Յայտարարութիւն

Wednesday, March 3, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 53 - Ռուբէն

Սերգէյի հասկացողութեամբ` մեր հայրենիքը նման է ընկոյզի մը, որ կը բաղկանայ միջուկէ մը, կեղեւէ մը եւ կեղեւի պաշտպան կանաչ կաշիէ մը: Միջուկը կ’ընկնի Արաքսի, Կուրի, Եփրատի եւ Արածանիի վերին ակունքներուն վրայ, - այսինքն Շիրկաը, Կարսը, Բարձր հայքը, Տարօնը: Կեղեւը կ’ընկնի նոյն գետերու միջին հոսանքներու վրայ, աւելացրած Ճորոխի հոսանքը: Կաշին կ’ընկնի նոյն գետերու ստորին հոսանքներուն վրայ, աւելացրած Վանայ Ծովի հովիտը եւ Տիգրիսի հովիտներուն աղբիւրները:
Եւ Սերգէյը կ’եղրակացնէր. –
- Կորիզը որ լինի, ան ինքը կեղեւը կը ստեղծէ: Կեղեւը, որ ստեղծուեցաւ, ան իր կաշին կը ստեղծէ: Եթէ կեղեւ ու կաշի ունենաս, բայց կորիզը չունենաս, ընկոյզը փուճ է: Ուրեմն, մեր առաջին նպատակը պէտք է լինի ազատագրել Հայաստանի կորիզը:
Ահա այս է մեր տարակարծութեանց պատճառը, - կ’աւելցնէ Սերգէյը:
Հայութիւնը նոյնպէս երեք տեսակ է, մէկը միւսը լրացնող, բայց տարբեր բնոյթով: Հայ անունը կու տանք ու կ’երթանք, անոր համար կ’աշխատինք, բայց զայն ոչ կը ճանաչենք եւ ոչ ալ գիտենք, թէ ո±ւր է: Ամէն հայ, որ յադ անունը կը կրէ, հօ լրիւ հայ չէ: Հայաստանէն դուրս եղած հայերը ո՛ր գաղութներուն մէջ ալ որ կ’ապրին – Ղզլար, Մոզդոկ, Արմաւիր, Ստաւրոպոլ, Ռոստով եւ Նոր Նախիջեւան, մինչեւ Խարկով եւ հեռուները, չես գիտեր թէ ի±նչ են, հա±յ են թէ չերքէզ, ռո±ւս են թէ կոզակ. կարծես սալորի վրայ պատրաստուած ծիրանի պտուղ լինին: Երեսին, քթին կը նայես` հայ է. լեզուին կը նայես, հոգին կը դիտես` ռուս է: Երբեմն ալ հակառակը կը պատահի. երեսին կը նայես` ռուս է իր ցախի մազերով եւ վեր ցցուած քիթով. ներսը կը նայես, լեզուն կը լսես` հայ է: Ջորի մըն է ան, որ իր տարբեր ծնողները կը յիշեցնէ եւ այնքան հայ է, որքան հայաստանի եւ անոր ուն հայութեան հովը կը փչէ. առանց այդ հովին եւ շունչին ան հայ չէ:
Երբ կը մօտենաս Հայաստանին, ան ընկոյզի նման ծրջապատուած է հաստ եւ ամուր կեղեւով: Այդ ամուր կեղեւը քու չորս բդեշխութիւններն են, որ կը շրջապատեն բուն Հայաստանը եւ հայութիւնը: Այդ կեղեւը, որուն մէջն է քու մտասեւեռումը` Վասպուրականը եւ քու սիրած Ղարաբաղը, անհրաժեշտ մասն է Հայաստանին եւ հայութեան, բայց իր առանձին կենսունակութիւնը չունի. ան կեանք ունի, քանի, քանի փակած է իր կորիզին: Անոր կեանքը կախուած է այն մազանման երակներէն, որ կորիզը կապած է իրեն. ատոնց միջոցով ան կը սնուի եւ կեանք կը ստանայ: Կտրէ՛ այդ երակները, ան կը մեռնի եւ կը բաշնուի հայութենէն, վառելիք փայտ կը դառնայ, իսկ իր միջուկը անպաշտպան կը մնայ:
Ապացոյ±ց կ’ուզես, մեր Շուշին բերեմ, որ արդէն այլասերման ճամբու վրայ է: Շնորհիւ այն բանին, որ հաղորդակցութեան ճամբաները Հայաստանի հետ նուազած են եւ ուժեղացած են Բագուի եւ Ռուսիոյ հետ եղած ճամբաները Երկրի կորիզի հետ պակսած են, իսկ Ռուսիոյ հետ ուժեղացած վարչական միտումնաւոր բաժանման միջոցով, այդ շրջանի հայութիւնը այժմ երեք բաժին է եղած. երկու բաժինը հայութեան շահերուն դէմ է եւ մէկ բաժինը միայն Հայաստանի ու հայութեան օ•տին կ’աշխատի: Ստեղծուած է արդէն դասակարգ մը, որ Հայաստանի մէջ չկայ: Անոր կենտրոնը Բագուն եւ ռուսիան է, իսկ ճանկերը եւ տկմազերը` Ղարաբաղը: Այդ դասը դրամատէրերն են, որոնք ծագումով հայ են, բայց միջազգային եւ ռուսական առաջապահներն են: Անոնք յաւակնութիւն ունին հայութիւնը ղեկավարելու, բայց հայութիւնը կը համարեն պատուանդան միայն ռուսական յարկի տակ կենդանական կեանք մը քարշ տալու համար: Այդ դասը դարձած է չարիք մը հայութեան ամբողջական համար. ան խայծ մըն է եղած հարեւաններուն համար. ան կարթ մըն է դարձած ռուսի ձեռին` հայութիւնը որսալու: Ան մեր թշնամին է` հայութեան անունը շալկած:
Մտաւորական դասը նոյն չարիքն է դարձած, ինչ որ առաջինը: Իմ ընկերներէն չե±ն միթէ Ծատուրեանը, Նարիմանը, Ղազարը, Մռաւեանը (Սոց. Դեմոկրատներ), որոնք իրենց եռանդով, ոյժով, պատրաստութեամբ գուցէ աւելի արժէքաւոր են: Բայց անոնք ծառայ են ռուսական հզօրութեան եւ գործիք` հայութեան անոր մէջ ձուլման, թէկուզ խօսքով անոնք աոր դէմ լինին եւ չուզենան: Երբ նոյնիսկ Անանունները եւ Բաշխիները մտասեւեռում ունին, ոչ նախապաշարում է ազգային գաղափարը եւ որ միջազ•այնացումը պէտք է լինի մեր նպատակը, մի±թէ այդպիսիները չեն նպաստեր հայութեան կապերը ջլատելուն եը ռուս ջրաղացին ջուր աւելցնելուն: Անոնք թէկուզ փոշմանին, բայց իրնեց վնասը տուած կը լինին:
Կը մնայ երրորդ բաժինը` ինձպէսներէն եւ գիւղացիներէն կազմուած, որուն կապերը հայ կեանքին հետ դեռ չեն չորցած: Անոնց օգուտը որքա±ն կը լինի, երբ անոնք միայն մէկ երրորդը կը ներկայացնեն:
Այս մատնանշումները ըրի, որպէսզի ըստ այնմ արժէքաւորես մեր ծայրագաւառները եւ ըմբռնես, թէ կարեւորը անոնք չեն, այլ միայն եւ միայն Հայաստանի միջուկը, առանց որուն բոլոր հայութիւնը դատապարտուած է ոչնչացման: Եթէ այդ կորիզը մեռնի, մեռած են ամէնքը: Ատոր համար ես իմ կեանքը կ’ուզեմ ալ Հայաստանի միջուկին:

Շար. 53

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝