Յայտարարութիւն

Thursday, February 11, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 38 - Ռուբէն

Նեւրուզի եւ Խանի 150նոց զինատար խումբերուն նպատակը նոյնն էր, ինչ որ Թումանի եւ Ճարատինը, միայն աւելի կատարելագործուած, եւ քանակով 5 անգամ աւելի: Բայց անոնց վիճակուած էր աւելի դառն ճակատագիր, քան Խաթաւինի հերոսներուն:

Անշուշտ, ռուսերէն աննկատ չէր կրնար մնալ սահմաներուն վրայ ասպիսի մեծ խումբի մը պատրաստութիւնը եւ շարժումները: Ռուս իշխանաւորները գոնէ ենթադրութիւններ պիտի ընէին: Աննկատ պիտի չմնար ե՛ւ թուրքերուն կողմէ, որոնք իրենց լրտեսները միշտ ունեցած են սահմանամերձ վայրերու մէջ: Ատկէ զատ, այդ թուականներուն ռուս-թուրք բարեկամութիւնը սերտ էր եւ երկուսի հակակրութիւնն ալ ընբոստհայերու հանդէպ ընդհանուր էր. անոնք կրնյին իրենց գիտցածները իրարու փոխանցել: Եթէ ասոնք ենթադրութիւններ են, ենթադրութիւն չէր այն որ ռուսական ոյժերը ուժեղացուած էին սահմանի վրայ, իսկ թրքական ոյժերը Էրզրումէն առաջ էին քաշուած ու համախմբուած Հասան Ղալա, Քէօփրիւ Քէօյ եւ շրջակաները, ինչ որ յետին թուով ստուգուեցաւ:
Նեւրուզի եւ Խանի խումբերը առանց միջադէպի կ’անցնի ռուս-թրքական սահմանը, անարգել կը հասնին Տալի Պասա, Գոմաձոր, Իւզվերան եռանկիւն, սահմանէն շուրջ 20 քիլոմեթր խորութեամբ: Ու կը սկսի կռիւը առաւօտէն սկսած: Այս կռուին մասնակցողը սահմանապահ զօրքն էր, խուժանը չէր. խուժանը հանդիսատես էր միայն: Կանոնաւոր զօրքը մէկ կողմէն, իսկ միւս կողմէն` 150 մարդոցմէ բաղկացած հայդուկներու երկու խումբերը: Մէկ կողմէն` թիւ եւ եւրեք զէնքեր (կը կարծուի` 8 թապուր, 4 թնդանօթ եւ 300 սուր), իսկ միւս կողմէն` վճռականութիւն` սուղ գնով մեռնիլ կամ նպատակին հասնիլ:
Թշնամին հաշուով, յամառօրէն եւ ծրագրուած` իր կրակը կը վատնէ եւ նեղը կը ձգէ ֆետայիները, որոնք իրենց պաղարիւնը կը պահեն, գետնին յարմարած` կը դիմդարեն եւ թշնամիին յարձակումները կը կասեցնեն:
Արեւը կէս օրը կոտր է: Թուրք զօրքը բարկեցէր է, կը շտապէ եւ 200ի շուրջ ձիաւոր կը նետէ սրընթաց` գետնի խոռչերէն հանելու համար այդ «ջան-բեզար»ները: Անոնք կը հասնին մեր հայդուկներուն դիրքերը, բայց չեն յաջողիր զանոնք տեղէն շարժել: Կրակը` կրակին, սուինը` սուինին, եւ ահա բլուրի տակէն Խանի ձիաւորները մէջտեղ կը խառնուին ու «սիարա» թուրք զօրքը դէպի իւրայիները կը սլանայ` գնդակէն արաք: Հայ ձիաւորները խոհեմաբար կը քածուին իրենց տեղերը:

Կարկուտէն բռնուած պարտէզ էին դարձած մեր տղաներու դիրքրեը: Ձին եւ մարդը, թշնամին ու բարեկամը լխկած տանձերու նաման գետին էին թափուած, իրարու խառնուած: Ոմանք անձայն ապակեայ աչքերով երկինք կը դիտէին, ոմանք իրենց արիւնը կը թափէին գետին եւ կը նուային ու կ’աղաչէին. «Աստուծոյ սիրոյն, մի կաթիլ ջո՜ւր, ջո՜ւր»...:
Մէկ ժամ չանցած, նոր փորձանք մը: 4 թնդանօթներ կը գոռան եւ գետինը կը հերկեն Նեւրուրզի բռնած դիրքերու շուրջ: Ջաւախքցի Շէկ Համոն, որ ռուս բանակի մէջ երեք թել էր վաստկած եւ այժմս խումբի աչքը անոր վրան էր, կը դիտէ շարժումները կ’ըսէ.
- Տղեք, ձեր ջանն մատաղ, հէչ դարտ չունէք, ոչ մի պատասխան չտաք, կրակը թող դադրի: Ձեզի հետեւեալ աշխատանքը կայ: Որուն դիրքը խորունկ չէ գետնի մէջ, թող ճանկով, սուինով խորացնէ: Որունը խորունկ է, թող գլուխը դուրս չհանի, չշարժի. թէ անօթի է, թող ուտէ. եթէ քնատ է, թող քնի. թէ յոգնած է, թող ծխէ եւ հանգիստ առնէ: Ես` ձեզ պահապան: Երբ սուլոցը փչեմ, այն ժամանակ մեր գործը կը բացուի:
Երկու ժամ թնդանօթները կը գութանեն դիրքերը, վեր կը բարձրացնեն հողը եւ իբր պատանք կը ծածկեն տղաքը: Բայց տղաքը լուռ կը մնան, թէեւ կը շնչեն: Թշնամին իր առջեւ գերեզմանոց կը կարծէ եւ փողեր կւ հնչեցնէ: Թշնամին, երեք խիտ սիւներ կազմած, հրացանը ուսերուն առաջ կը շարժի:

Շար.38



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝