Յայտարարութիւն

Wednesday, February 24, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակնեը-47-Ռուբէն

Այսպէս, իւրաքանչիւր օր գիւղ մը կ’երթայինք: Առանց ճառի, քարոզի, առանց վէճի ու մջամտութեան, գործը անիւի նաման կը դառնար իւղոտած առանցքին շուրջը: Իմ ու ընկերներուս դերը միայն լուռ ներկայութիւնն էր եւ ոչ մէկ ճիգ կար մեր կողմէ, բայց գործը ինքն իրեն կը դառնար:

Ամէնքին ալ, խորը չթափանցելով, ինծի կը վերագրէին այդ յաջողութիւնը եւ մեր ետեւէն տեղեկագրեր կը ղրկէին Կարս Կ.Կոմիտէն մեր հրաշագործ աշխատանքներու մասին: Եթէ բաւականին յիմար լինէի, քիչ պիտի մնար որ ես ալ հաւատայի թէ իրօք ես բան մըն եմ: Բայց ես գիտէի որ ժողովուրդը ինքնաբերաբար կ’երթայ կարգի եւ զոհողութեան եւ ոչ թէ շնորհիւ: Ձուածեղի սիրոյն, թաւայի պոչը կը լիզէ: Ձուածեղը ազգային զարթօնք էր, իսկ թաւան` Դաշնակցութիւնը: Ես անոր պաղ կոթն էր միայն:
Երկու թէ երեք ամիս անցաւ այդպէս: Կը պատրաստուէի Կաղզուանի ձորը այցելել, երբ Սերգէյէն նամակ առի. կը գրէր որ անմիջապէս վերադառնամ Կարս:

¢¢¢

Սերգէյը եւ Յակոբը շատ լաւ ընդունեցին զիս: Անոնք արդէն զիս իրենց հաւասար մարդու տեղ կը դնէին:
- Գիտե±ս թէ որքա՜ն գոհ են քեզանից անցած տեղերդ: Սպաննուածներին տեղը կրնաս դու բռնել: Մենակը, Խաչիկը թո՛ղ հանգիստ քնեն, կ’ըսէին:
Մենակի մասին լսած էի, բայց Խաչիկի մասին` ոչ: Հարցուցի Խաչիկի մասին: Պատմեցին, որ ան Պուլկարիայէն եկած բժիշկ մըն էր որ ուխտեր էր Սասուն կամ Երկրի մէկ վայրը անցնիլ եւ ժողովուրդին ու յեղափոխութեան օգտակար լինել: Մինչ այդ, օգտագործում էին զայն Կարսի շրջանին մէջ: Ամէնուրեք ան իրեն կը կապէր ժողովուրդը իր մեղմ ու բարի վարմունքով: Քչաօխօս, լուռ մարդ մըն էր ու իր ժպիտով եւ անուշ վարմունքով կը կազմակերպէր շրջանը: Երբ Խանը եւ Նեւրուզի իրենց խմբերը կը կազմէին, այլեւս կարելի չէր եղած բռնել Բժ. Խաչիկը: «Մեռաք` ես ալ ձեզի հետ. վիրաւորուեցաք ` ձեզի պահապան», կ’ըսէր եւ դեղօրայք շալկած` անոնց էր մրացեր ու մեկներ` Սասուն հասնելու համար: Բայց առաջին սպաննուածներէն մէկն էր եղեր:
- Նա էլ այդպէս զոհուեցաւ, կը պատմէին Սերգէյը եւ Յակոբը տխրութեամբ ու կը լռէին:
Երեկոյեան, երբ Յակոբի եւ Սերգէյի հետ Կ. Կոմիտէի ժողովին կ’երթայինք, Յակոբը հարցուց.
- Գարեգինը հետդ վերադարձա±ւ:
- Այո՛, պատասխանեցի:
Ան լռած մնաց եւ ես չհասկցայ, թէ ինչո՞ւ Գարեգինով հետաքրքրուեցաւ:

Բազմաթիւ հարցերու կարգին, Յակոբը զեկուցեց Էրզրումի թուրք բէյի մը մասին, որուն անունը մոռցած եմ:

Կ’ապացուցանէր, որ ան նախկին սահմանապահ թրքական զօրքի սպաներէն էր եւ որ այժմ իբր թէ պարզ քաղաքացի էր: Այդ թուրքը կապն էր դարձած թուրք եւ ռուս սահմանապահ զօրքերու միջեւ եւ յաճախ կու գար մինչեւ Սարըղամիշ ու Կարս եւ կը տեսակցէր ռուս հրամանատարութեան հետ: Կ’ենթարկուէր, որ միակ կապն էր երկու ոյժերու զինուորական գործակցութեան: Ան ծանօթութիւններ ունէր հայերու, յոյներու եւ թուրքերու հետ եւ, տեղեկութիւններ շորթելով անոնցմէ, կը վերադառնար Թուրքիա եւ նորէն կու գար սահմանները ու շարունակ ռուս սպաններու հետ կը տեսակցէր: Բասէնի մեր կռիւներուն ատեն ան եղած էր ռուս զօրքերի մէջ եւ երկու անգամ անցած էր սահմանը ու վերադարձած նորէն ռուս սահմանապահ բանակին մէջ:
Յակոբը առաջարկեց վերջ տալ անոր կեանքին եւ խանգարել երկու զօրքերու կապը:

Քննուեցան տուեալները եւ խիստ հաւանական թուեցան: Միայն առարկող մը կար, որ ըսաւ.

Շար 47



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝