Յայտարարութիւն

Friday, March 5, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 55 - Ռուբէն

Երբ այս նկարները կայծակի արագութեամբ գլխուս մէջ կը սուրային, միջին Հայաստանի յետամնաց ՙկռօ՚ ընտանիքը տիեզերք մը կը դառնար, ուր գազանն ու գառը, ասունն ու անասունը, իրար գտած եւ մէկ ընտանիք կազմած, մէկ հզօր ոյժ էին ստեղծած, որ հիմնուած էր ոչ թէ սահմանափակ եսական սիրոյ, այլ ընդարձակ սիրոյ վրայ դէպի բնութիւնը:
Կ’անդրադառնայի, թէ սէրն ու ամուսնութիւնն ալ, որ պարզ հարց կը թուար, տարբեր բովանդակութիւն ունէր Շիրակի, Ախալքալաքի, Կարսի, Տարօնի ու Բարձր Հայքի համար: Մինչ ամէնուրեք սէրը, ամուսնութիւնը անձի երջանկութեան եւ անոր ներկայի ստեղծագործութեան ազդակ է` Արեգ հօրքուրներու համար, որ թառած էին գետերու վերին ակունքներուն, այդպէս չէր: Անոնք ներկան կամուրջ կը համարէին ապագային համար: Եւ անոնց բուն նպատակը ներկան չէր, այլ ապագան: Անոնք կը դատէին, երբ տունը հարս կ’ուզէին բերել:
- Սէրը մէկ կողմ դնենք, ըսելիք չունիմ հարսին համար. ամէն ինչ տեղն է, իրար ալ կը սիրեն, բայց մէկ բան պակաս է` հարսի զիստերը կլոր չեն: Տղայ պիտի ունենա±յ հարցական է: Ես հակառակ եմ:
Եւ Արեգ հօրքուրը կը փսորէր սէրը:
Երբ փեսայ կ’ուզէին ունենալ, կը դատէին.
- Ինրո±ւս պէտք է փեսային հարստութիւնը, անոր գեղեցկութիւնը, կը սիրէ± աղջկանս` բարի, բայց մէկ պակասութիւն ունի` թխնափաս (թոքախտաւոր) է: Ես հակառակ եմ:
Եւ կը փորէին սէրը:
Կ’անդրադառնայի, թէ ինչո±ւ անոնք, անասուն լինէր թէ ասուն, երբ յղի էին, պատուի էին եւ սրբազան: Տան անասունը, երբ ստերջ (ամուլ) չէր, բնաւ չէին մորթեր: Իսկ երբ սխալմամբ իր տան հաւը կը մորթէին եւ փորէն «քուռնիթը» կը գտնէին, ինքզինքնին կ’անիծէին եւ այդ մորթուած հաւի միսը չէին ուտեր:
Կ’անդրադառանյի, թէ ինչպէ՜ս տան հարսը, ինչքան ալ կռուազան լինէր, եթէ տարին մէկ զաւակ կու տար, յարգի էր եւ անոր կամայականութիւնը հանդուրժելի կը դառնար: «Ածան հաւը կչկչան կը լինի, վնաս չունի, ան մեր աչքի վրայ», - կ’ըսէին: Իսկ այն տան հարսը, որ անատակ էր զաւակ բերելու, աւելի նուազ յարգի էր, թէկուզ աւելի բարեշնորհ լինէր: Վա՜յ այն հարսին, որ ստերջ կը մնար. եթէ լինէր երկնքի հրեշտակ ալ, կը համարուէր Աստուծոյ պատիժ: Եւ կը հանդուրժուէր, որ անպտուղ հարսի կողքին ամուսինը երկրորդ կին մը բերէր, թէպէտ օրէնքը կ’արգիլէր այդ բանը:
Նոյն վերաբերմունքն էր, երբ անպտղութեան յանցանքը տղային կողմն էր: «Ջանըմ, հարաքաթ (կարողութիւն) չունի, ի±նչ կնիկ առել նստել է, թող թողնի երթայ` տիրացու, աբեղայ դառնայ», - այսպէս կը փակէին հարցը` օրէնքը կոտրելով, բայց ապագայի ստեղծագործութիւնը փրկելով:
Ես ինքս ինձ կը մտածէի. Ճիշդ կ’ըսէ Սերգէյը: Տարօնէն բռնած մինչեւ Գուգարք, այս կարմիր արախչինաւոր, կարմիր գոգնոցով հայերը, իրենց ընտանիքի անդամ դարձուցած են շունն ու կատուն, քանի որ անոնք թշնամի են իրենց թշնամիներուն: Ցուլը կռտած եզ են դարձուցած եւ անոր ընկեր ու եղբայր են եղած, որովհետեւ գործի ընկեր է: Անոր միսը բնաւ չեն ուտեր, քանի որ իրենց տնէն է: Կովը եւ միւս կենդանիները սրբազան են, քանի որ անոնք կը յղիանան: Իրենց զաւակներուն ալ այդպէս կը նային: Ինչ որ ապագան կը պահէ, բարի է եւ սրբազան. ինչ որ ապագային չի նպաստեր, արժանի է վաճառքի եւ ուտուելու:
Արդ` չլինի± թէ այս ըմբռնողութեան մէջ է հայութեան տնտեսական ոյժին, անոր յարատեւութեան գաղտնիքը: Չլինի± թէ ասունի եւ անասունի պտղաւորութեան մէջ է հայութեան ինքնապաշտպանութիւնը եւ, իրօք, ան է որ կը պահէ հայութիւնը իր թիւով ու որակով: Եւ ես կը հակուէի Սերգէյի կարծիքին, բայց դժուար էր մէկ անգամէն ձեռք քաշել իմ «քարմաղի» տեսութենէն. իսկ Սերգէյը կը շարունակէր ինձ տարհամոզել, չգիտնալով որ ես կէս խորտակուած եմ:
- Լսիր, լսիր, - կ’ըսէր ան.- Հայաստանի կորիզի մէջ ստեղծուեց գրաբար լեզուն: Սահակ եւ Մեսրոպ եղան անոր շէնք տուողները եւ մէկ ազգ ու մէկ լեզու շինեցին: Ելան ծայրագաւառները, Կիլիկիան, գաղութները, Պոլիսը կամ քանաքեռը իր Աբովեանով եւ ըսին «Գրաբարը ծերացել է, ժողովուրդին անհասկանալի է դարձել», եւ ոյժ տուին աշխարհաբարի տարածման եւ գրաբարի մեռացման: Գուցէ իրաւացի էին: Բայց ո±ր աշխարհաբարը, այդ չհասկցան: Եթէ անոնք հայ գետերու ակունքներուն վրայ նստող հայութեան լեզուն հիմք բռնէին, այդ բանի մը նման կը լինէր. նա է հարաւը եւ հիւսիսը, արեւելքը եւ արեւմուտքը միմեանց կապող օղակը. ան է որ իսկական հայն է եւ հին ու նորի կամուրջը: բայց այդ չըրին եւ մեր լեզուին ալ քիթ ու մռութ դարձուցին: Այդ չէ միայն: Վռամշապուհը, Սահակն ու Մեսրոպը իրենց լեզուով ոչ –հայերը հայ դարձուցին, իսկ նոր բարենորոգիչները հայերը դարձուցին արեւելահայ եւ արեւմտահայ, կարծես թէ անոնք մէկ ազգ չլինէին (Տարիներ յետոյ Ջամալեանն ալ նոյն մտահոգութիւնն ունէր, բայց ան լուծումը կը գտնէր գրաբար մշակուած լեզուին յարութիւն տալու մէջ):
-
Սերգէյը, թէեւ ծայրագաւառացի, Կարս իյնալով, դարձած էր Բարձր Հայքեցի: Իսկ ես, Բարձր Հայքի ժողովուրդէն էի, իրաւունք կու տայի անոր իմ բանակութեամբ, բայց սրտով կը յամառէի մնալ ծայրագաւառի սիրահար: Չգիտեմ` ինչո±ւ: Թերեւս անոր համար, որ ՙհարեւանի հարս խորոտ կ’երեւայ»:

¢¢¢

Մեր այս անհոգ կեանքին չորրորդ օրն էր մեր ընանիքի յարկին տակ: Եղբայրս, երբ շուկայէն տուն եկաւ ճաշի, նամակ մը բերաւ, որով մեզի կը հրահանգուէր նոյն օրն իսկ մեկնիլ Գիւմրի (Ալեքսանդրապոլ):
Ոչ ես, ոչ ալ Սերգէյը գիտէինք թէ ինչո±ւ կը կանչուէինք: Տնեցիներն ալ արտակարգ բան մը չէին ենթադրեր: Միայն մայրս տխուր կ’երեւար եւ լրջօրէն հարցուց.
- Տղայ, մէկ ալ ե±րբ պիտի տեսնուինք:
Այդ հարցումը ինծի ծանր եկաւ...

Շար. 55
«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝