Յայտարարութիւն

Sunday, February 28, 2010

ՄԱՐԴՈՒ ՄԱՍԻՆ - Սարգիս Ք. Խաչերեան

ՄԱՐԴՈՒ ՄԱՍԻՆ

Կեանքի աներեւոյթ լարին վրայ առաձիգ
ՄԱՐԴն ի բնէ
Լարախաղաց մ'է անանուն
Սակայն կեանքը
Մեզ –բիւր ՄԱՐԴկանց-շնորհած է
Լոկ մէկ կշռաձող
Մինչ ՄԱՐԴը անփորձ անկարգապահ
Առանձնապէս տիրանալու համար այդ միակ ձողին
Բանտարկած է կիսագունտն հանուր
Եւ աքսորած է միւս կէսը թաքուն

Եւ այսպէս տարուած
Տիրապետողի հաճոյքներով խուլ
Կորսնցուցած է իր հոգիին հետ կշռաձողն եւս
Ու ճպոտն իր ձեռքէն խլուած կոյրի պէս
Ունայնութեան մէջ ինկած է
Ինկած

Ահա թէ ինչու մեր ծնած օրէն
Մեր սրտակեղեք լացը կ'արձակենք


Սագօ Ք. Խաչերեան
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝