Յայտարարութիւն

Tuesday, March 9, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 57 - Ռուբէն

Ալեքսանդրապոլի այս տիպերը ես շատ էի տեսած: Այս հագուստ-կապուստը ինձ շատ հարազատ էր, քանի որ ան միջին Հայաստանի ազգային տարազն էր: Բայց այդ օրը օտարի պէս կը դիտէի եւ այդ բոլորը տարօրինակ եւ խորհրդաւոր կու գար ինծի: Գուցէ այդ անկէ է, որ Ապրիլի մէջ էինք, եւ սեռերը, կոկոններու պէս, այդ ամսուն կ’արթնան, իսկ իմ դիմացը նստողը երիտասարդ կին մըն էր, որ իր բադամ (նուշ) աչքերով ինծի հետ կը խաղար...
Այդ ախորժելի էր եւ զիս հոգիով մեղաւոր ու լուռ կը դարձնէր: Այդ մտածել կու տայ նաեւ քանի մը ժամ առաջ Սերգէյի հետ ունեցած խօսակցութեանս: Յիշեցի անոր խօսքը` թէ գետերու ակունքներուն վրայ նստող հայերն են իսկական հայերը, թէ անոնք են մեր ազգային միութեան օղակը: Եւ սկսայ զարգացնել Սերգէյի տեսութիւնը եւ մտածեցի, որ այդ հայերուն աղբիւրն ալ այս կինն է, իր հագուստով, որ կու տայ Հայկ Նահապետի օրերէն` անփոփոխ կերպով:
Այդ կինը նման էր իրենց քաղաքի հրաշագործ «Եօթը Վէրքի Աստուածածանին», նոյնպէս ոսկով, մարգարտով զարդարուած, լացող եւ գրաւող աչքերով, ոչ իրեն` այլ ուրիշին համար լացող: Երեւի, Անահիտ դիցուհին ալ այդպէս էր եղած, հրապուրիչ իր արգանդի պտուղին պատճառով:
Մինչ ես այս մահկանացու կնոջ մէջ յաւիտենականութեան աղբիւրները կ’ուզէի ճշդել, Սերգէյը, իր տաք բնաւորութեամբ, արդէն բարեկամացել եւ խօսքի էր բռնուել կնոջ ամուսնոյն հետը եւ կ’ըսէր անոր.
- Ստալեար (հիւսն) ախպէր, դու սովորել ես ռուս խօսքը եւ հիւսն խօսքը ստալեար դարձուցել եւ վրադ առել ես: Բայց ինչո±ւ ահա հարիւր տարի է որ ռուսը կը հարկադրէ ձեր քաղաքը կոչել Ալեքսանդրապոլ, իսկ դուք յամառօրէն կ’անուանէք Գիւմրի: Ես այդ խօսքը չեմ հասկնար. ի±նչ կը նշանակէ:
Ստալեար ախպէրը, երեւի իր կեանքին մէջ նման հարցումի չէր հանդիպած: Կարմիր մօրուքը ցցած` պահ մը մտածեց եւ ըսաւ.
- Գիւմրի, հըլբըթ (հարկաւ) Գիւմրի: Անունը պապոնցմէ պապոց այդպէս է կնքուած: Ռուսը եկեր է, անունը փոխեր է: Թո՛ղ ան Ալեքսանդրապոլ ըսէ, մենք ալ մերը կ’ըսենք, իսկական անունը կու տանք կը: Ես վերտեղէ±ն գիտնամ, թէ Գիւմրի ի±նչ ըսել է: Անուն է էլի, ամէն անունի նման: Կ’ըսեն ժամանակին գէօմրուկ (մաքսատուն) է եղած մեր քաղաքը: Դրա համար Գիւմրի անուն են տուած:
Յակոբը մէջ ընկաւ եւ իբր ուսումնական բացատրեց, որ կը սխալի «ստալեարը», որովհետեւ գէօմրուկ լինելէն առաջ Գիւմրին Գումայրի անունը ունէր:
Ուզեցին իմ կարծիքը ունենալ, բայց ես ուսերս թօթուելով ազատեցայ, թէեւ լսած էի Մոսկուայի մէջ գիւմրեցի Գ. Խալաթեանցէն, որ այդ անունը հին Կիմմէրներէն կու գայ եւ որ Գամիրք անունն ալ հոմանիշ է դրան: Ի±նչ կարիք կար գիտնալու անունը, երբ ահա մեր առջեւ նստած են մարդիկ, որ իրենց տարազով ամէն ինչ կ’ըսեն:
Կը մտածէի, թէ Սերգէյը ինչո±ւ չի տեսներ իր դէմը նստած, կաքաւի նման զարդարուն այս չքնաղ կնոջ տարազը: Հակառակ բոլոր այլ վայրերու կիներուն, որոնք կը պճնուին ըստ եղանակի, ըստ աշխատանքի ձեւի, ըստ տարփանքի ըստ «մոտայի», այս կնոջ հագած տարազը անփոփոխ էր, տանը թէ դուրսը, ձմեռը թէ ամառը, մինչեւ որ մեռնէր: Երբ կինը իր տարազը անփոփոխ կը դարձնէր, ուրեմն անոր ճաշակը, հոգին եւս բիւրեղացած էր եւ անփոփոխ նպատակ մը ունէր, այն է` պահել ինչ որ ունէր եւ ունեցածին վրայ աւելցնէր ինչ որ չունէր, իսկ չունեցածը իր աչքերուն տարփանքին մէջ էր: Ան, երեւի, չունէր զաւակ:
Սերգէյը երեւի չէր անդրադառնար, որ այս կնոջ տարազը իր սեփական ճաշակի ստեղծագործութիւնը չէր, ոչ ալ կը պատկանէր դերձակներու երեւակայութեան: Անոր ստեղծողը անցեալն էր, որ մթութեան մէջ էր կորած, հին հին դարերէն էր սկսուած, երբ Անահիտ դիցուհին կար Տարօնի մէջ, Արածանիի եւ Եփրատի ափերուն վրայ, Երզնկայի լեռներուն մէջ: Այդ տեղերէն սկսած մինչեւ Ախուրեանի, Ախալքալաքի մօտերքը, այս կնկան տարազն ունին կիները. ոսկի, մարգարիտ` գլուխներուն, կարմիր գոգնոցը` առաջները, կապոյտ չուխան ոսկի բանուածքով` իրենց հագին, հին վանքերու զարդանիշներու, իշխաններու կոյս աղջիկները եւ անպտուղ տիկինները ուխտի կ’երթային Անահիտ դիցուհու արձանին եւ պատրուակելով «ուխտը, զոհաբերութիւնը»` անձնատուր կը լինէին պատահական անցորդներուն, յանուն Անահիտ դիցուհուն, ոչ թէ ցնծութեան եւ հաճոյքի համար, այլ բեղմնաւորուելու եւ պտուղ տալու համար, յաւիտենականութեան սիրոյն:
Կնոջ աչքերուն նայեցի: Անոնք զիս կը դիտէին. այնքա՜ն շոյող, սակայն այնքա՜ն գրաւիչ էին, որ իմ աչքերը անոնց փակեցան: Կարծես կը լսէի կնոջ աղօթքը, պաղատանքը, որ զաւակ կ’ուզէր...
Սթափեցայ եւ, շուրջս նայելով, տեսայ որ ամուսինը Սերգէյի հետ տաք վէճը կը շարունակէր Գիւմրիի մասին: Կտրեցի անոր խօսքը.
- Ստոլեար ախպէր, դու իմ մէկ հարցումին պատասխանէ` քանի± աղջիկ կամ տղայ զաւակ ունիս:
Ստոլեարը շշմեցաւ, երեսը թթուեց, կնոջ կողմը նայեցաւ եւ, ինձ դառնալով, ակամայ ըսաւ.
- Զաւակներ ունեցայ, պզտիկ պզտիկ մեռան: Այժմ ես ոչինչ չունիմ :
- Այդ ես գիտէի, - պատասխանեցի եւ մտքիս մէջ ըսի. «Դու սուտ կը խօսիս»:
Այդ ժամանակ գնացքը կայարանի մէջ կանգնեց: Դիմացի կնիկը հայեացք մըն ալ նետեց վրաս: Բայց ես հասկցած էի արդէն անոր գաղտնիքը: Անոր միտքը ես չէի, այլ իր ապագան, իբր կամուրջ մը իր երջանկութեան եւ իր ամուսնու ինքնախաբէութեան: Ան մուրացկանի պէս ողորմութիւն կ’ուզէր: Ինչո±ւ ողորմիմ, մտածեցի եւ անոր երեսը այլեւս չտեսայ:
Շար. 57


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝