Յայտարարութիւն

Monday, February 15, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 42 - Ռուբէն

Այս մօտ տասնեակ մը ազատուածները ոչ վախկոտներ էին, ոչ իրենց ղեկավարներն ու խումբը լքողներ եւ ոչ ալ իրնեց գլուխները ազատողներ: Իրենց ղեկավարները սպաննուած էին, խումբը ջարդուած էր, իրենք առանց հրամանի էին մնացած, եւ, բախտի բերումով, վիրաւոր կամ ողջ մնալով, առանձին առանձին, առանց իրարմէ լուր ունենալու,«քէօր քէօրընային», ինկած էին ռուսական սահմանին վրայ:
Անոնք միաբերան էին մէկ բանի մէջ` թէեւ իրարմէ անջատման լուր չունէին.
- Մենք, կ’ըսէին, անտեղեակ էինք թէ ճիշդ ուր կը գտնուէինք: Վերեւը` հեռուն կռիւ կար Խանի վրայ, ներքեւը` կռիւ կար մեր խումբի վրայ: Մեզի սաստիկ հրաման եղաւ մեր բռնած տեղը հաստատուն նստիլ, մեր բռնած հողը, քարը, բնաւ բաց չթողնել, մինչեւ որ մէկը 10 չգլորէ, եւ գիշերը միայն նոր հրամանի սպասէ: Գիշերը եղաւ, բոլորը սպաննուած էին: Ես ինձ մենակ գտայ, մի ուղղութիւն բռնեցի եւ այստեղ դուրս եկայ:
Անոնք շուտով ապացուցին, որ իրենց ըսածները ճիշդ էին: Այդ 10-12 հոգիներէն Տարօմեցի Մինասը ճանչցայ քանի մը ամիս յետոյ իր ազատումէն: Ան մէկ բաղձանք ունէր` գնալ երկիր եւ ընկերներուն վրէժը առնել: Ճանչցայ նաեւ Էրզրումի շրջանէ Միքայէլը (կարծեմ) եւ Գարեգինը, որ Սեդոյի կտակը անկատար թողած` կ’ուզէր նորէն կռուի մէջ մտնել: Նոյնը ե՛ւ Առուատինջի Վարդանը:
Այս ծանօթներէս Մինասը մտաւ 1904ին Գայլ Վահանի խմբին մէջ եւ սպաննուեցաւ Քոռուն ու Մոսունի կռիւներուն: Գարեգինը եւ Միքայէլը մտան թումանի երկրորդ խմբի մէջ եւ սպաննուեցան ռուսներուն կողմէ: Վարդանը զինուորագրուեցաւ Կայծակ Վաղարշակի հեծեալ գնդի մէջ ու, թէեւ Զիւնին կռուէն միակ ողջ ազատողն եղաւ, բայց մեռաւ ուրիշ կռիւի մը մէջ: Վստահ եմ, որ միւս ազատուողներն ալ նոյն արիւնալից ուղիով գնացին:
Այս յիշեցումները ապացոյց են երկու բանի, որ պէտք չէ մոռնալ: Նախ` որ նահատակուելու ուխտը աւելի հզօր է քան վախը մահուընէն կամ սէրը կեանքի: Նեւրուզի եւ Խանի խմբերը այդ ուխտն ունէին եւ ատոր համար ամէնքն ալ նահատակուեցան: Երկրորդ` որ սխալ է այն կարծիքը, թէ մահը եւ կռուի դառնութիւնը ճաշակողը այլեւս չ’ուզեր անոնց հանդիպիլ: Ընդհակառակը, կռուի եւ մահուան համի տեսնողը, նորէն ու նորէն կ’ուզէ այդ ճաշակել, եթէ անոր մէջ չէ մեռած իր ուխտը:
Եւ ատոր համաև է, որ Խանի եւ Նեւրուզի խմբերէն ե՛ւ ոչ մէկը կայ ողջ. ամէնքն ալ ինկած են կռուի մէջ:
Բացառիկ ազատուողներէն եւ յետոյ նահատակուածներէն էր Շուշեցի Նիկոլը` Սերգէյի աշակերտ-ընկերը, Լեռնապարի Իշխանը: Ահա թէ ի՛նչ կը պատմէր Մխչոնց Մարգարը, որ գնացած էր սահմանագլուխ, լուրեր առնելու եւ խմբի մնացորդը հաւաքելու համար.-
- Ես Սթահան էի: Յուսահատ` առաւօտուն Կարս կ’ուզէի դառնալ: Արշալոյսը չբացուած, զիս արթնցուցին: Ըսին թէ թուրք մը, ռուս մը կամ հայ մը գերի են բռնած գիւղի մօտերքը: Ինքն ալ ձիաւոր է: Ըսի, .- «Բերէք, մէկ աշեմ» (տեսնեմ): Կ’աշեմ, կ’աշեմ, ճանաչել չեմ կրնայ կը: Ինքը կ’աշէ ինծի եւ անունս կու տայ կը: Ես ի±նչ գիտնամ, որ թուրքի լամուկ չէ: Գլխուն իւղոտած թուրքի ֆէս, հագին արիւնոտ ասկարի պինջակ, չամշախաթունի պէս հագած, ինքը քնձռոտ, հէչ նման չէր մեր աժդահար տղոց: Տակն ալ իրեն անյարմար հրեղէն քայլանի ձի մը: Արի՛ եւ մի կասկածիք, թէ լրտես կամ յալ ազգի չէ:
- Ծօ, շիտակն ըսէ, դու վո±վ ես, վերտեղէն կու գաս, կը,- հարցուցի:
- Իմ ով լինելս Սեգէյն գիտէ: Թէ ողջ է` անոր հարցուր,- պատասխանեց: Ես Նեւրուզի խմբի մէջն էի: Երկու օրուան կռիւէն ետք, երբ այլեւս իմ իմ շուրջ ողջ մնացող չկար, գիշերը եա բախտ, մի ճամբայ բռնեցւ եւ ահա այստեղ եմ:
Կ’ուզէր կարճ կապել, ես հարցուցի.
- Իանս, շնորհքով պատմէ, ո±վ ողջ է, ո±րը սպաննուած, թշնամուց որքա±ն է սպաննուած, այդ ձին որո±ւնն, այդ քու ասկարի հագուստը ո±րտեղէն է: Խօսի՛ր, ջանս:

Շար.42
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝