Յայտարարութիւն

Monday, March 8, 2010

ԱՄԱԼԻԱ ԾՈԾԱՆ- 4 - Ս.Դ.ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Ընդամէնը երեք տարի միասին ապրուած եւ երկու տարի ալ նամակագրութեամբ իրարու հաղորդուած սիրոյ պատմութիւն մըն էր եղածը, որ զարմանալի տինամիզմով տեւած էր աւելի քան կէս դար եւ վերածուած մարդկային ճակատագիրի։ Մի՛շտ երիտասարդ, երբեք չծերացող սիրած տղուն յիշատակը անթառամ պահելու համար մօրաքը մերժեր էր վերամուսնանալ։ Տեղափոխուած էր Երեւան եւ հետեւած տնտեսագիտութեան ճիւղին։ Աշխատեր էր ամբողջ կեանքը եւ միաժամանակ հայր ու մայր եղած՝ իր մինուճարին։ Նամակագրութեամբ հայրը արդէն տնօրիներ էր դստեր ճակատագիրը. «Լսի՛, թռչնիկս, չեմ ուզում որ բալէս օտար մարդու ձեռք մնայ։ Յետ որ չգամ, դու նաեւ հայրութիւն պիտի անես նրան։ Խոստանո՞ւմ ես...»։ Մօրաքը խոստացեր ու խոստումը պահեր էր, այդ ալ ինչպիսի՜ պայմաններու տակ...

Հոս կանգ կ՜առնէր պատմութիւնը։ Պառաւը խօսքը կ՜աւարտէր նոյն մեղադրանքով, հայեացքը սեւեռած անորոշութեան. «Պա՜, մարդուս ի՞նչ գործն էր կռուի գնալ Ուքրայնայի սահմաններում... Էս ինչ ձիւն էր թափուեց մեր գլխին»...

*
* *
Մօրաքին հետ մեր գիշերային զրոյցները յաճախ նաեւ կը համեմուէին բանաստեղծութեամբ. «Պոեզիա (ռուսերէն՝ բանաստեղծութիւն) շատ եմ սիրում. ձերոնցից մի բան կարդայ, լսեմ», կ՜ըսէր ու առանց սպասելու կը սկսէր օրօրուիլ «Գիշերն անուշ է» մեծարենցեան մեղեդիով, ապա պտոյտ մը կը կատարէր Արեւմտահայ Գրականութեան անդաստանէն ներս՝ իր ոգեւորութեամբ վարակելով նաեւ զիս։ Արեւմտահայերէնը կը գրաւէր զինք։ Քնարաշունչ բանաստեղծները իր հիացումի առարկան էին։ Ան նաեւ լաւատեղեակ էր օտար գրականութեան։ Պուշկինն ու Տոսթոյեւսկին կը պաշտէր, «Աննա Քարենինա»ն իր սիրած գիրքն էր, իսկ Հեմինկուէյի նկատմամբ խոր ակնածանք ունէր։ Արուեստն ու գրականութիւնը շատ բան կը նշանակէին կնոջ։ Կը պատմէր թէ ի՛նչպէս հրճուած էր, երբ առաջին անգամ իր աղջիկը տուն մը գծած էր. «Բալիկիս նկարածը տարի աշխատանոց, ցոյց տուի էրէխէքին, բոլորն էլ զարմացան, թէ միայն չորս տարեկան իմ երեխաս ո՞նց կարողացել ա էսքան սիրուն տուն գծել։ Մի օր էլ բալիկիս ասի. հենց աւարտես դպրոցը, քեզ ուղարկելու եմ մեր Գեղարուեստական ինստիտուտը (ռուսերէն՝ հիմնարկ), որ նկարել սովորես...»։

Ամալիա ծոծային աղջիկը արդէն յայտնի նկարչուհի էր Երեւանի մէջ։

Թէեւ պառաւը անկողնին փակած էր, բայց ան շատ բան cիտէր դուրսը կատարուածներէն։ Ինծի համար հեռաձայնը կը շարունակէր մնալ «արcիլեալ cօտի», իսկ ինք ամբողջ օրը հոս-հոն կը հեռաձայնէր եւ իրեն պէս քանի մը թոշակառու բարեկամներու հետ ժամերո՜վ կը զրուցէր։ Անոնք առանց զիս տեսած ըլլալու արդէն շատ բան cիտէին իմ մասիս։ Յաճախ նաեւ բարեւ ու մաղթանք կ~ուղարկէին ինծի՝ իրենց ընկերուհիին միջոցով։ Հեռաձայնային այս զրոյցներուն առանցքային նիւթն էր պառաւին վերստին քալելու կամքը։ Մեծ հաւատքով ան բոլորին կը վստահեցնէր, որ շուտով պիտի սկսի քալել, առանց օcնականի պիտի ուղղուի բաղնիք, այլեւ հայաթը (բակը) պիտի մաքրէ եւ կամ տունը պիտի վերադասաւորէր՝ մօտալուտ ձմրան ի պատրաստութիւն. մէկ խօսքով՝ նորմալ կեանքի պիտի վերադառնայ. ահա թէ ինչո՛ւ ան իր խօսակցութիւնը կ~եզրակացնէր՝ «վաղը էcուց կը տենաս թէ ո՞նց կը սկսեմ քայլել» հաստատուն շեշտով։

Շար . 4
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝