Յայտարարութիւն

Wednesday, February 3, 2010

Բանաստեղծութիւններ Սեդա Գրիգորեան


ԳՆԱՀԱՏԵԼՈՎ ԼՐՋՈՒԹԻՒՆԸ «ՆՇԱՆԱԿ» ԿԱՅՔԷՋԻՆ,ՈՒՐԱԽ ԵՆՔ ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐՈՒՆ ՅԱՅՏՆԵԼՈՒ, ՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒՀԻ ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ ԻՐ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ , ՊԱՏՄՈՒԱԾՔՆԵՐՆ ՈՒ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՆԱԵՒ ՏՐԱՄԱԴՐԷ ԿԱՅՔԷՋԻՍ: ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԹՈՂ ԱԶԱՏ ԶԳԱՆ ՅԱՅՏՆԵԼՈՒ ԻՐԵՆՑ ԿԱՐԾԻՔԸ ՍԵԴԱՅԻ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆՑ ՄԱՍԻՆ:
ՅԱՋՈՐԴԻՒ Կ՜ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՆՔ ՍԵԴԱՅԻ ԳՐԱԿԱՆ ՎԱՍՏԱԿԻ ՄԱՍԻՆ:
«ՆՇԱՆԱԿ»



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«


ԳՈՅԱՐՄԱՏ
Գոյութիւնս է արմատաւոր
Պինդ ու ամուր

Դարերուն հետ հաշուի նստող
Երկայնամիտ

Գետնին տակէն նոր գետիններ յայտնաբերող
Տիեզերքին սրտին վազող
Տէրունական աղօթքին պէս քաղցր ու հեզիկ
Մարդեղէն գոյ-ն արմատիս

ՍՐԱՐՇԱՒ
Սո՞ւրս է ելած արշաւի
թէ արշաւս է սրածայր
Արշաւասոյր այս կեանքին

Ուր օրերս չունին հաշիւ
Ոչ այսօրուան
Ոչ գալիքին

Բայց սուր մը կայ տեղ մը կախուած
Ճօճական
Չ-արշաւական

Սուրը մահուան հրեշտակիս

ՄԱԶԱՊՈՒՐԾ
Միլիոններով մազեր պրծան
Անէացան

Պուրծն ալ մազ-մազ տեղի տուաւ
Թուրք հորդաներուն ընդառաջ

Միայն մեծ հայրս մազապուրծ եղաւ
Տէր Զօրէն ի Լիբանան

ՎԵՐՋԱԼՈՅՍ
Լոյսին վերջը չէ
Այլ
Վերջը լոյս է

Ինչպէս սէրերս

Երբ որ վերջանան
Լոյս մը կ՛արձակեն
Ինձմէ ներս թէ դուրս

Կեանքի ալիքին հունը կը փոխեն
Հաւատքի մ՛հանգոյն

Դէպ նոր վերջալոյս

Ս.Դ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
20 Մայիս 2009
Պէյրութ




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝