Յայտարարութիւն

Wednesday, February 24, 2010

ԳԻՒՏ

Կը պատմուի
Թէ մեր նախնիներն ի բնէ
Միականի են ստեղծուած
Ու դարեր շարունակ
Ապրած են այդպէս գոհունակութեամբ

Սակայն դարեր յետոյ եղած են օրեր
Գոհունակ ՄԱՐԴը իր նմանները
Յօշոտելով է ապրած սնսնած
Եւ ինք զինք դարձեալ իր նմաններուն
Արքայ է դասած
Ու այնույետեւ չարն է յղացած
Ու չարն է ծնած բազմացած
Մինչեւ որ այդ կենտ աչքը ՄԱՐԴկային
Չդիմանալով տեսած դիտած բիւր նախճիրներուն
Ճաթած է կիսուած
Ու ջուխտաւորուած

Իսկ այս օր
Սեւ ու անթափանց ակնոցներուն շնորհիւ
Չտեսնելով անվախճան անվերջ
Վթար ու շնութիւն
Ապահովաբար չեն քառապատկուիր

Սագօ Ք. Խաչերեան


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝