Յայտարարութիւն

Saturday, February 13, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 40 - Ռուբէն

Առարկութիւն չկար թասիպի եկած ֆետայիներու կողմէն: Միայն Շէկ Համոն քթին տակ կը շարունակէր մռլտալ. «Աւերակ ջաղաց, հոգի ջան, օթեւան եղաւ»...
Իրաւացի էր, Նեւրուզը եթէ դառնար յետ, գիտէր թէ անոր ինչ կը սպասէր` կնկան լաչիկներ հասկացողներու եւ մանաւանդ չհասկացողներու կողմէ: Ան չէր կրնար յետ դառնալ: Իսկ միւս կողմէ` ան կ’անգիտանար որ մարդու մարմինը իր սահմանն ունի դիմացկութեան, որ դեռ ճամբու սկիզբն էր եւ որ իր առջեւ դեռ 250 քմ. ճամբայ կար: Հետեւաբար, անընդհատ կռուելով` անհնար բան էր պատռել թշնամիին գիծը, մանաւանդ որ թշնամին թիւով առատ էր եւ իրենց հետքը բռնած ըլլալով, ամէն վայրկեան իրենց վրայ պիտի գար թարմ ուժերով:
Գուցէ Խանը կրնար իր ձիւաւորներով իր հետքը կորսնցնել թշնամիէն, բայց ան ալ կաշկանդուած էր հետեւակով, զոր լքելու իրաւունքը չունէր:
Խումբը, բաժնուած մասերու, երբ մութը կ’իյնայ, լռիկ մնջիկ առաջ կը քալէ: Չկար Մենակը եւ անոր հետ եղած ճամբու առաջնորդերէն փորձառուներ. նախորդ օրը անոնք սպաննուած էին: Կան առաջնորդներ, որոնք թէեւ զիրենք ամենագէտ կը համարեն, բայց իրեք իրենց կորսնցուցած են: Ճամբան կը դառնան, աջ կ’ոլորեն, երկու անգամ Արաքսի պաղ ջուրը կ’անցկացնեն, եւ լուսոյ դէմ միայն կը հասկնան որ նոյն, երէկուան տեղերու վրայ մնացեր են: Ներուզի հետեւակնեը թրջուած, յոգնած, քնատ, Խանի հետ պայմանաւորուած վայրէն շատ ու շատ հեռու էին:
Խանը իր հեծելակով վաղուց հասած` հեռադիտակը աչքին, կը սպասէր հետեւակին:
- Ահա երեւացին մեր տղաքը, - ուրախացած կը բացականչէ:
Բայց մէկ վայրկեան ետք, երբ արշալոյսին մէջ կը նկատէ, որ լեռները մարդկանց բազմութեամբ բռնուած են, կը հասկնայ որ ասոնք Նեւրուզի տղաքը չեն, այլ զինուորներ են, որ զիրենք պաշարած են:
- Տղաք, ձիերը պատրաստ, - կը կանչէ, բայց կը դիտէ զօրքը եւ տեղէն չի շարժիր:
Ան կրնար հեռանալ, կռուէն խուսափիլ եւ խումբի մեծ մասը գոնէ փրկել, ազատել: Հետեւակ զօրքը իրմէ 10 անգամ աւելի դանդաղ, ինչպէ՞ս պիտի կարողանար պաշաել նահանջող հեծելազօրը:
- Եթէ այն հեծելազօրքն է, - կ’ըսէ, - որ երէկ տեսանք, ան այսօր ոչ մէկ վնաս կրնայ հասցնել, մանաւանդ որ այսօր Տալի Պապայի լեռներու մէջ ենք:
Իրօք որ անոր հարաւը Կալիազի լեռներն էին, ուրկէ 10 ժամէն կրնար իջեցնել մինչեւ Խնուսի Հարամիկը: Ճանապարհը իր առջեւ բաց էր: Իր Խնուսցի ձիաւորները այդ հեռանկարով արբեցած էին: Իր թիկունքը Տահարի թամքն էր, ուրկէ կ’երթան Ալաշկերտ. ձիերու համար մէկ մանզիլ ճամբայ: Իր հիւսիսը` ռուս-թրքական սահմանն էր, հազիւ երկու ժամ ճամբայ անցնելու համար դէպի Կազզուան, կամ ռուսական բասէն:
Խանի խումբին ազատումը անկասկախծելի էր, եթէ ան այդ ուզէր: Բայց ան արձանացած մնացեր էր. իսկ թշնամի զօրքը կը մօտենար, հաստատ մահ բերելով: Եւ ահա յանկարծ Խանը կը դառնայ իր շուրջը հաւաքուած անհամբեր ընկերներուն եւ կ’ըսէ թրքերէն լեզուով.
- Թող ըսեն, թէ Խանը այնքա՜ն անճարակ էր, որ ձին իր տակը շան սատակ եղաւ կազէ մը: Բայց թող չըսեն թէ իր չոր գլուխը ազատելու համար` ան ընկերները թողեց, հեռացաւ: Ձիերը քաշեցէ՛ք եւ իրարու կապեցէք: Մենք այս տեղէն հեռացող չենք:

Ըստ երեւոյթին, թուրք զօրքը նախորդ օրուան տաք կռուէն ետք, որոշած էր հեռուէն պաշարուած պահել մերոնց խումբերը: Նկատած էր Խանի խումբը եւ կարծած, թէ այդ ամբողջ է: Մինչդեռ Նեւրուզի խումբը, անաղմուկ լինելով եւ իր ճանապարհը կորսնցուցած` աննկատ էր մնացած մինչեւ ժամը 11, կէսօրէ առաջ:
Ան որ ամբողջ գիշեր մը անընդհատ լեռ եւ ձոր ինկած է, յետոյ ամբողջ օրը կռիւ տուած, յետոյ կրկին ճամբան շարունակած` շատ լաւ գիտէ, թէ մահն իսկ ոչինչ է այլեւս: Միակ նպատակը` քնելն է, որ կու գայ տիրաբար:
Ահա այս գրութեան մէջ էին Նեւրուզի զինուորները, երբ հրաման կու գայ նստելու: Այդ համազօր էր քնելուն, որ հզօր էր ինչպէս մահը:

Շար.40


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝