Յայտարարութիւն

Saturday, March 13, 2010

ՔԵՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԵՐ 1

Սիրելի Ընթերցող,

Այսօրուընէ «Նշանակ» կը սկսի Հայերէն Քերականութեան դասընթացքի: Ոմանց համար գիտելիքներու թարմացում պիտի ըլլայ: Եթէ ամենօրեայ հայկական վարժարաններ չյաճախող աշակերտ ընթերցողներ կան՝ ապա անոնք կրնան շատ օգտուիլ այս դասերէն:Որպէս դասագիրք և աղբիւր պիտի օգտագործենք Մկրտիչ Մկրտիչեանի «Քերականութեան Դասեր Ա.» դասգիրքը հետեւելով դասերու իր հետեւած կարգին՝ Ձայնաւոր և Բաղաձայն տառեր ,Նախադասութիւն,Ենթակայ,Ստորոգիչ,Լրացուցիչ,Անուն կամ Գոյական (Տեսակ,Թիւ,Հոլով,), Ածական,Դերանուն,Բայ(եղանակներ ու Ժամանակներ),Մակբայ,Արմատ,Ածանց և Բարդ Բառեր: Յուսով ենք որ երեսուն դասով (մօտ երկու ամիս)կ՜ամբողջացնենք քերականութեան մեր ծրագրի առաջին մասը :Մեր խնդրանքն է մեր ընթերցողներէն տալ իրենց կարծիքը ,կատարել իրենց դիտողութիւններն ու առաջարկները,որոնց համար կը յայտնենք մեր կանխայայտ շնորհակալութիւնը:
«Նշանակ»


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»


Հայերէնը ունի 38 գիր,
ա,բ,գ,դ,ե,զ,է,ը,թ,ժ,ի,լ,խ,ծ,կ,հ,ձ,ղ,ճ,մ,յ,ն,շ,ո,չ,պ,ջ,ռ,ս,վ,տ,ր,ց,ւ,փ,ք,օ,ֆ
որոնցմէ ա,ե,է,ը,ի,ո,օ, կը կոչուին ՁԱՅՆԱՒՈՐ գիրեր իսկ մանցածները՝ ,բ,գ,դ,զ,թ,ժ,լ,խ,ծ,կ,հ,ձ,ղ,ճ,մ,յ,ն,շ,չ,պ,ջ,ռ,ս,վ,տ,ր,ց,ւ,փ,ք,ֆ ԲԱՂԱՁԱՅՆ գիրեր:

Ու և Իւ Ձայնաւորները կը կոչուին Ձոյլ Ձայնաւոր

Վարժութիւն 1

Հետեւեալ բառերուն համար կազմեցէք 3 սիւնակ, առաջինին մէջ դրէք ձայնաւորները, երկրորդին մէջ՝ձոյլ ձայնաւորները և երրորդին մէջ՝ բաղաձայնները.

Տուն,ալիւր,մրջիւն,նիզակ,եղջերու,գիւտ,նիզակ,ձմերուկ,միւռոն,սէր,տիրուհի,դասընկեր,իւրայատուկ,
առիւծ,քիւրտ:

Վարժութիւն 2

Գտէք 5 ական բառ ,ուր ա,ի,ե ձայնաւորները , նոյն բառին մէջ գործածուած ըլլան նուազագոյնը երկու անգամ:Օրինակ՝ Սահակ,իրիկուն եւայլն:

Վարժութիւն 3

Գտէք 5 ական բառ, ուր է,ը,ո,օ ձայնաւորները ,նոյն բառին մէջ գործածուած ըլլան նուազագոյնը մէկ անգամ: Օրինակ՝ հօր,ընկեր,խոշոր,էգ եւայլն:


Վերջ Ա. Դասի

.







.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«..«..«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝