Յայտարարութիւն

Wednesday, March 10, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 58 - Ռուբէն

Գիւմրին` Անիի տեղապահ է, Շիրակի մայրաքաղաքը, բայց Անի չէ: Իր շուրջ 200.000 զուտ հայութիւն է հաւաքուած, թէեւ ինքը փոքրիկ քաղաք մըն է: Անիի պէս ունի իրեն կռուի գօտի դարձուցած պարիսպներ եւ խրամատներ: Չունի ե՛ւ անոր ծուռ փողոցները, խորիզէ գաթայի նման, ոչ ալ անոր պալատները կամ հազար ու մէկ եկեղեցիները, որոնք զարմանք կը պատճառեն իրենց գեղեցկութեամբ ու որոնք, սակայն լուռ են, ամէնքն ալ մեռած:
Գիւմրին տարբեր է: Ան ունի լայն, ուղիղ փողոցներ, տափակ, կարճիկ տներ, իր մեծութեան անհամապատասխան բազմաթիւ եկեղեցիներ, կարմիր եւ սեւ քարերով շինուած եւ Անիի աւերակ եկեղեցիներէ ընդօրինակուած:
Անիի կողքին Գիւմրին գաճաճ մըն է, գեղեցիկ չէ, նոյնիսկ տգեղ է: Եթէ չլինէին իր քանի մի ծառերը, որոնց «սադ» (պարտէզ) անունը կու տան եւ, եթէ հեռուէն չերեւար Արագածը, տաղտկալի վայր մը պիտի լինէր: Այսպէս լինելով հանդերձ, Գիւմրին շատ ցանկալի քաղաք մըն է: Հոն մարդու սիրտը կը բացուի, կ’ուրախանայ աւելի քան գեղեցիկ Անիի մէջ, ուր մարդու սիրտը կու լայ եւ գեղեցկութիւնը կը դառնայ ողբի շարական: Անիի բնակիչները մնացեր են չղջիկները եւ բուերը միայն, իսկ Գիւմրիի մէջ մարդիկ կ’ապրին, եւ գեղեցկութիւն ու կեանք կու տան քաղաքին:
Մանկութեան հասակէս շատ անգամ եղած էի Գիւմրի, բայց ոչ մէկ անգամ այնպէս չէի տեսած, ինչպէս Կարսէն վերադարձիս, երբ սովորեցի ոչ միայն տեսնել անշունչ տուները, տեսարանները, այլեւ աւելի` մարդիկը: Առաջները, միայն եկեղեցիներու գմբէթներուն վրայ աչքս կը թառէր: Ինչպէս որ յաճախ մարդ կ’իյնայ անտառը, բայց ծառերը չի տեսներ, այդպէս ալ ես ուսանողական, զինուորական տարիքիս երբ Գիւմրի կու գայի, մարդ չէի տեսներ: Իմ շուրջ մարդիկ կը վխտային, փափախները գլուխներուն, սեւ չուխատները հագին, լայն փաչաներով կարմիր սաւանի չափ թաշկինակները վզերուն, բայց ես զանոնք չէի տեսեր: Կողքէն կ’անցնէին` զիս հրմշտկելով, իրենց ճամբան բանալ շտապելով եւ երբեմն ալ զարհուրելի նայուածք մը տալով, բայց ես «կինտօ, կռօ» կ’ըսէի եւ չէի տեսներ: Փողոցները լիքն էին երեխաներով, դպրոցական պայուսակներ կրող աշակերտներով, անառակ, չար, քեզի խօսքեր նետող: Դռներուն կանգնած էին կնիկները` կարմր գոգնոցով, բայց ես կը մտածէի` «աբլաներ» են, եւ մարդ չէի տեսներ:
Յուսահատ կ’երթայի Գիւմրիի «սադը», ուր ինձ պէս կոյրեր կամ զարգացած քաղաքացիներ ձանձրոյթէն կը հաւաքուէին եւ ժամանակ կը սպասէին: Անոնք սովորական եւրոպական տարազով էին, ձեռներուն` փոքրիկ ձեռնափայտ, աչքերուն` ակնոց, հագած էին երկար նեղ փանթալոն եւ ճերմակ օձիք, գլուխներուն դրած` «մելոն» գլխարկ: Ասոնց մէջ ես ծանօթներ ունէի, սիրալիր, բարեկիրթ, բոլորն ալ «գրող» լինելու զառանցանքով տարուած: «Սադ»ի մէջ ինձ կը սպասէր Մոճոռեան բանաստեղծը, որ ունկնդիր կ’որոնէր: Ան կը հանէր ծոցէն խնամքով գրուած իր ոտանաւորները եւ կը կարդար ինձ. –

«Կապոյտ երկնքում աստղեր են փայլում,
Որոտ ու կայծակ գլխին են թափւում».

կամ ասոր նման բան մը: Եւ կարծիք կ’ուզէր ինձմէ: Ես սահուն կը գտնէի, բայց իրականին մէջ բան չէի հասկնար:
Ահա կը ներկայացնեմ ձեզ Սեդրակը, կարծեմ Մնջոյեան, որ դեռ Մոսկուա եղած ատեն իմ առաջին քարոզիչն է եղած Դաշնակցութեան: Ան եւս ինձ կը սպասէ իբր իր սանին եւ միեւնոյն դասերը տաբրեր խօսքերով կը կրկնէ:
Ահա ե՛ւ անոր հակաճառողը` Վեհապետեանը, որուն անունը ինձ պատկառանք կ’ազդէր: Ան կ’ընդունէր Մնջոյեանի ազգային տեսակէտները, բայց կ’աւելցնէր. - «Միջազգային բարենորոգումներով եւ յեղափոխութեամբ միայն մենք կրնանք ազատուիլ»:
Կային ե՛ւ ուրիշներ, աւելի ծայրայեղ մտքերով: «Զարնել բոլոր տիրապետողներուն, ովքեր ալ որ լինին»: Ասոնցմէ մէկը մինչեւ Թրանսվաալ գնաց, օգնելու Պոյերներուն: Անոր հանդիպեցայ Հնդկաստան տանող նաւու մը մէջ: Ան իբր Զինգէրի ներկայացուցիչ շրջած էր ամբողջ Ափրիկէն եւ կ’ուզէր վերադառնալ իրենց Գիւմրին, 15 տարի թափառելէ ետք:
Մեր այս շրջանակէն դուրս կային ե՛ւ այլ շրջանակներ, որոնք ծառերուն տակ առանձին առաձին կը շրջէին: Զոյգեր էին, մաքուր հագուած, այրերը մտաւորականի կամ զինուորականի համազգեստներով:
Կային ե՛ւ լրջախոհ, մտահոգ տեսքով, մեզմէ տարիքաւոր երիտասարդներ, որոնք ձեռնափայտերով գետնի վրայ խաղեր կը քաշէին, կարծես մեծ պետութեան մը սպայակոյտի անդամներ լինէին, եւ այնպէս մեզ խորթ կը նայէին, որ մօտիկնալ չէր լինի:
- Գիտե±ս այդ խումբը ովքեր են, - կը բացատրէր մէկը մեր խմբակէն, - Ճեմարանէն դուրս վռնտուածներն են: Այն մէկը Աւետիք Իսահակեանն է, որ ոտանաւորներ կը գրէ մեր Ֆարհատի ոճով եւ յետամնաց տիրացուի նման կամ Երգ Երգոցը եւ կամ Աբարանի գեղջկական երգերը կ’ընդoրինակէ: Մոտեռն չէ: Ոչ Նադսոն (Ռուս բանաստեղծ. որու գործերը ամբողջ ռուս երիտասարդութիւնը կը լացնէին) է, ոչ Լերմոնտով:
- Այն մէկն ալ գիւմրեցի չէ, քու հայրենակիցն է, նոյնպէս վռնտուածներէն: Անունը` Վահագն Դէմմիրջեան: Կ’ըսեն լաւ արձանագործ է: Բայց ի±նչ պիտի լինի Էջմիածինի հացը ուտողը: Կ’ուզէ Արտահան գնալ եւ տէրտէր դառնալ:

Շար. 58



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝