Յայտարարութիւն

Sunday, February 28, 2010

ՀԱՅՈՒՀԻԻ ՄԸ ՕՐԱԳՐԷՆ - Ս.Դ.Գրիգորեան

Նոր ճանչցայ Սեդա Գրիգորեանը իր գրութեանց ընդմէջէն,տարիներ առաջ հետը խօսած եմ հեռաձայնով, սակայն չեմ յիշեր զինք տեսած ըլլալ կամ ձեռքը թօթուած ըլլալ:Կը թօթուեմ ձեռքդ Սեդա և կը տեսնեմ ու կ՜ըմբռնեմ տգեղ իրականութեանց դէմ պոռթկումդ:Չէի սպասեր Դուրեանն ու Մեծարենցը յիշեցնող «Իմ հեռաւոր, իմ անծանօթ սէր........անարեւ մահն գրկելէն ետք...» քնքուշութենէդ ետք իրաւացի, թերևս ալ փաստացի ըմբոստութիւնդ անարդարութեան դէմ ընդհանրապէս ,և մտաւորական սերունդներու ներկայացուցիչներու(քու սերունդդ ներառեալ)դէմ մասնաւորապէս:Ներէ որ անկեղծ ըլլամ ու ըսեմ թէ քնքուշութիւնը շատ է վայել գրիչիդ,ալեկոծումէդ ետք դրական տրամադրութեամբդ՝ աւելի դո՜ւն ես , հարազատ «դուն»: Եւ՝ «ցոլքը ցեղիս ես չթաղեմ ձիւներուն տակ»...Վերստին հոգատար, դարձեալ քնքուշ, դարձեալ յաւերժն ու մնայունը վերագտած:
«Նշանակ» ի բերնով՝ «Կեցցե՜ս»:


Նշան Պասմաճեան

.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.

ՆԱՄԱԿ ԱՌ ԸՆԹԵՐՑՈՂՍ...

Երբ քեզմէ գիր չեմ ստանար, ինձմէ անկախ ներշնչումս կը դանդաղի, կը ծուլանայ, կը թուլանայ այն հեռաւոր գարունին պէս, որ տակաւին չբացուեցաւ Թորոնթոյի ձիւներուն մէջ...

Իմ հեռաւոր, իմ անծանօթ սէր, իմ արարման քաղցրութիւն... գարուն կու գա՞յ այս ափերուն, կը ծաղկի՞մ ես տառապանքէն, ցաւերէն ետք, կը գրկե՞մ քեզ հոսքի կարօտ անապատի հատիկին պէս... կը դառնա՞մ ես դարձեալ կեանքին, անարեւ մահն գրկելէն ետք...

Որքան թովիչ է մտածումին փայլքը, երբ կը փթթի, կը տարածուի իմ անոպայ հոգիիս մէջ...

Օ՜, իմ խենթ հոգին... ըլլար կարծես ժառանգորդը հոգիներուն այն բոլոր, որոնք օր մը մեր ցեղին լինելութիւնը քանդակեցին աստղերէն վեր, հաստատեցին ծովերուն տակ, սերմանեցին աջ ու ահեակ, երկնեցին տեսիլքով վեհ, կտակեցին սերունդներո՜ւ...։ Հրաշագործ այդ հոգիէն ցոլք մը կը շարժի հոգիիս մէջ տիւ ու գիշեր... ազգիս էոյթէն գոյացած լոյս մը, որ բոլոր տեսակի աւերակներն ի վեր, անկումներէն անդնդախոր, զիս կը տանի վերելքներու, արարման նո՜ր ճամբաներու...

Միշտ հարց կու տայի ես ինծի, թէ ո՞ւր մնաց Վարուժանը Վարուժան ընող եւ անոր յաջորդող սերունդներու հոգին, երբ կը կարդայի մեր առօրեան աղմուկով լեցնող, արուեստական յուզումներով խճճող անտակներու բարբաջանքը, իմ մորթիս խիստ անհարազատ, բառակոյտի մէջ խեղդուող, բայց հայրերու թէ ճեմարաններու անուններով հպարտացող, Հայաստանի մէջ գրախօսականներ գնող մերօրեայ «բանաստեղծ»ներուն անքերթուած տողերը... հարցս կը մնար անպատասխան...

Զգացած եմ, դեռ շա՜տ վաղուց, որ ցոլքի նման բան մըն ալ ես կը կրեմ իմ ներսիդիս այդ հոգիէն, որ թափ ու սլացք կու տայ իմ երազկոտ երգերուս, առնական հզօրութեամբ դուրս կը թռչի իմ գրիչէս, ուժ կը հագնի, կը վերածուի նոր պատկերներու, գիւտերու նոյնիսկ...

Կը զարմանամ ես յաճախ, թէ ինչպէ՞ս հասաւ այդ հոգին ինծի, եւ ինչո՞ւ ինծի... իգական այս նուրբ կառուցուածքին մէջ ի՜նչ տարօրինակ է այսքան ուժ գտնել... այսքան թռիչք, այսքան թափ ու թմբուկ, այսքան քնքշութիւն, այսքան մտածում... բոլոր լարերուն վրայ նուագել, արձակին հետ‘ քերթուած, իրենց բաժանումներով, բայց տակաւին չարժանանալ հատորի մը առանձնակի, ուր պիտի գան խմբուելու երգերս իմ խռովիչ, իմ ապրած օրերուս ռիթմով թրթռուն...։ Հատորիկ մը‘ թէկուզ նեղլիկ ու անպաճոյճ, որ ըլլար վկան իմ սերունդիս ապրումներուն, իմս ըլլալէն առաջ ու յետոյ...

Գլուխ գովան մը չեմ բնաւ... բայց երբ ինքզինքս կը դիտեմ այլոց գրականութեան ընդմէջէն, լալու փափաք մը կը բարձրանայ մինչեւ կոկորդս... իմ կարողութիւններուս խամրումին դողը կը պատէ զիս դաժանօրէն... ու կը յաւակնինք ըսել՝ թէ մշակութասէր, գիր ու դպրութիւն սիրող ժողովուրդ ենք... իրաւ գրողին ճամբայ կը բանանք ու կը ջերմանանք անոր արեւէն...

Ես մութը տեսայ հայ գրողին կեանքին մէջ... մութը եւ անյուսութիւնը... դառնաղի յուսալքութիւնը, որոնց պատճառները մէկ չէին բնաւ, բայց կարելի է միացնել զանոնք «անտեսել»ու մեր ազգային վատ ունակութեան բոլոր տարբերակներուն մէջ... անտեսել, չտեսնել, չյարգել, չգնահատել... ու երանի թէ անարգանքի մթնոլորտը հոս կանգ առնէր... երանի՜... բայց աւելին մենք գիտենք ընել իրաւ գրողին ու մտաւորականին... գիտենք զինք դուրս շպրտել իր գործէն, խեղդել զինք նիւթական կարիքներու ոլորապտոյտին մէջ, որպէսզի լռէ, լռէ՛ առյաւէ՜տ... Պարոնեանը քեզի օրինակ, իմ հեռաւոր Ընթերցող... աւելի հիներէն՝ Նարեկացին քեզի ապացոյց, վերջիններէն՝ Պոյաճեանի սառնարանին պատմութիւնը քեզի ճաշակ. ա՛լ չխօսիմ նորերէն, մեզմէ, իմ սերնդակիցներուս ամէնէն փայլուններուն տառապանքներէն...

...Միակ վիշտս անկարելի իմ օրերուս՝ թէ չըլլայ որ հոս վերջանամ, հոս քարանամ անվերադարձ... ճամբաս փշոտ եղաւ ընդմիշտ, ցոլքը ցեղիս ես չթաղեմ ձիւներուն տակ...
Ս.Դ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
2005
Թորոնթօ-Մոնթրէալ






«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝