Յայտարարութիւն

Thursday, February 18, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 44 - Ռուբէն

Նիկոլ իր ազատումէն յետոյ առողջ էր մարմնով, բայց հոգիով հիւնադ էր: Մէկ երկու շաբաթ կը քնէր շարունակ, կ’ուտէր եւ կը քնէր, առաստաղին կը նայէր սեւեռուն եւ կ’ուզէր մենակ մնալ ու բնաւ չխօսիլ, թէկուզ Սերգէյը լինէր իրեն հետ խօսողը:
Իշխանի հոգեկան տառապանքներուն պատճառը միայն կռուի ծանր տպաւորութիւնները, իր ընկերներու բնաջնջումը եւ թշնամիներու դիակներու տեսքը եւ այլ զգացական ազդեցութիւնները չէին: Անոր հոգին խորտակուած էր եւ ան իր հաւատը կորսնցուցած էր եղած գործելակերպի նկատմամբ: Իր լռութեան մէջ ան ելքեր կ’որոնէր նպատակը հետապնդելու այլ ճանապարհներով: 15 օր չանցած, Սերգէին ան ըսեր էր.
- Մենք կ’ըսենք ու կ’երթանք, թէ պէտք է նահատակուիլ հայրենիքին համար: Ահա շուրջ 150 հոգի գնացինք եւ մի քանի օրուան մէջ նահատակ եղանք: Բացառութեամբ մի քանիսի, բոլորն ալ ընկան պատուով: Բայց նահատակ լինե±լն է կարեւորը, թէ նպատակին հասնելը:
«Մեր թիւէն եօթ անգամ աւելի խեղճ զինուորների դիակներ կային փռուած մեր շուրջը անխնայ ջարդուած անտառի նման էր: Մարդիկ խուրձերով ընկած էին: Կ’ամաչեմ ըսել թէ մենք ջարդեցինք: Ջարդերու համար մենք ճամբայ չելանք, այլ տեղ հասնելու կամ յաղթելու համար: Ո՛չ մէկը, ոչ միւսը, մենք ալ ջարդուանք: Այս նկատի պէտք է առնել:
«Հարցը միւս կողմէն ալ դիտելու է: Ես չեմ ըսեր, թէ մեր նպատակները պիտի թաղենք կամ թէ անոնց հասնելը անհնարին է: Բայց փորձը ցոյց տուեց, որ գոնէ այս ճանապարհով եւ այն ալ զոռով` մեր ծրագրածները իրագործելը անհնարին է: Կամ բախտի բան է, որի վրայ չի կարելի յենուիլ: Հաշիւ արա՛, որ ճամբու մէկ տասներորդը չկատարած, թշնամին առնուազն մեր վրայ 5.000-10.000 զինուոր գցեց: Այդքան ալ պահեստի ունէր, երեւի: Արդ` զինուած խումբերով Սասուն հասնել չի լինի, իսկ այնտեղէն ալ դուրս գալը հրաշք պիտի լինի: Ես ձեռք քաշեցի զոռով եւ զինուած խմբերով գնալէն: Դուն ալ ձեռք քաշիր եւ մտածիր այլ ձեւով մեր նպատակին հասնելու մասին:
Սերգէյը, ինձ այդ պատմելէն յետոյ ըսաւ.
- Քանի մը օրուան մէջ, հասած մարդ էր դարձել Նիկոլը: Չէի կրնար առարկել, քանի որ ըսածներուն մէջ խուս կար: Չէի կրնար իսկոյն ընդունել, որովհետեւ այդ համազօր էր ամէն ինչ վերաքննելուն: Ըսի միայն թէ կը մտածեմ: Ան ինձ ըսաւ.
- Ես մտածած եմ ինձ համար վերջնականապէս վճռած: Ինձ որ օգնես, վաղն իսկ ինձ ճամբու կը ձգես դէպի Պարսկաստան: Մեր Վարդանի ու Նիկոլի (Դուման) ճանապարհներով ինձ պիտի ձգեմ Երկիր: Խելքս բան կտրեց մի բան անելու այնտեղ, այլեւս դուրս չեմ գայ եւ այնտեղ կը մնամ: Եթէ անհնար է մի բան անելը, դուրս կը գամ եւ ամէն ինչ կը թողնեմ:
Փոքրիկ Նիկլոը այդպէս ալ ըրաւ: Ան գնաց նախ Երեւան եւ այնտեղէն Ալաշկերտի ու Աբաս Գէօլի վրայով անցաւ Վասպուրական, ուր Իշխան անունը առաւ իր վրայ, բայց դարձաւ իսկական իշխան իր կազմակերպած Ռշտունեաց աշխարհին մէջ` յիշեցնելով այդ երկիրներու հին տիրակալները: Ան տարաւ իրեն հետ Վահանը (Փափազեան), որ Կոմս անունը որդեգրեց:

Բասէնի խումբէն վերապրողներու պատմածները Շէկ Համոյի մասին, կը նոյնանային: Ան եղած էր ոչ միայն քաջ, այլեւ գիտակցող իրենց վիճակին եւ սառնասիրտ, ու մահը դիմաւորած էր անվեհեր կերպով:
Անհամաձայն էին վերապրողները կռուի տեւողութեան մասին միայն: Ըստ ոմանց` չորս ցերեկ եւ երեք գիշեր էր տեւած կռիւը: Ուրեմն, մէկ ցերեկ եւ մէկ գիշեր աւելի: Այդ պէտք է բացատրել անով, որ երեք ցերեկ եւ երկու գիշեր խմբերի համախումբ կռիւներէն ետք, մնացորդները անհատապէս շարունակած են պայքարը` անձնատուր չլինելու համար, եւ անոնց փշրանքները ազատուած են միայն սահմանը անցնելով:
Հետագային, Օսմանեան Սահմանադրութենէն յետոյ ստուգուեցաւ թուրքերու պատմածներէն, որ իրօք անխնայ էր եղեր այդ կռիւը: Բասէնի հայ կռուողները մինչեւ մահ կռուած էին եւ իրենցմէ խլած շուրջ 800 զինուոր: «Պետութեանց կռիւ էր, ոչ թէ չեթէներու», կ’ըսէին մասնակցողները:

Շար . 44

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝