Յայտարարութիւն

Monday, February 22, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 45-Ռուբէն

ԳԼՈՒԽ Ե.

Շրջիկութիւն
Բասէնի խումբերու վրէժը,
Հայաստան` քարմա՞ղ թէ ընկոյզ.

1904ի Նոր Տարուան եւ Ծնունդի օրերը պէտք է գիւղական ժողովուրդի մէջ անցկացնէի: Իւրաքանչիւր գիւղի մէջ գոնէ մէկ օր մնալով, անոր ուրախութիւնը պէտք է բաժնէի եւ միաժամանակ պէտք է կատարէի այն բոլոր գործերը որ կը մտնէին շրջիկներու պարտականութեանց մէջ:
Ձմեռը Կարսի եւ շրջակայքի մէջ սաստիկ ցուրտ է: Ինչպէս կ’ըսեն, «որ թքնես գետին, գետին չի հասնի, կը սառի»: Բայց իմ շքախումբը հիանալի էր` Էրզրումցի Գարեգինը եւ Տարօնցի Մինասը, որոնք Բասէնի խումբի ազատուածներէն էին, եւ հին փորձառու Սարոն, որ ծանօթ էր ամէնքին: Եափունջաները ուսերէն կախուած, անոնց ձիերը տակերնին կը խաղային: Գլուխներու փափախները ծածկուած էին վեղարանման բաշլիկներով: Ձիերու միայն ոտքերը կ’երեւային եւ անոնց գլուխը` պինչերէն փչող զոյգ զոյգ գոլորշու ճերմակ շատրուաններով:
Մեր զէնքերը հազիւ կը տեսնուէին բաշլիկի տակէն: Ճերմակ սառոյցի լուլաներ մեր բեխերէն կախուած էին:
Մեր ձեռները թաթնոցներու մէջ, թէեւ թաքնուած էին եափունջի տակ, բայց ձիերու սանձին վրայ մեր մատները կը մրմռային: Այսուհանդերձ, շատ հաճելի էր` ձիուն միացած ճամբայ կտրել սառնամանիքի մէջ: Ծխացող եւ վառուող շարժական վրան մըն է, չորս կողմիդ ձիւնը մեռած սաւան մըն էր:
Գիւղերը մէկ մէկ կ’այցելէինք, տնօրհնէք պտտող տէր տէրներու նման: Ամբողջ գիւղը մեծով պզտիկով մեզ կը շրջապատէր եւ ներս կը հրաւիրէր բաղնիքի պէս տաք տները: Կը զգայինք, որ գիւղացիք մեզի կը նայէին իբրեւ անյոյս կորսուածներու վրայ, որոնք թէեւ գտնուած էին, բայց նորէն կրնային կորսուիլ: Եւ, ինչպէս մայրը զաւկին եւ հայրը իր տղուն, այսպէս ալ անոնք մեզի կը նայէին. իսկ փոքրիկները Գարեգինի չինար բոյի վրայ ուղղակի կը զարմանային:
Ուշադրութեան կեդրոնը Գարեգինը եւ Մինասն էին, որոնք նոր էին յարութիւն առած:
- Ձեր ոտքին մատաղ, մէկ ինծի ըսէ, ադ ինչը՞ղ պատահաւ ադ մենծ կռիւը: Աշխարհը ամէնք իրար փոր անցաւ: Օսմանցին իր դասը առա՞ւ, - կը հարցնէր ծերուկ գիւղացի մը, չիբուխը բերնին:
- Ձեր ոտքը պագնեմ, բարով դուք եկաք. տասը գնացիք եւ մէկ մէկ յետ դարձանք, աս ի՜նչ զուլում էր մեր գլխուն եկաւ,- կ’ըսէր պառաւ կին մը եւ արցունքները կը սրբէր:
Գարեգին եւ Մինասը զզուած կը պատասխանէին.
- Ի՞նչըղ ընէինք, աբլա (մամիկ), մեր բախտը չբերեց, մենք ողջ եկանք ձեզի: Աստուծով մենք ալ անոնց կը միանանք:
- Չէ, չէ, չէ, այդ չէր ըսածս. Աստուած չանէ այդ, դուք ալ մայր հայր ունիք: Պսակուա±ծ էք. երեխայ ունիք կը շարունակէր աբլան:
Կը միջամտէին միւսները.
- Քա, Վարդէ, գիտցած չգիտցած ի՞նչ դուրս կու տաս, քեզ ի՞նչ` ի՛նչ ունին: Դուք էն ըսէք, թէ ձեզի ինտատ (օգնութիւն) հասնէր, ռուս ճամբախը չբռնէր, Էրզրումի բերդը կրնայի՞ք մտնել:
Մենք կը շարունակէինք այդ միամիտ եւ անմեղ հարցումներէն, որոնք իրենց հոգին եւ ցանկութիւնները կը մատնէին: Բայց ճերմկած Սարոն ելքը կը գտնէր պատասխան տալու.
- Չէ, Մարգար ջան, Էրզրում մտնելու համար թոփ պէտք է, մենք թոփ չունինք:
- Մարօ, ինծի աֆ կ’ընես (կը ներես), դու ռուսի խօսք կ’ընես, - կը յամառէր Մարգարը, - Թոփն ինչու պէտք է: Իմ հայրս կ’ըսէր թէ Կարսի կռուին Մուխթար փաշան շատ թոփեր ժողոված` Կարսի բերդ բռնած էր: Ռուսները կ’ըսէին, - «Մեր թոփերը քիչ են, այս բերդը չենք կրնար առնել»: Լազարովը ըսաւ: «Այդպէս բան չկայ, ես պիտի առնեմ»: Հայ տղաները կանչեց, իմ հայրն ալ մէջը, եւ ըսաւ. «Թոփ չունիք, չունինք, բայց բերդը մերն է, անպատճառ պիտի առնենք»: Բոլորն ալ ըսեցին. «Հըլբըդ (հարկաւ) պիտի առնենք, բերդը մեռն է»: Ձիերը քաշեցին նստան, սուրերը հանեցին եւ թումթուշ (ուղղակի) Մուխթար փաշայի թոփերուն վրան քշեցին, բերդը առան եւ Մուխթար փաշան Ալաճատաղ քշեցին: Մարդուն սիրտ որ լինի, առանց թոփի ալ բերդը կ’առնուի:
Թող Սարոն ու Մարգարը իրենց վէճը շարունակէին, ես գործի կ’անցնէի այդ պարագաններուն, գիւղի ենթակոմիտէն կը կանչէի, առանձին հաշիւները կ’առնէի, զեկուցումը կը լսէի եւ, եթէ ընելիք գործեր կային, կը վերջացնէի:

Շար. 45


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝