Յայտարարութիւն

Sunday, February 7, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 35 - Ռուբէն

Մենակը (Եգոր Առաստամեան) Թորգոմի ընկերն էր եւ Շուշիէն Կարսի հնոցն էր ինկած: Ռոստոմի եւ Հրայրի ճամբովը կ’երթար: Իր սկզբունքն էր` «Ցանելէն առաջ` նախ գութան ընել, հողը պատրաստել»:
Մենակին ես բնաւ չտեսայ: Բայց անոր մասին իր մտերիմ ընկերներէն լսած եմ: Կ’ըսէին, թէ գրական հակումներով եւ համակրելի դէմքով մտաւորական մըն էր: Անոր շատ մօտիկ էր եղած բանաստեղծ Աւետիք Իսահակեանը, որը անոր ոստանաւոր մըն ալ նուիրած է:
Այս երիտասարդը, չունենալով մասնագիտութիւն կամ չհամարելով իրեն ատակ վարելու զինուոր կամ ժողովուրդ, իր վրայ կը վերցնէ ամենապատասխանաու եւ ամենավտանգաւոր գործը: Ան կը մտածէ, եւ Սերգէյը կը հաստատէ, որ Սասնոյ կապելու եւ ոյժեր հասցնելու համար, նախ պէտք է ուսումնասիրել 200-300 քմ. երկարութեամբ ճամբաները, որոշել հանգրուանները, որոշ վայրերու մէջ պաշարներ պատրասել եւ թշնամիին շարժուձեւը որոշել: Այդ բոլորի իրագործման համար ոչ զէնք պէտք էր եւ ոչ ալ որեւէ մէկ ուրիշ բան, այլ միայն աչքաբացութիւն ու զգուշութիւն: Եւ ան ծպտուած կ’անցնի Բասէնի եւ Խնուսի շրջանները, իբր գիւղացի` քանի մը անգամ Սասուն կը հասնի:
Մենակի մէջ ոտք Բասէն էր, միւսը` Կարս ու Ալքեսանդրապոլ: Այս ապերախտ, բայց ամենէն դժուարին գործին մէջ ան կը սպաննուի Նեւրուզ խումբին օգնութեան հասնելու ատեն:
Անոր մահուան լուրը կրկնակի կը ճնշէր Սերգէյը: Նախ` այն պատճառով որ ձախողած էր Բասէնի վրայով զինատար խումբերու արշաւը եւ երկրորդ` այն պատճառով, որ իր յոյսի եւ հաւատի երիտասարդ ընկերը` Մենակը սպաննուած էր եւ Նիկոլէն ալ (Իշխանէն) լուր չկար:

***

Շուշեցի Իսաջանը, երբ ես Կարս հասայ, արդէն սպաննուած էր: Եւ ես զայն բնաւ չտեսայ: Կարսը սուգի մէջ էր, կը յիշէ զայն եւ անոր ըրած գործերը եւ կ’ըսէր յաճախ. «Եթէ Իսաջանը ողջ լինէր, այդ գործի ելքը այլ կը լինէր»: Սերգէյը, որ անոր մտերիմ ընկերն էր, առանց զգացուելու չէր կրնար յիշել զայն.
«Թո՛ղ մենք մեռնէինք, Իսաջանը մնար, - կ’ըսէր ան, - չգիտես թէ ի՜նչ կորուստ ունեցանք: Նա ողջ լինէր, Դասէնի մեր խումբերը տեղ պիտի հասնէին: Նա որ ողջ լինէր, Կարսի եւ Սասունի վիճակը ուրիշ կը լինէր: Ինծի եւ ընկերներիս ոգի տուողը նա էր»:
Թերեւս այս գնահատումները մեռնողի ետեւէն զգացմունքի չափազանցութիւններ էին: Բայց անկասկածելի պէըք է համարել, որ Կարսի մէջ ան մեծ դեր խաղացած էր եւ իրեն հետ եկած ընկերներուն մէջ հեղինակութիւն էր: անոր նշանակններէն մէկն էր, որ ինչպէս յետոյ հասկցայ, վարքագիծն էր նաեւ Նիկոլ Դումանի.-«Երբ անհաւասար ոյժի դէմ ես պայքարում, պէտք չէ սովորական եւ հաւասար զէնքով պայքարես: Ընտրիիր մի զէնք, որ հակառակորդից յանկարծակիի բերես: Եւ եթէ չունիս այդ զէնքը, պէտք է հնարես»:
Իսաջանը այդ զէնքը հնարելու աշխատանքին լծուած էր Կարս քաղաքին մէջ: Ռումբեր կը պատրաստէր: Քլորատ տը փոթասի եւ շաքարի անզգոյշ խառնելէն պայթեր էին ռումբերը եւ ինքն ու իր ընկերները տեղն ու տեղը սպաննուեր էին:
Իր հետ եղած ընկերներէն մէկը Վարդան Տօնոյեանն էր, կարսեցի, որ Յակոբ Չիլինգարեանի աջ բազուկն էր եւ Կարսի գործերու սիւներէն մէկը: Միւսը` Պօղոս Պօղոսեանն էր, զոր տեսած էի Էջմիածին Ճեմարանի մէջ, իբր աշակերտ: Այդ երազուն երիտասարդը թառամած էր` դեռ եւս կոկոն, ծաղիկ չդարձած: Չորրորդը` Յովհաննէս Նահիկեանն էր, որու մասին կ’ըսէին. «Ամերիկան ալ, բացի դրամէն, իր արիւնը տուեց»: Վերջապէս, հինգերորդ զոհը Ռոտոսթոցի Սարգիսն էր:

Այսպիսով` հինգ տարբեր տեղերէ հինգ ջահիլ-ջիւան երիտասարդներ զոհ գացին փորձի մը, որմէ կարելի պիտի ըլլար խուսափիլ, եթէ անոնց մէջ գոնէ մէկը մասնագէտ լինէր: Ասիկա թող դաս լինի, որ կամքէն, բաղձանքէն աւելի անհրաժեշտ է գիտութեան հմտութիւնը: Թէեւ այժմ այդ դասը կը հասկնամ, բայց նոյն սխալը ես ըրած եմ ժամանակին:

***

Սերգէյի ընկերները, որ Շուշիէն եկած էին, մէկ մէկ կը սպաննուէին, կամ կը մեկնէին Երկիր: Ան ինքն էր ճամբու դնողը եւ այդ կը ճնշէր զինք, որովետեւ ինքը մնացած էր եւ անոնց չէր հետեւած:
Կարսի Կ. Կոմիտէն անոր կ’ըսէր.
«Կարսն ալ Երկիր է: Երկիր կ’ըսեն ու կ’երթան. թող գնան, թող բոլորը գնան: Բայց դու այստեղի գործիչն ես: Գործը չէ՞ միթէ մարդիկ ընտրելը, պատրաստելը եւ Երկիր ճամբելը: Կռի՞ւ կ’ուզես: Կռիւ չէ՞ միթէ դէմ կենալ ռուսերուն, որոնք կ’ուզեն, որ մենք մեր կրօնը փոխենք եւ ծուռ խաչին հետեւինք: Ահա մեր եկեղեցիները, վանքերը փակած են, անոնց կալուածները խլած են եւ մեզ ալ խեղդել կ’ուզեն այդ սոխերը (ռուսերը):
Սերգէյը, իր տարիքի մէջ ինկած, գործի վրայ էր: Կարծես Բիւզանդիոնի եւ Անիի, Լուսաւորչականի եւ Օրթոտոքսի կռիւը վերսկսած էր: Կաթոլիկ, բողոքական եւ լուսաւորչական այլեւս չկար, բոլոր հայերը մէկ անձ էին դարձած: Դեղագործ Քէօսէեանը, որ կարծեմ կաթոլիկ մըն էր, Կարսի բերդին վրայ ծածանող ռուս դրօշակը գիշերուան մութին վար առած էր եւ սեւ սուգի դրօշակ մը տեղն էր բարձրացուցած: Կոլլօ մէկ շուն էր սպաննուած, գլխուն ռուս քահանայի մը կամիլաւկան (ռուս քահանայի գլխարկ) էր անցկացուած եւ կամուրջի վրայ ցուցադրուած: Օրը ցերեկով դանակները կը խրուէին յայտնագործուած լրտեսներու կողերը, որոնք կտրուած հասկերու պէս սուսիկ փուսիկ գետին կը գլորուէին: Երբ կը լսէիր ատրճանակի թխկոց, գիտէիր որ ռուս ոստիկան մը իր հոգին կ’աւանդէր:
Արշալոյսին, երբ անցնէիր մեծ փողոցով եւ ռուս նահանգապետի դրանը դատարկ դագաղ մը տենէիր եւ դագաղի վրայ սեւ շրջանակով նամակ մը մեխուած, գիտէիր որ մէջը գրուած էր կարմիր մելանով. «Ամէն ինչ առինք եւ մեզ խաբեցիք: Ձեզմէ խաբուողներու վերջին մխիթարութիւնը` աղօթելու իրաւունքն ալ խլելը ձեզի մեծ պատիւ չէ: Եթէ առաջքը չառնուի, թող այս դագաղը ձեզ նուէր լինի` առանց կատակի»:
Ազգային մերքին կեանքի մէջ կը տիրապետէր նման բուռն մտայնութիւն մը, որ կարելի է ամփոփել հետեւեալ կերպով.-
«Ո±ւր է մեր Կաթողիկոսը, որ մեր Հայրիկին ենք դարձուցեր: Ո՞ւր են մեր եպիսկոպոսները, վարդապետները, տէրտէրները, որոնց ձեռքը կը համբուրենք: Կռիւ է, պայքար է, թո՛ղ գործի ելլեն: Եթէ իրենք իրենց կալանաւոր կը զգան, թո՛ղ ասկէ առաջ եղածին նման` Աթոռը փոխադրեն ուր կ’ուզեն, միայն թէ թող երթան առանց զիջումի: Եթէ կը սպաննեն, որ մենք մեռնինք եւ ագռաւներու պէս իրենք մեր թաղումի գան, կը սխալին: Առանց իրենց թաղումին` հայութեան մեռնել չկայ: Եթէ կը սպասեն հարսնիքի ճաշը բանալուն, որ գլուխը անցնին, կը սխալին. այդ ժամանակ ալ իրենց պատքը չկայ»:
Պայքարը կ’ընդարձակուի, կը հասնի Գիւմրի, ուր «Պատուայի Վաղոն» եւ Թոթով Աւետիքը (Իսահակեանը) Կարսի օրինակով կրակը կը փչեն եւ բոց կը դարձնեն եւ ծուխը կը հասնի Թիֆլիս քաղաքը: Մեծանուն, դիրք ունեցող մարդիկ կու գան ըսելու.-
-Ծօ, գժուե՞լ էք, ռուսի դրօշակի բերդէն վար կ’առնէք, սուգի դրօշակ կը կախէք, սատկած շան գլխուն ռուսի վեղարը կը հագցնէք, պետութեան հաւատարիմները մէկ մէկ կը սպաննէք: Բա որ հրաման լինի այդ բերդին զօրքին մեզ մեծով պզտիկով օրէն անցկացրել, ձեր վիճակը ի՞նչ կը լինի:
Կարսն ու Գիւմրին կը պատասխանեն.-
-Ալ բաւ է խաղան մեր հոգուն հետ: Մենք կոյրեր չենք եւ ամէն օր կը տեսնենք, որ երկու կորպուս զօրք, 1000է աւելի թնդանօթ ուղղուած են մեր վրայ: Մեր վերջը, գիտենք, որ անպատիւ պիտի ապրինք: Եթէ դուք հայ էք, գնացէք Թիֆլիս ու Պետերբուրգ եւ այդ ամէնը տեղն ու տեղը այնտեղ հասկցուցէք: Այստեղ խօսելիք չունիք:
Յայտնի է, որ ողջ հայութիւնը ասկէ ետք ոտքի կանգնեցաւ, Էջմիածինն ալ յետնապահ դարձաւ եւ, վերջ ի վերջոյ զիջումը եղաւ Ռուսիոյ կողմէ եւ եկեղեցական իրաւունքները վերականգնուեցան, որոշ սահմանափակումներով:
Կէս յաղթութեան, հարսանիքի օրեր էին: Կարսի ու Ալեքսանդրապոլի Կեդր. Կոմիտէները եւ անոնց գործիչները` Սերգէյը, Նիկոլը (Աղբալեան), Վաղոն, Աւոն (Իսահակեան), Յակոբ (Չիլինգարեան) եւ մանաւանդ այն կաթոլիկ հայը, որուն անունն իսկ յանցաւորաբար կը շփոթեմ (Քէօսէեա՞նը), կը բացակաէին ուրախութեան սեղաններէն: Մինչդեռ անոնք էին, որ ծռութիւնը սկսեցին եւ հայութիւնը մէկտեղ բերին. անոնք էին, որ ռուսական թնդանօթներն ու զօրքերը արհամարհեցին եւ այդ օրուան հարսանեկան օրերը բերին:
Հարիսայի գլուխը նստած էր Խրիմեան Հայրիկ: Ըստ աստիճանի, կուսակրօններ կարգով էին եւ ամէն նահանգէ որ գաւառէ հրաւիրեալ հիւրերը եկած էին` դգալները պատրաստ: Շատերը անոնցմէ քանի մը օր առաջ միայն, հրապարակէն քաշուած, կ’ ըսէին.
-Աս ի՞նչ փորձանք էր մեր գլխին բերին այս գիժերը: Այդպիսիք այժմս երջանիկ կը ժպտէին եւ ամենէն շատախօսները ֆարջած էին.
-Այսպէս արեցի, այնպէս արեցի. թէ գուբերնատորի (նահանգապետի) երեսին չգոռայի, Աստուած վկայ, գործ գլոխ պիտի չի գար....
Այդ նոյն ոճով կը խօսէին Էջմիածնի եպիսկոպոսները:
- Մեր միաբանութեան, ժողովրդի միակամութիւնը, բարեխնամ կառավարութեան իմաստութիւնը....
Իսկ Սուքիաս եպիսկոպոս, ճերմակ մօրուքը կուրծքին, բերանը ջուր առած, պիշ պիշ կը լսէր եւ լուռ կը նայէր: Հայոց Հայրիկն էչ խօսողը. ան սովորական սնափառ մարդ չէր, գիտէր` ի՞նչ կը կ’ըսէր.
-Էյ, ըշտը մեր ազգ տարօրօնակ եւ հաւատարիմ ազգ է: Սուքիաս արքեպիսկոպոս կը լռէ, բայց ան ներողութեան մէջ ինկաւ, այդ տարիքին յոգնեացաւ: Ձիեր կառքէն քանդած էր մեր զարմանալի ժողովուրդ եւ ինք լծուած. Երեւանէն մինչ այստեղ ոտքով եկան հազար հազարով: Էհ, աս ալ կ’ըլլի, ես ալ այդպէս գնացի մինչեւ Ալեքսանդրապոլ: Գոհանամք Աստուծոյ, շատմարդ չսպաննուեց: Անոնք մեզի հետ չեն, ոչ ալ անոնք, որ բացակայ են: Ինչ ալ որ լինին, անոնք իմ հարազատ զաւակներն են: Մի հոգոց ըսինք:
Բացականերէն ոմանք սպաննուած էին: Հոգոցը լսեցին եւ հանգիստ քնացան: Ոմանք ճամբորդութեան մէջ էին շքախմբով, շողշողուն կոզակի սրերը անոնց պահապան: Սիբիրի անկիւններուն մէջ փտեցան: Անոնց մէջն էր ե՛ւ այն կաթոլլիկը: Իսկ մեծ մասը ասկիներ ծախսեց, կեղծ անցագիր չարեց եւ նոր աշխարհ եկախի նման իր կեանքը շարունակեց:

***

Այդ օրերուն, Շուշիէն եկած էր կարճլիկ ջղուտ Իշխանը, որ Սերգէյի աշակերտն էր: Իշխանը, իրեն համար հեղինակութիւն եղող Սերգէյի ձեռնարկներուն ոյժ կու տար կէս կամովին, կէս թասիբի համար:
-Սերգէ՛յ, ամէն բան որ վերջացաւ, քեզ մի բան ասեմ: Աւելորդ րէ որ ասում են, թէ «սար ու ձոր` տէրտէրի փոր»: Արժէ՞ր արդեօք որ մեր բուն գործը թողած` այդ տէրտէրների գործի մէջ ընկնէինք:
Սերգէյը զարմացաւ Իշխանի տարակուսանքի վրայ: Իշխանը սկսաւ բացատրութիւններ տալ, ինչ որ հետաքրքրական է իր ապագայի վարքագիծի հասկնալու համար:
-Պայքարը վերջացած է համարում մեր յաջողութեամբ: Բայց ես վերջացած չեմ համարում: Այսպէս եմ մտածում, որովհետեւ պայքարի տաք ժամանակ իսկ, գուցէ նկատելով իմ ոգեւորութեան պակասը, մի վարդապետ եւ մի տէրտէր ինձ հարցնում էին. «Եթէ չյաջողինք կալուածները յետ առնել, ի՞նչպէս պիտի պահուին մեր հիմնարկները, ի՞նչպէս ապահովուի մեր կեանքը: Ճի՞շդ է արդեօք, որ կառավարութիւնը, կալուածները գրաւելէ յետոյ, որոշում ունի բոլոր հայ հիմնարկները իր հաշուին պահել եւ բոլոր հայ հոգեւորականներին, ըստ իրենց աստիճանի, ռոճիկ կապել, կաթողիկոսին` փոխարքայի չափ, եպիսկոպոսին` նահանգապետի չափ, իսկ քահանային` պրիստաւի չափ»: Տեսնէիր, թէ ինչպէ՞ս այդ հարցումների թիկունքում նրանք գոհունակութիւն եւ երջանկութիւն էին զգում...
Այդ ժամանակ Բզնունին, պետական գլխարկը գլխուն, եւ Նորհատեանը:

Շար .35





«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝