Յայտարարութիւն

Thursday, March 11, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 59 - Ռուբէն

Այսպէս, նաեւ միւսներու մասին ծանօթութիւններ կ’առնէի: Կը վիճէինք, աւելի շուտ կը բանբասէինք եւ շատ կ’ուզէինք որ այդ երէցները մեզ մադու տեղ դնէին, բայց անոնք իրենց շատ հեռու կը պահէին, երեւի մեզ «լակոտ» համարելով:
Իմ ծանօթութիւնը Գիւմրիի մասին կը սահմանափակուէր անոր խեղճուկ պարտէզով եւ այդ պարտէզի բնակիչներով, զորս ներկայացուցի: Բուն Գիւմրին իր բնակիչներով անտառի նման անհետաքրքրական էր եղած ինծի համար. «լոթիներու, կռոներու» հաւաքածու կ’երեւար աչքիս, ինչպէ±ս կրնայի կապուիլ անոր հետ, լինելով «ինտելիկենտ» մը:
Ինչպէ՜ս գոռոզ էին «սադի» բնակիչները, իրենք իրնեց վրայ սիրահարուած:
Մի օր, երբ հպարտութեամբ «Կապոյտ երկնքում աստղերն են փայլում, որոտ ու կայծակ գլխուս են թափւում» տողերը անգիր ըրած կը կրնկնէի, գիւմրեցի մէկը, լայն փաչաներով, ըսաւ ինձ.
- Այ ղուրումսաղ, թէ աստղերը կը փայլին, երկինքը կապոյտ է, ալ ինչ±ըղ որոտ ու կայծակ գլուխդ կը թափուին:
Այդ «ղուրումսաղը» ու Գիւմրիի սադը իր հասարկութեամբ, զիս յուսահատեցուցին, որ ամենապարապ քաղաքն է աշխարհի վրայ:

¢¢¢

1904ին, երբ Գիւմրի, Թախթի, Բասէնի եւ Կարսի շրջանները պտտելէ յետոյ, ես փոխուած էի, բայց Գիւմրին իր տեղն էր: «Ղուրումսաղ» հայհոյանքը յիշեցի եւ ա՛լ «սադի» կողմը չնայեցի, սեւ ու կարմիր գմբէթաւոր եկեղեցիներուն մօտէն անցայ, բայց զանոնք չնկատեցի:
Յակոբ Չիլինկիրեանը, որ գիւմրեցի էր, ըսաւ.
- Այժմ տղերքը անպատճառ հաւաքուած են, գործի վրայ են: Նախ` գնանք, տեսնենք թէ ի±նչ կ’անցնի կը դառնայ:
Եւ մեզ առաջնորդեց տուն մը, ուր մարդիկ կ’ելլէին ու կը մտնէին, կարծես «բիթ բազար» լինէր: Դրան առջեւ կը խօսէին բարձր, իսկ սրահներու մէջ` փսփսուքով: Դահլիճը մտանք, լուռ էին ամէնքը, կարծես նորահարս լինէին: Սեղան մը կար հոն դրուած, չորս կողմը խառն ի խուռն նստած էին մարդիկ, իսկ անոնց կեդրոնը` «կոլա շապիկ» փողկապով գեղեցկադէմ մարդ մը, որուն Վահան Ջալլաթեան անուն տուին:
Մենք որ ներս մտանք, ոտքի ելան եւ «Վա՜յ բարով եկաք» ըսելով, տեղ հրամցուցին: Վահանը իր աջ ու ձախ կողքերը առաւ Սերգէյն ու Յակոբը: Զիս չէր ճանչնար: Ոտքի մնացի, բայց ինձ ալ անկիւն մը տեղ մը ճարեցին:
- Ներեցէ՛ք մեզի, մէկ ժամ չի տեւեր այս բարեկամներուն գործերը վերջացնելը: Օրը երկու ժամ հոս կը ժամադրուինք, որ փողոցէն, խանութէն, սրճարանէն ազատինք եւ գործերը հանգիստ կերպով տեսնենք, - բացատրեց Վահանը: Դառնալով հերթի սպասողներուն, ըսաւ. – Կարճ խօսեցէք եւ հերթով մօտիկցէք:
Իրարու ետեւէն կը մօտենային կոմիտէներու, ենթակոմիտէներու ներկայացուցիչները: Հաշուեփակի էին եկած: Իրենց ծոցէն կը հանէին հաշուեկշիռները եւ կը ներկայացնէին, գրպանէն կը հանէին դրամները եւ կը հաշուէին ու ժամանակաւոր ստացագիր մը կ’առնէին մինչեւ հաշիւներու ստուգումը, երբոր կարմիր կնիքով ստացագիր պիտի առնէին:
Անոնց յաջորդեցին զեկուցում տուողները, խնդրատուները, այլեւայլ գործերով եկածները, որոնց ամէն մէկուն կարճ պատասխաններով կը բաւարարէին եւ կամ նոր ժամադրութիւններ կու տային գիշերուան համար:
Շարժանկարի նման այս գործողութիւնները, որքան ալ հետաքրքրական լինէին մեզ նման դիտողներու համար, յոգնեցուցիչ էին կատարողներուն համար: Վահան Ջալլաթեան իր դերը յանձնեց իր ընկերներէն մէկուն, որուն անունը չեմ յիշեր, եւ մեզ հրաւիրեց կողքի սենեակը սուրճ խմելու: Ոգեւորուած, ան ներկայացուց շրջանի կացութիւնը: Թէեւ ամէն բանի մէջ իր դերը կը մատնանշէր, բայց, ընդհանուր առմամբ, կ’երեւար որ Գիւմրիի կուսակցական այս շրջանը իր վերելքի մէջ էր եւ իր զանգուածը կը շնչէր եւ կ’ապրէր Կ.Կոմիտէի միջոցով:
Ոչ մէկ տարբերութիւն չէի տեսներ Կարսի եւ Գիւմրիի միջեւ: Գիւմրին նոյնն էր, ինչ որ Կարսը: Քաղաքը բաժնուած էր քաղաքամասերու, շրջանները` շրջանակներու, շրջանակները եւ թաղամասերը` խումբերու: Խումբ, ենթակոմիտէ, կոմիտէ, Կ.Կոմիտէ: Նոյնը ինչ որ Կարսի մէջ – կառավարութիւն մը հայկական` ռուս կառավարութեան մէջ. առաջինը` իրական, երկրորդը` ձեւական:
Շար. 59


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝