Յայտարարութիւն

Thursday, March 4, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 54 - Ռուբէն

Սերգէյի տեսակէտները հայութեան զանազան տարերու մասին խախտած էին իմ «քարմաղ»ի տեսութիւնը: Եւ, եթէ բոլորովին ձեռք չէի քաշած անկէ, լրջօրէն կը մտածէ
ի որ ընկոյզի կեղեւը, առանց միջուկի, անպէտք բան մըն է:
Ես ինքս այդ միջուկէն եմ ծնուած եւ բոլոր դրսի հայերը եւ օտարները մեզի «կռօ» սորնացուցիչ անունը կու տան: Գուցէ ատկէ էր, որ չէի անդրադառնար յադ ՙկռօ՚ներու արժէքին, որուն մէջ թաքնուած է հայութեան կեանքը, էութիւնը:
Սերգէյը իմ ստորագնահատութեան մղձաւանջը փարատած էր եւ ես կ’անդրադառնայի միջին Հայաստանի վանքերուն, եկեղեցիներուն, որոնք տարբեր են, քան ուրիշներունը: Անոնք փողոցին նայող պատուհաններ չունին, այց ամէնքն ալ բարձր գմբէթներ ունին, ուղիղ անկէ երկնքի լոյսը կ’առնեն եւ այդ երկնքի լոյսին տակ մեղաւոր ու անմեղ կը հաւաքուին: Մտքովս կը թռչէի դէպի Քսենեֆոնի ժամանակէն մնացած հայ գիւղերը եւ անոնց տները, որ յամառօրէն կը շարունակուին մինչեւ այսօր: Ոլոր ու մոլոր, շրջագիծ կազմող անվերջ նեղ փողոցներ, բնաւ պատուհան չկայ, միայն մէկ-մէկ ծակ, բացուած երդիքէն ու պատէն, կարծես խլուրդի բնելու դռներ լինին: Ծակէն ներս մտար, ոլործուն բակը քեզ կ’առաջնորդէ տան տուն, որ յար եւ նման է մեր գմբէթաւոր վանքերուն: Հաստ գերանները, իրար խաչկապ կազմելով, կը բարձրանան եւ կամար կը դառնան. գմբէթի գլխուն կլոր պատուհան մըն է բացուած, ուրկէ Աստուծոյ լոյսը կու գայ եւ ծխնելոյզի պէս օդը կը մաքրէ: Տան տունն ալ փողոցի հետ գործ չունի, ան ինքնիրեն եւ իր ընտանիքին հետ է:
Ընտանիքը ուրշներու մօտ այն զոյգ անձրն են, որ ամուսնացած են եւ իրենց ընտանիքներէն բաժնուած` առանձին տուն են կազմած: Շատ շատ անոնք մէկ շնիկ կամ մէկ կատու իրենց հետ, ընտանքիը զուարճացնելու: Այդպէս չէ, սակայն, Հայաստանի կորիզի մէջի տունը: Հայ տունը Նոյան տապանի նման է: Անոր յարկի տակ, իր ընտանիքի անդամները, կը պատսպարուին եւ կը սնուին ոչ միայն մարդիկ, այլեւ ընտանի բոլոր կենդանիներուն սերունդները: Մարդիկ, քանի մեծ պապը չիպուխը բերնին կը ծխէր, քանի մեծ մամիկը` բանալիները կողքին` կը կառավարէր, իրարու հետ մէկ յարկի տակ կ’ապրէին իրենց զաւակներով, թոռներով, ծոռներով, թէկուզ անոնց թիւը լինէր քանի մը տասնեակ: Ընտանիքի անասուն անդամներուն թիւը հարիւրներ կը դառնար եւ նախիր մը դուրս կ’ելլէր դռնէն, նայց անոնք ամէնքն ալ մէկ տան հարազատ անդամներ էին:
Փարւանայ լճի մօտ եղած Գանձա գիւզացի Ստեփանի տունը կու գայ աչքիս առջեւ: 70 անձիք էին ընտանիքի անդամները եւ քանի մը հարիւր ալ անասուններ: Անոնք իրար կը ճանաչէին եւ կը սիրէին:
Կը յիշեմ անոնց դռներուն կեցած գէլխեղդ շները, որոնց վախէն մարդիկ սարսափով կ’անցնէին, իսկ նոր տոտոխ ելած (քալել սկսած) մանուկները հացը կծելով, գամբռի պոչը բռնած, ձի կը խաղային, իսկ գամբռները լեզուները դուրս ձգած` անոնց կը հոտոտային:
Կը յիշեմ մութ ատէն, եղջիւրները ցցած, արեւէն շլացած, գոմէշն ու եզները, որոնք դուրս կու գային բարկացած, կարծես կռիւ կը փնտրէին. բայց մէկ պատանի, թռած ամեհի գոմէշի մէջքիմ, իբրեւ թագաւոր անոր հրաման կու տար` աջ գնալու, ձախ գնալու...
Կը յիշեմ հարսները, որոնք քրտինք մտած` ջրով, ֆռչայով (խոզանակ, աւել) կենդանիներուն մսուրը կը լուային, կարծես իրենց երեխային օրօցքը կը մաքրէին. իսկ տան երիտասարդը սալայատակը կը մաքրէր թրիքէն, աղբէն եւ չոր-ցանը տակը կը սփռէր ու կենդանիներուն անկողին կը շինէր: Մեծ քթոցներով գարմանը, խոտը եւ գարին կու գային եւ մսուրներուն մէջ իւրաքանչիւրին կերակուր կը պատրաստէր:
Կը յիշեմ ուտելու ժամը, երբ ընտանիքի բոլոր անդամները տուն կը վերադառնային: Ամքն մէկը իր լեզուով կը խօսէր. կովը կը բառաչէր, շունը կը վնկվնկար, այծը կը մկրտար, ձին կը խրխնջար, էշը կը զռար, հաւը կը կչկչար: Եւ կը շտապէին ամէնքը իրենց մսուրները: Ու երբ բոլորը կարգին իրենց տեղերն էին, անոնց հօտազները կը վազէին տան տունը ըսելով ՙՆանէ, անօթի եմ՚, եւ կը հանէին իրենց դգալները եւ թանապուրի վրան կ’ընկնէին:

Շար. 54
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝