Յայտարարութիւն

Friday, March 12, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 60 - Ռուբէն

Ինչ որ Կարսի շրջանի մասին ըսի, եթէ փոխենք մարդոց անուններ եւ դերակատարներու դիմագիծերը, կը ներկայացնէ Գիւմրին իր շրջաններով: Ըստ իս` տարբերութիւնը կը մնար միայն այն, որ Կարսի սահմանային շրջան էր եւ հոն կային սահմանային կռիւներ ու անոնց մասնկացող զինուորներ, իսկ եթէ հոս` Գիւմրիի մէջ, այդ չկար, ատոր փոխարէն ան այդ կռիւներուն ռազմամթերք եւ այլ նիւթերմատակարարող վայրն էր:
Յակոբ Չիլինգարեանը գոհ էր, որ իր բնագաւառը սեւ երես շրջան մը չէր: Ես այնքա՜ն խանդավառ էի Վահանի տեղեկութիւններով, որ քիչ կը մնար ելլէի զայն համբուրելու:
Բայց Վահան Ջալլաթեանի համար, իմ եւ Յակոբի գնահատումները կարեւոր չէին. կարեւորը Սերգէյի գնահատութիւնը վաստակելն էր, որովհետեւ Սերգէյն էր դարձած Կարսի նահանգի կուռքը: Վահան զայն կը դիտէր եւ անոր տպաւորութիւնը կ’ուզէր հասկնալ: Բայց Սերգէյը գետին կը նայէր եւ բան չէր հասկցներ: Վերջապէս, լեզու ելաւ եւ հարցուց.
- Մենք ինչացո±ւ ենք, որ մեզ այդ լաւ բաները կը պատմես:
- Որ դուք հասկնաք դրութիւնը, հարեւան շրջան ենք:
- Ըստ իս` շատ լաւ չէ ձեր վիճակը: Դու Կ.Կոմիտէի մէկ անդամ ես, վտանգաւոր է Կ. Կոմիտէի մէկ անդամի համար իրեն ցուցադրելը: Այդ կրնան ընել գործիչները: Մի±թէ հոս ուրիշ մարդ չկայ, որ դու եւ քու ընկերները հրապարակ էք նետուած:
- Հասկցայ, - վիրաւորուած պատասխանեց Վահանը, - մենք Կարսի Կ. Կոմիտէն չենք, որ դաւուլը կախենք մեր վիզէն եւ չոմբախը տանք գործիչներուն ձեռքը: Մենք ոչ ծոյլ ենք եւ ոչ ալ վախկոտ:
- Կը սխալիս, ծուլութեան կամ վախկոտութեան հարց չկայ, այլ Կ. Կոմիտէի ապահովութեան: Ձուկը գլխէն կը բռնուի, իսկ դուք ձեր գլուխը կը ցուցադրէք եւ կը վտանգէք ամբողջ կազմակերպութիւնը:
- Այդպէս բան չկայ: Կարսում խառն է ազգաբնակչութիւնը, հոն անխառն է: Ձեր տանը գող կայ, հոս բնաւ չկայ: Հոս կարիք չկայ աչքապուկ խաղալու:
Սերգէյը լռեց դժգոհութեամբ, չպատասխանեց, բայց քթի տակ կ’ըսէր. «Ես չեմ հասկնար, թէ այս մարդկանց որոնածն ի±նչ է»:
Երբ բաժնուեցանք Վահան Ջալլաթեանէն եւ մնացինք Յակոբին հետ, որ ինձ նման հիացած էր Ջալլաթեանի վրայ, Սերգէյը ըսաւ.
- Կարսի մէջ ունինք Պլօ թագաւորը, որ սիրելի է, որովհետեւ իր լոպազութեամբ իրեն վնաս կը բերէ, իսկ կուսակցութեան` օգուտ: Ան մանուկ մըն է, ոչինչ չի փնտռեր, բացի իր վրայ ուշադրութիւն գրաւելէ եւ աֆարըմ փաղաքշութիւն վաստակելէ: Ձեր Վահանը այլ ապրանք է: Մութ է անոր որոնածը: Ձեզ վտանգ կայ: Օր առաջ անկէ ազատիլը բարիք է:
Սերգէյի այս կարծիքներէն դժգոհ էր Յակոբը: Ես ալ տարօրինակ կը գտնէի Սերգէյի բացասական վերաբերմունքը: Մի±թէ Սերգէյը անոնցմէ է, որոնք` ով ալ որ փայլի, ով ալ որ թափ ու եռանդ ցոյց տայ, անոր գլխուն կը զարնէ: Ըսի իրեն իմ կարծիքը, որ շատ վիրաւորեց զինք: Դառնացած պատասխանեց.
- Լաւ, թո՛ղ ձեր ըսածը լինի, անոր կաշին դաբախանան (խաղախորդարան) կը ճանչնանք:
Անցան մէկ թէ երկու արի: Կովկասէն եկողները պատմեցին, որ իմ հիացմունքի առարկայ Վահան Ջալլաթեանը հարուստի մը տղայ է փախցուցած` դրամ կորզելու համար: Կուսակցութեան ահաբեկման վախէն` ան փախած կորսուած է Ռուսիոյ խորքերը: Զարմացայ, շատ յուզուեցայ եւ զղջացի, որ անտեղի կերպով վիրաւորած էի Սերգէյը: Գրեցի անոր այդ մասին: Ան ինձ պատասխանեց.
- Յակոբն է այժմ, որ Վ. Ջալլաթեանի մահը կ’որոնէ: Ես ձեզի չըսի± որ նմաններու կաշին միայն դաբախանայի մէջ կարելի է ճանչնալ:
Իրաւունք տուի Սերգէյին եւ համոզուեցայ, որ բնազդով մարդը ճանչնալը, առանց տուեալի, կարեւոր բան մըն է եղեր: Բայց այդ շնորհքը, ըստ երեւոյթին, ինձ եւ Յակոբին տրուած չէր, այլ մայն Սերգէյին:
Շար. 60


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝