Յայտարարութիւն

Saturday, February 20, 2010

Ունեւորութեան Փոխարժէքը - Օշին Էլակէոզ

Սիրելի Ընթերցող,

Թուրքիա բնակող Օշին Էլակէօզ իր յօդուածներէն մին ուղարկածէ «Նշանակ»ին առ ի հրապարակում:Կը քաջալերենք Օշինն ու իր նման Հայ գրականութեամբ զբաղող բոլոր հայորդիքը իրենցը համարելու այս կայքէջը, որուն առաքելութիւնն է և նպատակը՝ ըլլալ խաչմերուկ և հանդիպման վայր հայ մտաւորականներու: Թող ընթերցողները ազատ զգան կատարելու իրենց գնահատանքը / քննադատութիւնը Օշինի և հրապարակուած յօդուածներուն : Յիշեցնենք ֆրանսական նշանաւոր առածը , ըստ որուն ՝De la discussion nait la lumiere , այսինքն ՝ Կարծիքներու փոխանակումէն կը ծնի լոյսը:
Շնորհակալութիւն Օշին:

«Նշանակ»


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«
Յունուար 1943,շոգեկառքին անիւները դժուարաւ կրցան կանգ առնել Աշքալէի կայարանի սառած երկաթուղիին վրայ:Դուրսը գորշ ու մշուշոտ օդ մը կար,ձիւնամրրիկի պատճառաւ մարդիկ դժուարավ կը տեսնէին քիչ մը հեռուն գտնուող շոգեկառքի կայարանի շէնքը:Հրանդ Տէօքմէճեան տակաւին չէր կրցած ըմբռնել թէ ուր կը գտնուէր եւ ինչու կը գտնուէր հոն,կարծես իր ուղեղը կանգ առած ըլլար աշխատելէ:
Օրերէ ի վեր շարունակ ճամբորդած էին այս շոգեկառքին մէջ,որ կը բաղկանար ընդամէնը տասը վակոններէ,որոնք իրականին մէջ անասուն փոխադրելու ծառայող վակոններ էին:Իւրաքանչիւր վակոնի մէջ յիսուն աքսորեալ թխմուած էին իրարու վրայ ,ուր ո՛չ նստարան կար նստելու համար ,ո'չ ալ արտաքնոց իրենց առօրեայ պէտքերը հոգալու համար ու գարշելի հոտ մը կը տիրէր վակոններուն մէջ:
Հրանդ Տէօքմէճեան ,շոգեկառքին փայտէ գետնին վրայ ծալապատիկ նստած,աչքերը գետին խոնարհած կը մտածէր:Իր ամբողջ կեանքը շարժանկարի երիզի մը նման իր աչքին առջեւէն կ'անցնէր :Իր մանկութիւնը ,իր մայրը ,իր հայրը ,փոքրիկ քոյրիկը Սիրանիկը ,Սամաթիոյ իրենց համեստ տունը,տան առջեւի բակը ,ուր դրացի տան բնակիչ ընտանիքներու զաւակներուն հետ կը խաղաղային ամբողջ օրը:Կը յիշէր փողոցին անկիւնը գտնուող ծառը ,որուն վրայ կը մագլցէին ու երբեմն վար իյնալով կը վիրաւորուէին :Յետոյ իր դպրոցը ,իր ընկերները ,ուսուցչուհիները ,իր պատանութիւնը եւ........իր ամուսնութիւնը:Իր աչքերուն առջեւ կը պատկերանար իր առաջին զաւկին ,յետոյ երկրորդ զաւկին ծնունդը:Երջանիկ ու երանելի օրեր էին անոնք:Ինչպէ՞ս անցան այդ օրերը եւ ինչպէ՞ս եկան այս անիծեալ օրերը:Ին՞չ էր իր յանցանքը:Ամբողջ կեանքի ընթացքին ,ինք պարկեշտօրէն աշխատած,իր բոլոր տուրքերը վճարած ,պարզ ու համեստ խանութպան մը եղած էր միշտ:
Ի՞նչ վատութիւն ըրած էր արդեօք այն անձերուն որոնք հիմա զինք կը չարչարէին,հեռացնելով զինք իր տունէն ,իր հարազատներէն ,իր անցեալէն :Եւ կարեւորագոյնն այն էր որ այսուհետեւ ինք պիտի կարենա՞ր վերադառնալ իր տունը ,պիտի կարենա՞ր դարձեալ միանալ իր հարազատներուն,պիտի կարենա՞ր գործ մը կազմել :Ի՞նչ պիտի ըլլային իր կինն ու զաւակները իր բացակայութեան ընթացքին:Ի՞նչպէս պիտի ապահովէին իրենց ապրուստը:Անիծե՛ալ ըլլային այս չարիքին կազմակերպիչները:Անոնք ինչպէ՛ս կրնային այսպիսի որոշում մը առնել եւ աքսորել զիրենք,առանց մտածելու իրենց ետին ձգած անպաշտպան մանուկները ,կիները,հիւանդներն ու ծերերը :
Կը մտածէր ահա.Ի՞նչ կ՛ուզէին դեռ իրմէ :Իր տունը ,խանութը ,իր հաւաքած քիչ մը դրամը,զոր տարիներ աշխատելով ու խնայելով կրցած էր հաւաքել ձեռքէն առած էին արդէն :Տակաւին ի՞նչ կ 'ուզէին իրմէ:Ի՞նչպէս ապստամբէր որու՞ գանգատէր ,որուն վրայ յարձակէր ու կոկորդը սեղմելով խեղդամահ ընէր այս անիրաւութեան վրեժը լուծելու համար :Ո'չ մէկ իրաւառու կար դիմացը,ո 'չ ոք կար կոկորդը սեղմելիք,Աստուծմէ զատ ո 'չ ոք կար որպէս ապաստան:Բայց կարծես Ան ալ երկար տարինէր առաջ լքած էր այս բազմաչարչար ազգը իր ճակատագրին հետ դէմ դիմաց:
Այդ տարի,բազմաթիւ ընտանիքներու նման ,Տէօքմէճեան ընտանիքի մէջ ալ Ծննդեան տխուր տօն մը ապրուած էր:Կարծես թէ ծնունդի տօն մը չէր ապրուածը այլ խաչելութիւն մը :Պարոն Հրանդին հօրենական տունը,կարասիները եւ նոյնպէս խանութը ծախուած ու իրենք ապաստանած էին իր կնոջ՝ Տիկին Սաթենիկի մօրը տունը,բայց նորէն ալ չէր յաջողած ապահովել իրմէ պահանջուած գումարը իբրեւ ունեւորութեան տուրք:
Հրանդ Տէօքմէճեան Աշգալէի սաստիկ ցուրտը իր երեսին վրայ զգաց երբ շոգեկառքի դռնէն դուրս ելաւ:Այդ պահուն անդրադարձաւ որ արցունքները երեսէն վար սահելով թրջած էին իր մօրուքը:Հազիւ քանի մը վայրկեան անցած էր որ Էրզրումի պաղ կլիմային վարժութիւն չունեցող իր մորթը արդէն իսկ ճաթիլ սկսած էր :Ականջներուն ու շրթներուն ճաթելու ատեն պատճառած ցաւը զգալի դարձած էր իր երեսին վրայ ու բարակ արիւն մը սկսած էր հոսիլ ճաթած մորթին ճեղքերէն դուրս:Հրանդ Տէօքմէճեան իր շալովը լաւ մը փաթթեց իր ականջներն ու քիթը ,բերանը,որպէսզի
պատսպարէր զանոնք ցուրտին սառեցուցիչ ազդեցութենէն:Դողդոջուն ոտքերով շոգեկառքին սանդուխներէն վար իջաւ եւ հետեւեցաւ աքսորեալներու խումբին:
Հեռուէն ժանտարմաները կը պոռային.

-Աքսորեալները այս կողմ արագ շարժեցէք եթէ չէք ուզէր սառիլ:

Իրենց խումբը շուրջ չորս հարիւր հոգիէ կը բաղկանար:Խումբը կայարանի առջեւի ճամբուն վրայ կարգի մտնելէ վերջ ժանտարմաներուն հրամանով սկսաւ քալել դէպի իրենց հաւաքավայրը:Ճամբու զոյգ կողմերը ,մարդու հասակի բարձրութեանբ ձիւնով ծածկուած էին:Մօտաւորապէս երկու ժամ քալելէ վերջ,հասան իրենց հաւաքավայրը եւ տեղաւորուեցան իրենց յատկացուած մասնաբաժիններուն մէջ ,որոնք կը նմանէին զօրանոցներու սրահներուն եւ ամէն մէկ սրահի մէջ կը գտնուէր յիսուն մահճակալ:Այդ մահճակալներուն վրայ տեղաւորուած էին հին ու մաշած անկողիններ եւ մէկ մէկ ծածկոցներ:Սրահին մէջտեղը վառարան մը կար ,բայց չէր վառեր,հետեւաբար ներսի ջերմութիւնը գրեթէ նոյնն էր դուրսի ջերմութեան հետ:Հրանդ Տէօքմէճեան նստաւ մահճակալին վրայ ու իր պայուսակը բացաւ:Պայուսակին մէջէն իր երեսին զարկաւ իր տան հօտը:

Հրանդ Տէօքմէճեան իր երեսը լաւ մը մխրճեց իր պայուսակին մէջ ու քանի մը անգամ խորունկ խորունկ շնչեց եւ անդրադարձաւ որ առաջին անգամն էր որ կը հեռանար իր տունէն:Իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան ինք բնաւ չէր հեռացած իր տունէն ու իր թաղէն եւ ասիկա մեծ ցաւ կը պատճառէր իրեն:Սաստիկ կարօտը կը զգար իր ընտանիքին ,իր հարազատներուն եւ իր հօրենական տան որ այլեւս չէր պատկաներ իրեն :Կնոջը աղաղակը ականջներուն մէջ կ'արձագանգէր տակաւին:
-Մարդ Աստուծոյ,քանի որ պիտի չկարենայիր վճարել պահանջուած ամբողջ տուրքը եւ աքսորի պիտի երթայիր,ինչու՞ ծախեցիր տունդ եւ մեզ անտուն թողուցիր:Իմ բոլոր ընկերուհիներուս ամուսինները իրենց տուները Թահսին էֆէնտիին վրայ անցուցեր են որպէսզի ձեռքերնէն չերթայ:Այսչափ տարիէ ի վեր կը ճանչնանք զինքը մեր թաղին մէջ եւ գիտենք թէ ան պարկեշտ ու պատուաւոր վաճառական մըն է :Իսկ դուն ամէն ինչ ծախեցիր,ձեռքդ բան մը չմնաց,ի՞նչ պիտի ընենք հիմա ,երկու զաւակներով մէջտեղը ձգեցիր մեզ:

Հրանդ Տէօքմէճեան խղճի խայթ կը զգար հիմա եւ կը մտածէր թէ իր կինը իրաւունք ունէր,բայց իրականութեան մէջ երկուքն ալ կը սխալէին,որովհետեւ Թահսին Էֆէնտի իրեն յանձնուած տուները երբեք իրենց տէրերուն ետ պիտի չվերադարձնէր այլեւս :Ան օգտագործելով այդ դժնդակ պայմաններու մէջ գտնուող մարդոց կացութիւնը եւ անոնց իրեն հանդէպ ունեցած վստահութիւնը շահագործելով ,իր հարստութիւնը հարիւրապատիկ պիտի աւելցնէր քանի մը օրուայ մէջ:Այսպէսով պետութեան նպատակը մեծ յաջողութեանբ պիտի իրականանար,որն էր ոչ-իսլամներուն պատկանող բոլոր դրամագլուխը Իսլամներուն ձեռքը յանձնել:

Աքսորեալներէն ոմանք իրենց պայուսակներուն մէջ մնացած քանի մը կտոր հացն ու պանիրը հանած' ուտել սկսած էին :Բայց Հրանդ Տէօքմեճեան ախորժակ չունէր ուտելու:Կուրծքէն դէպի վեր բարձրաձող ճնշում մը կը զգար որ կոկորդը կը սեղմէր :Ջուրի ամանը բացաւ ու հազիւ քանի մը ումպ ջուր կրցաւ խմել:Բերանը պղինձի տարօրինակ համ մը կար ,թեթեւ սարսուռ մը անցուց ու կռնակին վրայ պաղ քրտինք մը զգաց:Պայուսակէն մաքուր սրբիչ մը առաւ ու երեսին տարաւ,սրբիչէն բուրող օճառի հօտը թոքերը քաշեց:Նոյն ճերմակ օճառի անուշ հոտն էր ան:Երբ իր տան մէջ գիշերները պառկելու ժամանակ գլուխը բարձին վրայ կը դնէր,նոյն անուշ հոտն էր որ կը բուրէր :Հիմա եալ նոյն բանը կը պատահէր:Հրանդ Տէօքմեճեան սրբիչը գլխուն տակը փռեց ու գլուխը վրան դնելով երկարեցաւ անկողնին վրայ եւ աչքերը փակեց ու երազել սկսաւ :Ընդարձակ ցորենի արտի մը մէջ կը քալէր ,երեսին անոյշ զեփիւր մը կը փչէր :Հեռուն բլուրի մը վրայ իր մայրը եւ իր հայրը զինք իրենց քով կը կանչէին:
Յանկարծ դուռը բացուեցաւ եւ երեք ժանտարմաներ ներս մտան:Բոլոր աքսորեալները իրենց անկողնին գլուխը զինուորի պէս անշարժ կեցած' գալիք հրամանին կը սպասէին:Անոնց մէջ միայն Հրանդ Տէօքմեճեանն է որ կը շարունակէր պառկիլ անկողնին վրայ անուշ ժպիտ մը իր դէմքին,առանց կարեւորութիւն տալու ժանտարմաներուն:Ան ո 'չ մէկ վախ ունէր այլեւս ,որովհետեւ ո 'չ ոք զինք կրնար չարչարել, ո'չ ոք իրեն կրնար ցաւ պատճառել,ո'չ ոք կրնար զինք վանդակապատի մը ետեւ բանտարկել ,կամ իր ոտքերը շղթայել:

Ան յաւիտենական ինքնիշխանութեան առանձնաշնորհումն էր որ կը վայելէր այլեւս:

Օշին Էլակէօզ

Մարմարա օրաթերթ
26 Դեկտեմբեր 2008




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝