէս կը դատէին: Կ’ըսէին` «Փող կը սիրեն դրանք, թո՛ղ գնան վաստկեն, գուցէ բանի մը պէտք գան»: Անոնց այդ կարծիքը սակայն, սխալ էր: Չհասկցանք որ օձի հաւկիթէն օձ դուրս կու գայ, հաւկիթները չփճացուցին եւ այժմ փոշմանած են: Ուշ է արդէն: Անոնք դասակարգ կազմած, հոգեւորական ու պահպանողական իրենց թեւին տակ առած, ամէն մէկուն մէկ շան «թուլայի փայ» հանած` իրենք իրենց ազգի ներկայացուցիչ կը համարեն: Կ’ըսէք «Մենք երկու թշնամի ունինք` թուրք եւ ռուս բռնակալութիւնները»: Լաւ: Բայց այդ բռնակալութիւնները ուժեղացնողները ատոնք են: Մեր թշնամինե՞րն են, թէ ոչ: Մեր թշնամիներն են, թոլուզ հայ համարուին: Գինին մածունի հետ կը խմէ՞ք: Ի հարկէ, ոչ: Սայլը երկու հակառակ կողմերէն կը լծէ՞ք: Ի հարկէ, ոչ: Սայլը իր տեղը պիտի մնայ: Մեր կոմիտէներու մէջ տեղ չունին մարդիկ, որոնց աստուածն է ոսկին:

Այսպէս բարձր ու համարձակ կը խօսէին եւ, վերջ ի վերջոյ, Երուանդ Համամճեան Կարսի մէջ, Վահան Ջալալթեանը Ալեքսանդրապոլի մէջ չէզոքացուեցան եւ ասպարէզէն քշուեցան:
Նորեկները Երկրի գործունէութեան մասին ալ իւրայատուկ մտածելակերպ ունէին:
-Անկասկած, պէտք է ուժովցնել Սասունը: Բայց ան կ’ուժովնայ որակով եւ զէնքով եւ ոչ թէ զոհաբերողներու քանակով, որոնցմո՛վ ան հարուստ է արդէն: Կատարելագործուած զէնքերը պէտք է ուղարկել ոչ թէ մաս-մաս, բազմաթիւ վտանգներով, այլ զանգուածով եւ մէկ վտանգով:
Այս տեսակէտները հիմնական վերաքննութիւն էին զարդ եղած գործելակերպին:
-Հոն, Երկրի մէջ, - կը շարունակէին,- քաջն ու կռուողը` շատ, զէնքն ու պատրաստուած ոյժերը` պակաս: Արդ` թո՛ղ Երկիր երթան բժիշկին ու ուսումնականը, սպան ու ենթասպան եւ կռուի արհեստին մասնագէտը:
Այսպէս կ’ըսէին Սերգէյը եւ իրեն հետ եկածները` իրենց առողջ բնազդներով, բայց իրենցմէ ե՛ւ ոչ մէկը դեռ չէր լրացնէր այդ յատկութիւնները: Այդ պատճառով Իսաջանը արագօրէն կ’ուզէր մասնագէտ դառնալ ռմբակոծութեան, որու պատրաստութիւններուն ան, աւա՜ղ, զոհ պիտի գնար:

Շար.32

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝