Յայտարարութիւն

Tuesday, March 2, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 52 - Ռուբէն

Արդ` մեծ ու մանր ոսպին մէջ զանազան քարեր կան, երբեմն ալ սիսեռի եւ ուրիշ այլ ծանր հատիկներ: Եթէ ուտես, ատամներդ կը փշրես: Որպէսզի ուտելիք ոսպ դառնայ, հատիկ հատիկ պէտք է ընտրել, աւելորդները, քարը եւայլն մէկդի նետել: Մէկ բան ալ նկատի առ, որ անոնց կաշին հաստ է, նուրբ չէ մնացածներու նման: Գերադասելի է ուտել փոքր ոսպերը, իսկ մեծերը ցանքի համար գործածել:
Ուրեմն, քու գիտական հիմնաւորումը վրաս գրէ: Իմ եզրակացութիւնը տարբեր է: Կ’ընդունիմ, որ ծայրագաւառներու մէջ կը պատահին ուժեղ անհատականութիւններ, նուիրուած հայեր, քաջեր, մանաւանդ նախաձեռնողներ: Բայց ատկէ եզրակացնել, որ ծայրագաւառներու մէջ պէտք է որոնել հայութեան ոյժը, ամբողջացումը, փրկութիւնը` պատրանք է:
Սերգէյը իմ տեսութեանց հիմքը խախտած էր, բայց անոր պատերը դէռ չէր փլցուցած: Ես շուարած էի եւ զարմացած: Հարցուցի թէ իր ըսածն ի±նչ էր: Ան բացատրեց.
- Դու իրաւացի ես, երբ կ’որոնես ուժեղ անհատականութիւնները ծայրագաւառներուն մէջ: Ես պիտի աւելցնէի նաեւ արտասահմանը: Այդ կը հաստատէ քու «կենտրոնախոյս» օրէնքի տեսութիւնը: Ռուսիոյ մէջ Եռմակները (Եռմակը` Սիրպիրը նուաճող եւ Ռուսիոյ կցող կոզակ պետն է) փառասիրութիւն եւ փքուած մեծութիւն տուին կայսրութեան իրենց արկածախնդրութեամբ: Բայց ուրիշ ի±նչ տուին անոր: Մենք ալ ունեցած ենք մեր Եռմակները, մեր արկածախնդիրները, ինչպէս Չմշկիկը եւ բազմաթիւ հայ կայսրներ: Նայց, ասա տեսնեմ, անոնք բացի վնասէն, բացի սին փառասիրութենէն Հայաստանին եի հայութեան ի±նչ տուին: Այս կենտրոնախոյս ոյժերը, ինձմէ լաւ գիտես, բացի վնասէն եւ կորուստէն, օգուտ չեն բերած:
Գանք մեր ծայրագաւառներուն, բդեշխութիւններուն, որոնցմով հիացած ես: Անոնցմէ մէկը գոնէ` Ղարաբաղը, ես լաւ կը ճանաճեմ, քանի որ անոր զաւակն եմ: Քու աչքը եւ ականջը լցուած են գեներալներու, իշխաններու, մելիքներու պատմութիւններով: Դուն շլացած ես Բագուի միլիոնատէրերու, մտաւորականներու, յայտնի ռումբ ու ատրճանակ բանեցնողներու եւ կամ Դումաններու, Վարդաններու անձնազոհ եւ հայրենասէր հրապոյրներով: Եւ ատկէ տպաւորուած` եզրակացուցած ես որ հայութեան ծաղիկը, ոյժը, միտքը եւ թափը կը գտնուի Ղարաբաղի մէջ եւ ան ու անոր նման ծայրագաւառները պէտք է լինին մեր նպատակն ու ելակէտը: Այդ եզրակացութենէն աւելի մեծ ու վնասակար սախալ չի կարող լինել: Ահա թէ ինչո՛ւ:
Հայաստանի ծայրագաւառներուն մէջ խտացած են հայութեան լաւը եւ վատը` իրարու խառնուած: Հայութիւնն ալ ունի եսասիրութիւն, սնափառութիւն, ոխակալութիւն, նենգութիւն, չափազանցուած մեծամտութիւն, թրվռանութիւն, անմիտ յամառութիւն, արկածախնդրութիւն, հաւաքականութեան բացասում, աւանդութեանց մերժում, օտարամոլութիւն, ինքնիշխանութիւն, ո՛ր մէկն ըսեմ: Ասոնք արճիճի նման կը ծանրացնեն անհատը: Եւ, որովհետեւ ծանր են ասոնք ալ, քու կենտրոնախոյս տեսութեամբ կը համախմբուին քարմաղի եզերքներուն: Այժմ կ’ըսես, թէ այդ եզերքներուն վրայ համախմբուած են նոյնպէս Դումանի նմանները, առաքինութեամբ, հայրենասիրութեամբ եւ այլ լաւ յատկութիւններով օժտուածները: Ճիշդ է: Բայց ի±նչ արժէք ունի այդ, երբ ան խառնուած է բացասականին հետ: Հասկացիր. երբ դրականը եւ բացասականը կը խառնես, զերօ կը ստանաս: Եւ ատոր համար ալ բնաւ յոյս մի՛ ունենար, որ Ղարաբաղով կամ այլ ծայրամասով դու Հայաստան կ’ազատես: Ընդհակառակն, եթէ Հայաստան չլինի, այդ ծայրագաւառները կորած են, այնտեղ հայ պիտի չի մնայ: Հայաստան լինի, այդ ծայրագաւառները, եթէ գլխացաւանք չդառնան, կը մնան կցուած իբր անհանգիստ սահմանապահեր` ռուս կոզակներու նման: Ատոր համար ալ դուն կը սխալիս, երբ կը ձգտիս երթալ Ղարաբաղ կամ Վասպուրական, եւ մենք ենք ճիշդը, որ կը ձգտինք դէպի բարձր Հայք եւ Տարօն:
Երբ Սերգէյը այս տեսակէտներն ունէր, ինչպէ±ս պատահեցաւ որ ան հետագային դարձաւ Վանի Արամ: Ի±նչպէս պատահեցաւ որ ես դարձայ Տարօնի Ռուբէնը: Ասոր պատասխանը ես ալ չունիմ Արամին նման: Այդ գուցէ պատահմունք էր, բայց գուցէ ե՛ւ տարբեր բան մը, ենթագիտակցութիւն մը, որ թէեւ մեզ կը ղեկավարէ, բայց ինքը չկայ:


Շար.52

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝