Յայտարարութիւն

Wednesday, February 10, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 37 - Ռուբէն

Աշուղ Ֆարհատի հնարած երգերը եւ եղանակները մագնիսացուցած էին մեր ժողովրդական զանգուածները: «Ոսկեզօծ բաշլիկներով»ը, «Լուսին չկար»ը, «Կռուեցէք տղերք»ը եւ նման երգերը, որոնք կ’երգուին մինչեւ այսօր, բայց յօրանջելով, այն օրերուն դէպի պատերազմ կը մղէին ժողովրդային զանգուածները: Եւ ամէն կողմէ ինքնաբերաբար կռուի թեկնածուներ կ’ուղղուէին դէպի Երկիր, զոր իբրեւ այդպիսին, կը համարէին թրքաց ձեռքը գտնուող Հայաստանը:

Թեկնածուները շատ էին: Կարելի էր բանակներ կազմել: Բայց ո՛չ քաղաքական, ոչ ալ նիւթական հնարաւորութիւնները թոյլատու էին այդ ընելու: Կ’ընտրուէին միայն փորձուածները, զինուորական արուեստի ծանօթները ուսում առածները, ընտիրները եւ կը ճամբուէին սահմանին մօտիկ վայրերը` Բասէն, Թախթ: Անոնց մէջն էր Շուշեցի Իշխանը (Նիկոլ), որ թէեւ կարճլիկ ու նիհար, բայց դիմացկուն եւ առողջ երիտասարդ մըն էր: Ան մտած էր Նեւրուզի հետեւակ հարիւրեակին մէջ, իբրեւ պարզ զինուոր:

Ընդհանրացած եւ սխալ համոզում մը կայացած է Նեւրուզի հետեւակ եւ Խանի հեծեալ խումբերու նպատակներու մասին: Անոնք կազմուած չէին սահմանային արշաւանքներու կամ ցուցական վրիժառու նպատակներու համար, ինչպէս Խանասորինը կամ հետագային Քոռուն Մոսունի արշաւախումբերը: Նեւրուզի եւ Խանի երկու միացած խումբերու նպատակները ճշդորոշուած էին հետեւեալ կերպով.-
ա) Պարենաւորել երկու խումբերը առատ պաշարով (անոնց միացեալ թիւը կը հասնէր 150ի) եւ այդ պաշարը հասցնել Սասուն` անոր պէտքերուն համար:
բ) Խումբերը լեցնել անձերով, որոնք Երկիր իյնալով` կարող են դառնալ տեղական զինուորական ղեկավարներ, իսկ մնացածները ետ վերադարձնել, եթէ ատոնք մաիյն զէնք բռնողներ էին:
Լրիւ պատարաստուած խումբերը ճամբայ կ’ելլեն, կարծեմ առանց ճշդուած լինելու, թէ ի՛նչ պիտի ընեն, եթէ շուրջ 250 քիլոմեթր կտրելիք ճամբան բնռուած լինի թշնամիէն: Մնա՞լ եւ մինչեւ վերջ կռուի՞լ, թէ՞ յետ նահանջել: Այդ թողնուած է Նեւրուզի եւ Խանի որոշման:

Այս ձեռնարկը Հ.Յ.Դաշնակցութեան առաջին եւ վերջին ամենախոշոր ձեռնարկը եղաւ` Երկրին շօշափելի ոյժ հասցնելու դիտումով: Անկէ առաջ, 1890 թուականներէն սկսած, բազմաթիւ մանր զինատար խումբեր, 5 -10 հոգինոց, անցած էին Երկիր: Անոնք ռուսական Հայաստանէն ուղղակի Ալաշկերտի կամ Բասէնի վրայով կ’երթային Տարօն, Սասուն կամ Ախլաթ: Այդ մանր խումբերը 200 – 300 քիլոմեթր երկարութեամբ վտանգաւոր ճամբաներու վրայ յաճախ կը նկատուէին զօրքերու եւ աւելի քիւրտ ցեղերու կողմէ, կռուի մէջ կը սպառէին, ոմանք կը բնաջնջուէին, ինչպէս Արաբոյի խումբը, իսկ ոմանք ալ, որ ապահով տեղ կը հասնէին, այնքան նուազցուցած կը լինէին իրենց տարած ռազմանիւթերը, որ առակի համաձայն` Երկրի պէտքերուն համար «աչքի սուրմայի իսկ չէր բաւեր»:

Այս անպատեհութեանց առաջքն առնելու համար, քանիցս ձեռնարկուած էր 30-50 հոգինոց խումբեր ճամբել: Ասոնց առաւելութիւնն այն էր, որ ճանապարհի քիւրտերը պիտի չհամարձակէին կտրել առաջները առանց զօրքի աջակցութեան, եւ այդ խումբերը կրնային հասցնել շօշափելի քանակութեամբ ռազմանիւթ: Բայց այդ խումբերու թերութիւնն այն էր, որ անխուսափելիօրէն կը նկատուէին սահմանապահներու, հովիւներու, քիւրտ ցեղերու կողմէ` որոնք կը հետեւէին անոնց եւ զօրքին լուր կու տային: Եւ անհաւասար կռիւը անխուսափելի կը դառնար:
Այս կռիւներէն ամենէն դժուարինը, ամենէն երկարը, ամենէն արիւնալի եւ փայլունը պէտք է համարել Ճարտարի տարած կռիւը, որ յայտնի է Խաթաւին, Ջրաղացի եւ այլ անուններով եւ զոր մինչեւ այսօր կ’երգեն հայերը եւ քիւրտերը «Առաքել, Մուշեղ», «Խաթաւին», «Թոռունէ, վայ Լըմընէ» եւ այլ անուններով:

Շուրջ 200 քիլոմեթր ճանապարհը, Ալաշկերտէն մինչեւ Նեմրութ, ցերեկը կռուելով, երեկոյեան ճանապարհը պատռելով իրենց առաջը բռնող թշնամիներէն, գիշերը կռուով առաջանալով ցերեկը նստելով եւ ամբեղջ օրը կռուելով, իսկ Խաթաւինի մէջ, հրդեհած խանձերու մէջ իյնալով` վեցերորդ օրը խումբի մնացորդը կը հասնի Նեմրութ, սպառած իր բերած ամբողջ ռազմանիւթը եւ կորցուցած իր անդամներուն մեծ մասը:

Եթէ հերոսական էին այդ խումբին կռիւները, բայց նպատակին չէին հասած: Նման մեծ խումբերէն բացառութիւն կազմած էր Թումանի հեծեալ խումբը, որ ողջ եւ առողջ ու ամբողջ պաշարով հասած էր Սասուն:

Շար . 37



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝