Յայտարարութիւն

Friday, February 5, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 33 - Ռուբէն

Կարս եկած Շուշուայ երիտասարդներէն ե՛ւ ոչ մէկը նախապէս կը ճանչնայի: Անոնցմէ միայն Թումանի հանդիպած էի շատ տարօրինակ պայմաններու մէջ, 1901ին թէ 1902Ին:

Անդրկովկասի եւ Կովկասի բոլոր տեսակի զօրքերը ռազմափորձի էին եղած թրքական սահմաններուն վրայ: Չէինք գիտեր, թէ կռի՞ւ պիտի լինէր, թէ պարզ ռազմափորձ մըն էր բոլոր բանակներուն համար: Ալեքսադրապոլ-Կարս-Սարղամիշ-Արտահան տարածութիւնը ճերմակ վրաններով էր ծածկուած: Ձիեր կը խրխնջային, կառքեր անվերջ շարանով ծուլօրէն կը շարժէին եւ զինուորներ` մեղրաճանճերու նման կը վխտային: Իսկ Պոլիգոն դարձած էր վայր մը, ուր ասեղ ձգէիր` գետին չէր իյնար: Բոլորի բերանն էր «փոխաքան կու գայ» եւ, երբ ան հասնի Թիֆլիսէն, ամէն բան կը սկսուի: Ի±նչ կը սկսուի, այդ մեր գիտնալիքը չէր: Գիտէին մեծերը միայն:
Մենք վրանի մը տակ հինգ հոգի էինք: Նախապէս աքլոր էինք դարձած, որովհետեւ առառաւելն 10 օրէն «ռուսական յաղթական բանակի սպաները» պիտի դառնայինք: Ձեւական քննութիւնը մը մնացեր էր միայն, զոր վստահ էինք անցընել յաջողութեամբ:

Մեզմէ միայն Կացն էր, որ յադ երջանիկ օրին չէր սպասեր, թէեւ ան բոլորէս աւելի ընդունակ էր եւ պատրաստուածը: Կացի հայրը ադամանդավաճառ մըն էր, որուն խանութը կը գտնուէր Թիֆլիսի Գոլովինսկի Պրոսպէկտի վրայ, փոխարքայի պալատի մօտ: Անոր յաճախորդներէն էին փոխարքան եւ մանաւանդ անոր դքսուհին: Մեր ընկեր Կացը կրծքին կը կրէր Օտեսայի համալսարանի աւարտման շքանշանը: Ան որ վերադարձած էր Պերլինէն, ուր աւարտած էր նաեւ այնտեղի համալսարանը: Մէկ խօսքէվ` ան մեր բոլորէն աւելի ուսումնական էր, հարուստ եւ ներկայանալի: Անշուշտ ան բոլորէս աւելի յաջող քննութիւն տուած էր սպայութեան: Բայց ան հասարակ զինուորութեան մէկ թել կրնար ստանալ միայն եւ չէր կրնար սպայ դառնալ, արդէն մեզ սպայ եւ իրեն զինուոր համարելով, իր հաշուին ամէն տեսակի խմիչք եւ ուտելիքներ կ’առնէր մեզի համար, որպէսզի գոնէ նուազ զգացենք իրեն իր ծագումը: Այս արծուաքիթ, բարձրահասակ Կացը համակրելի էր, չնայելով իր հալածուած ծագումին:

Միւսը վրացի մըն էր, բայց թէ ի՞նչ էր, չէր ուզեր հասկցնել: Ան հպարտ էր իր«կնեազ» (իշխան) տիտղոսով եւ կնեազ Թումանով կը կոչուէր: Հպարտ էր որ Վերիիսկի Սպունսկի եւ Միխայլովսկի Պրոսպաէկտի անկիւնին մօտ ունէր սեփական թատրոն, իսկ Մցխէթի մէջ ալ` շքեղ պալատ մը: Ան կը սպասէր անհամբեր այն օրուան, երբ զարդարուէր արդէն գնած սպայական ոսկեզօծ ուսնոցներով եւ իրաւաբանի նշանով, որ շատ յարգի էր զինուորականներու մօտ: «Դատախազ» կարող էր դառնալ, առանց ճակատի վտանգին ենթարկելու ինքզինքը: Սպայ կը լինէր` առանց կռուի տաղտուկին: Պարկեշտ մարդ էր, եւ խիստ հիւրասէր:
Երրորդը զտարիւն ռուս մըն էր, աւելի ճիշդը` ուկրայնացի` Ռուդենկօ անունով: Ան «Սեւ հարիւրակներու» ազդեցութեան տակ էր: Ան ալ համալսարանաւարտի նշան ունէր եւ արդէն ինքն իրեն անյաղթելի ռուսական բանակի հրամանատարը կը պատկերացնէր: Թէեւ անոր հետաքրքրութիւնը այլ տեղ էր, բայց կ’ուզէր կնեազ Թումանովի Մցխէթի պալատին մէջ նորէն եւ նորէն հիւրասիրուիլ, իսկ «Ժիդ» (Եահուտի) Կացին հետ ան շարունակ առեւտրական գործերու մասին կը խօսէր եւ անոր հիւրասիրած պէս-պէս խմիչքներուն համը կ’ուզէր հասկնալ:

Շար.33


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝