Յայտարարութիւն

Sunday, February 14, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 41 - Ռուբէն

- Ո՞վ կրնայ խօսք տալ, որ առանց քնելու պահակ կը դառնայ, - կը հարցնեն տասնապետները:
Ոմանք արդէն քնած են, ոմանք կը լսեն, բայց հարցումն ըմբռնելու կարողութիւն չունին: Միայն 9 հոգի կը պատասխանեն: Ատոնց մէջն էր ե՛ւ փոքրիկ Նիկոլը, ապագայ Իշխանը:
Այս 9 հոգին, վրան աւելցած Շէկ Համոն իբր ղեկավար, պատուէր կ’առնեն ղեկավարէն. - Երեքը միայն պիտի չքնեն մէկ ժամ եւ իւրաքանչիւր մէկ ժամէն յետոյ միւս երեքը պիտի փոխարինեն: Պիտի չկանգնին, պիտի չքալեն, բարձր պիտի չխօսին: Պէտք է նային, որ բոլորը քնած մնան եւ աղմուկ չհանեն: Իւրաքանչիւր ժամին իրեն պէտք է արթնցնեն եւ, զեկուցում տալէ ետք, իրենց հերթը փոխեն:

Լուսաբացին առաջին ժամուն, առաջին պահակները կ’արթնցնեն Շէկ Համոն եւ կ’ըսեն.
- Մեր մօտիկնեը ո՛չ ձայն լսեցինք եւ ոչ շարժում տեսանք: Միայն այն հեռու լերան լանջի կողերուն, զօրքը, կը թուայ կ’անցնի շարունակ:
Շէկ Համոն աչքերը կը տրորէ, քիչ մը կը մտածէ ու կ’ըսէ.
- Այն կողմով մեր վրայ չեն գայ, ուրիշ տեղ կ’երթան: Դուք փոխուեցէք եւ քնեցէք:
Ու ինքն ալ կը քնանայ:
Մէկ ժամ յետոյ, երբ արեւը արդէն տաքցած էր, երկրորդ պահակները կ’արթնցնեն Շէկ Համոն ու կ’ըսեն.
- Մօտիկները ո՛չ ձայն լսեցինք, ոչ շարժում տեսանք: Միայն այն հեռուներէն զօրքը անվերջ կ’երթայ ու կ’երթայ: Չենք գիտեր, թէ ու՞ր կ’երթայ:
Շէկ Համոն աչքերը կը ճմռէ եւ կ’ըսէ.
- Բարի է: Ուր կ’ուզէ, թո՛ղ երթայ: Փոխուեցէք եւ քնեցէք:
Եւ ինք ալ կը քնանայ:
Երրորդ ժամուն նոյն զեկուցումը կը լսէ Շէկ Համոն, բայց մէկ յաւելումով.
- Կարծես թէ հեռուն, գետնի տակէն, կռուի ձայնե կու գան, զալբ զալբի (համազարկ համազարկի) վրայ:
Շէկ Համոն աչքերը կը ճմռէ ու կ’ըսէ.
- Գետնի տակ կռիւն ի՞նչ գործ ունի: Յոգնած էք, ականջներնիդ գժացել է: Փոխուեցէք, քնացէք եւ, երբ պահակները այդ ղժժոցը լսեն, թո՛ղ ինձ արթնցնեն:
Չորրորդ ժամը չլրացած, փոքրիկ Նիկոլը կ’արթնցնէ Շէկ Համոն.
- Ե՛լ, ե՛լ ղժժոցը լսիր: Ականջդ ժայռին դէմ տուր:
Շէկ Համոն աչքերը կը ճմռէ, կը յօրանջէ, ականջները կը լարէ, բայց բան չի լսեր: Դէմ կու տայ ականջները ժայռին եւ դըմ, դըմ ու ինքնաեռի զժժոցը կը լսէ:
- Էլ ի՞նչ տեսաք, - կը հարցնէ:
- Էն դիմացի քարերու մէջէն 6 ձիաւոր եկան, մեր կողմը նայեցի եւ, երկու մասի բածնուած, երկու ուղղութեամբ ձիերը քշեցին ու անյայտացան:
- Էհ, մեզ տեսա՞ն, - կը հարցնէ Շէկ Համոն:
- Եթէ դիտակը աչքերուն կոյր չէին, անպայաման տեսան, - կը պատասխանէ Նիկոլը:
- Տեսան, տեսան: Այսօր պարապ չենք մնար: Այլեւս չքնիք, - եւ մտահոգութեամբ տեղէն վեր կը կենայ: Երկու սիկար մը վառէ եւ կ’արթնցնէ Նեւրուզը:
- Ելի՛ր, սիկար մը քաշիր: Օրը կէսօր է եղած:
Եւ երբ Նեւրուզը իր սիկարը կը վառէ, Շէկ Համոն իր զեկոյցը կու տայ:
- Խանը, չեմ գիտեր ո՞ւր, կռուի մէջ է: Մենք տեսնուած ենք եւ շուտով մեր վրայ կռիւ է: Արթնցնե±մ խումբը:
Կէսօրէ առաջ Նեւրուզի խումբի վրայ երկրորդ աւուր կռիւն էր: Իսկ առաւօտ ծէգին` Խանի կամաւորապէս հետեւակ դարձած ձիաւոր խումբին վրայ:
¢¢¢


Ի՞նչ դրուագներ անցան այդ երկրորդ օրը, ոչ ոք հաստատապէս կրնայ ըսել: Այդ օրուան եւ գուցէ անոր յաջորդող օրուան մասնակի կռուի ընթացքին բոլոր ղեկավարները սպաննուած են: Ընդհանուր դրութեան մասին գաղափար ունենալը ենթադրութիւն է: Չորս թէ հինգ հոգի գերի ինկած էին վիրաւոր վիճակի մէջ: Բայց անոնք առաջին օրուան կռիւէն ետք գերի բռնուած էին: Անոնց վէրքերը բուժուելէն ետք, ողջ մնացողները տարուած էին Էրզրումի բանտը: Չորս հոգի էին` Ջաւախեցի Նիկոլը, Գանձակեցի Մելքոնը, Ղարաբաղցի Գերասիմը եւ Ախալցխացի Ուսուլ Խեչոն: Ատոնցմէ մէկը` Նիկոլը, հետագային կամաւորական բանակին մասնակցեցաւ: Ասոնք իրենց խումբերու վախճանի մասին մեզի չափ անտեղեակ էին:
Երկրորդ օրուան կռիւներուն մսին ազատուածները սահմանափակ տեղեկութիւններ կու տային եւ ակնարկներ կ’ընէին միայն երրորդ աւուր հոգեվարքի պայքարի մասին: Ինքզինքնին ռուսական սահմանի այն կողմը ձգած էին: Ատոնց թիւն ալ սահմանափակ էր, հազիւ 10-12 հոգի բոլորն ալ Նեւրուզի հետեւակէն եւ ոչ մէկը, կարծեմ Խանի հեծեալներէն:

Շար.41


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝