Յայտարարութիւն

Monday, March 1, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-51- Ռուբէն

Այժմ այդ մազի մէջ լցրու, փոխանակ ոսպի, հինգ միլիոն հայ եւ դարձրու արագ: Փոշին, անպէտք մաղուելէն ետք, մնացածները կը դասաւորուին իրենց ծանրութեան, հիւթեղութեան համաձայն: Այսինքն` փուճը, դատարկը, թեթեւը, անհիւթ, փոքրը, մարդկային տարի վախկոտը, անխելքը, նախաձեռնութիւն, համարձակութիւն չունեցողը եւայլն կը հաւաքուին կենտրոնի շուրջը: Եւ, ընդհակառակը, լիքը ծանրը յանդուգն, քաջը, նախաձեռնողը, այսինքն` իսկական հայերը կը հաւաքուին եւ կը դասաւորուին շառաւիղներուն վրայ, ըստ իրենց ծանրութեան: Արդ` այս բնական երեւոյթէն ես կ’եզրակացնեմ,
ա) Շուշին շառաւիղի ծայրին կը գտնուի եւ ատոր համար է, որ ան միւս շառաւիղներու հետ միասին իր մէջ կը խտացնէ Հայաստանի եւ հայութեան ամենէն օգտակար, ամենէն ուժեղ, ամենավճռական մշակութային թէ ֆիզիքական տարերքը: Եւ ես կ’եզրակացնեմ, որ առանց ծայրագաւառներու` ոչ հայութիւն եւ ոչ ալ Հայաստան կը ստեղծուի: Այդ կ’ապացուցանէ քու, Թումանի, Դումանի եւ Վարդանի ուժգնութիւնը:
բ) Շառաւիղի ծայրէն երբ կենտրոն կու գաս, Հայաստանի կենտրոնական մասը կամ բռնուած է Քէօռ Հիւսէյին փաշայի էլերով (ցեղախումբ), կամ դատարկ է եւ կամ բռնուած է կրաւորական, անմշակ ցանցառ հայերով, որոնց պէտք է փրկել ծայրագաւառներով: Այլապէս նրանք կորած են:
գ) Կը զարմանամ քու եւ Թումանի վրայ, որ կը ձգտինք, Մենակի նման, ձեր անձը զոհել կենտրոնական Հայաստանի համար: Այդ` ջուր ծեծելու եւ պնդացնելու համարժէք է: Ես կը գերադասեմ փոքրիկ Նիկոլի, Վարդանի, Դումանի ճամբան եւ կը գերադասեմ իմ կարելին անել Վասպուրականի, քան Էրզրումի-Տարօնի համար: Ե՛կ, դու քու ճամբան փոխիր:
Սերգէյը ինծի կը նայէր եւ չէր պատասխաներ. քիթը կը փորէր եւ կը մռլտար ռուս առակ մը` «Սլըիշալ զվոն, դա նէ զնայեշ գդէ օն» (Ձայնը լսեր ես, բայց չես գիտեր ո±ւր է ան):
- Դէ, պատասխանի՛ր կամ համաձայնիր, - ըսի ես, վերջացնելով խօսքս:
- Սպասէ, մի շտապիր, յիմարութիւնը արմատէն հանելն աւելի դժուար է քան մի վանք շինելը:
Սերգէյը սկսաւ հանդիսաւոր կերպով.
- Քանի որ քու հրաշալի քարմաղի օրինակով կ’ուզես գիտականօրէն հիմնաւորել Հայասատնի, հայութեան բովանդակութիւնը եւ մեր անելիքները, ես ալ քարամաղով սկսեմ: Արդէն քարմաղ խօսքը ցոյց կու տայ, որ այդ գործիքը ստեղծուած է անմաքրութիւնները բաժանելու համար զուտ հատիկներէն: Եւ ըսածիդ համաձայն, քարմաղի մէջ ընկածները չորս տեսակի կը բաժնուին: Դրան ես համաձայն եմ: Դուն ալ համաձա±յն ես ինձ, որ ընդհանրապէս չկայ միատեսակ, միացեղ տարր:
Համաձայնեցի:
- Դու Հայաստանը դարձուցիր մի հսկայ քարմաղ եւ քարմաղի մէջ հինգ միլիոն հայ լցրիր: Մի քիչ քչացուր, որովհետեւ այդ հինգ միլիոնն ալ ունի իր աղբը, որ երբ քարմաղդ աջ ու ցախ շարժես, տակէն պիտի թափի: Թափուածը այն է, որ հայ անունն ունի, բայց ինքը ոչինչ է, այլասերուած, որդունքը ընկած, առանց սերունդի եւ աւանդութեան, այլանդակուած, փոշիացած մաս մը: Այդ թափուածը քու հաշուից հանէ, ոչ թիւ եւ ոչ որակ համարէ, գետինը պարարտացման նիւթ սեպէ:
Երբ ձախ ու աջ շարժես ան, քու ոսպը բարակ, թեթեւ մի շերտով ծածկուած է: Մեր մամիկները այդ շերտը կը հանեն եւ, իրենց մատները փոցխի դարձնելով, մէկ կողմ կը դնեն: Քարմաղը վեր ու վար, աջ ու ձախ այնքան կը շարժեն, որ ոսպի մէջ չկարողանան թաքնուիլ այդ թեթեւ մասերը: Մէկ կոմ կը դնեն, մինչեւ որ նրանք չքանան: Յետոյ կու տան խոզերուն եւ էշերուն, որովհետեւ անոնք ոսպ չեն, այլ ոսպի ծղօտը, յարդը կամ այլ բոյսեր, որ ոսպի հատիկի հետ կապ չունեն: Այդպիսով քարմաղի մէջ եղածը նորէն կը թեթեւնայ, բայց ոսպի քանակը չի թեթեւնայ եւ որակը կը բարձրանայ:
Դու այս հասարակ մաքրագործումէն եզրակացութիւններ կը հանես, որոնք անհիմն են: Կ’ըսես թէ Հայաստանի կեդրոնական մասը կամ պարապ է եւ կամ Քէօռ Հիւսէյինի էլերով բռնուած, որ ճշմարտանման է, բայց ճշմարիտ չէ, որովհետեւ այդ էլերուն տակը իբր ռայա հայեր կան ճնշուած: Ճիշդ է, այդ աւելորդ եւ օտար ոյժերը մեծ ծաւալ կը բռնեն Հայաստանի մարզին մէջ, բայց երբ մենք մեր մամիկներու նման, այդ յարդը ծղնօտը ընտրենք եւ մէկ կողմ դնենք, Հայաստանի քարմաղի տակը կը մնայ զուտ հայութիւնը, որ կենտրոնի յատակն է բռնած:
Չնաշխարհիկ է քու եզրակացութիւնը: Երբ տակէն վրայէն ամբողջ զիպիլը հանուած է, քարմաղի մէջ երեւութապէս կը մնայ մաքուր ոսպը: Այժմ մաղը արագ կը դարձնես իր առանցքին շուրջը եւ իրաւացի կերպով կը նկատես որ որսպը կը դասաւորուի շառաւիղներուն վրայ. լեցունները, մեծերը, ծանրերը` քարմաղի պատերոն մօտերքը, շառաւիղներու ծայրերուն, իսկ փոքրերը, թեթեւները` քարմաղի կենտրոնը: Եւ դուն կը գտնես որ հայութեան ոյժը, ոգին, միտքը եւ բոլոր լաւ յատկութիւնները պէտք է որոնել Հայաստանը շրջապատող չորս բդեշխութեանց մէջ: Որով, ուրեմն, Հայաստանի կենտրոնը ոչինչ է, իսկ ծայրագաւառները` ամէն ինչ: Իբր ապացոյց կը բերես Շուշին եւ ինձ ալ մէջը: Շնորհակալ եմ, բայց ես լինելով այդ շառաւիղի ծայրէն, կրնամ տեսնել քու թիւրիմացութիւնը:

Շար. 51

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝