Յայտարարութիւն

Friday, February 26, 2010

Նամակ Յարութիւն Քիւրքճեանէն

Սիրելի Ընթերցող,

Մեծ ուրախութիւն է որ Յարութիւն Քիւրքճեանի նման գիրքերու և տարբեր լեզուներով բազում յօդուածներու հեղինակ , մտաւորական լուրջ պատրաստութեան տէր ուսուցիչ մանկավարժ մը «Նշանակ» ի մասին կուտայ վարը նշուած վկայութիւնը և իր աջակցութիւնը կ՜առաջարկէ բերել կայքէջիս ՝անոր խմբագրութեան տրամադրոթեան տակ դնելով պարզացուած հայերէնով գիրքեր: Մօտ օրէն պիտի սկսինք հրապարակել Աւետիս Ահարոնեանի «Իմ Գիրքը» որպէս թերթօն:
Խմբագրութիւնս իր և կայքէջիս ընթերցողներուն կողմէ կը յայտնէ իր խորին շնորհակալութիւնը Յարութիւն Քիւրքճեանին և իր տիկնոջ՝ Մարոյին , որ իր ամուսնին կողքին մեծ ներդրում ունի հայ մանուկին,պատանիին թէ երիտասարդին մատչելի հայերէն նիւթ հայթայթման մէջ: Մօտ օրէն մանրամասն պիտի անդրադառնանք Տէր եւ Տիկին Քիւրքճեաններու կենսագրական կարգ մը գիծերուն և անոնց տարած գործունէութեան ու վաստակին մասին:
«Նշանակ»Sireli Nshan-ag,

.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.

Սիրելի Նշան - ակ,
Նոր ունեցայ առիթը ծանօթանալու կայքէջին:Ելեկտրոնային մամուլի լուրջ եւ միանգամայն հաճելի տարբերակի տպաւորութեամբ եմ այս պահուս և կը կարծեմ պիտի մնամ ալ այդ տրական տպաւորութեամբ:Ինչ կարելիութիւններ....

Դիտողութիւն մը եթէ ունիմ . աւելի առաջարկ է (թերեւս անսպասելի թուի իմ կողմէ գալով).կրնանք որոշ համեմատութեամբ աւելի մատչելի նիւթերու եւս տեղ տալ.ըսել կ՜ուզեմ մանաւանդ՝լեզուկանօրէն աւելի մատչելի:

Այսպէս. ի՞նչ պիտի ըսէիր «դիւրին հայերէն» մակարդակով թերթօնի մը մասին,Ռուբէնի կողքին,կամ անոր հետ փոխն ի փոխ...Մտածեցէք այս մասին:Ես սիրով կրնամ տրամադրել պարզացուած հայերէնով մեր գրքոյկներէն մէկը կամ միւսը (ըսել կ՜ուզեմ նաև շարուածքը),եթէ գաղափարը գրաւիչ գտնէք... Կարելի է ցուցականօրէն գրել ալ, որ "basic Armenian rubrique" է, յատուկ՝ հայերէնի դժուարութիւն ունեցողներու համար:

Յաջողութիւն

Յարութիւն Քիւրքճեան
Աթէնք


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝