Յայտարարութիւն

Saturday, March 13, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -61- Ռուբէն

Գիւմրի շատ էի եղած, բայց զայն չէի ճանչած այնպէս ինչպէս որ պէտք էր: Համօ Ջանփոլատեանը, թէեւ հարուստ դասէն, բայց մարդամօտ եւ ծակ ու ծուկ մտնող էր. անոր ընկերացայ: Ան ինծի ըսաւ.
- Գիւմրի գալ եւ տունը նախաճաշել, փռան առջեւ չկանգնիլ եւ Գիւմրիի «եաղլին» չուտել, կը նշանակէ բան չհասկնալ:
Այդպէս ալ ըրինք եւ գացինք փուռ` ուտելու «եաղլին», որ համով տարբեր է այլ տեղերի «եաղլի»էն: Յաճախորդներու մէջ էր 12 տարեկան դարբինի աշկերտ մը, մրոտած թքով:
- Ուստաս 4 եաղլի կ’ուզէ, բայց տաք-տաք պիտի լինի:
- Այ օղուլ, տաք-տաք ինչպէ±ս կրնայ ըլլալ. մինչեւ որ տանիս, պիտի պաղի:
Տղան իր մրոտ քթով բորբոքուեց.
- «Այ օղուլ» դուն ես: Երբուանէ± քու օղուլը եղայ, ղուրումսաղ:
- Ծօ, ի±նչ ըսի որ ինձ ղուրումսաղ կ’ըսես, շա՛ն ձագ: Ես «եաղլի» չունիմ:
- Տես, տես, այնպէս հերսըս հանէյ կը, որ կ’ասես քարըմ գտնիմ եւ շան սատակ ընեմ. իստին աշէ (նայէ) եաղլիները տուր, թէ չէ քու հախէդ կու գամ:
Այս անհամաչափ կռիւը մրոտած քթով փոքրիկի եւ պեխերը ոլորած հաստափոր հացթուխի միջեւ զուարճալի էր եւ հետաքրքրական: Յաճախորդները կ’ուտէին եաղլին եւ ժպտուն աչքերով կը սպասէին այս աքլորամարտի վերջաւորոթեան, իսկ Համոն կրակին վրայ իւղ կը լեցնէր իր ծիծաղներով եւ կ‘ըսէր փռապանին.
- Տղան իրաւունք ունի, ուստան տաք-տաք եաղլիներ կ’ուզէ, ինչո±ւ կ’ուշացնես: Ինձ դառնալով կ’աւելցնէր. - Գիւմրին այսպէս է. մեծով, պստիկով կռիւ կ’ուզէ: Կռիւ որ չլինի, «եաղլու» տաք ու պաղի վրայ կռիւ կը բանայ:
- Իրաւունքը քուկդ է, դարձաւ տղային, իմ եաղլու կէսը դու կեր, մինչեւ փռէն տաք-տաք եաղլիներ դուրս հանէ քու ուստայի համար:
Տղան արհամարհական աչքերով չափեց Համոն եւ ըսաւ.
- Ի±նչ է, ինձ աղքա±տ կը կարծես որ քու աւելցուքդ ուտեմ:
Կռիւը կարող էր դառնալ մեր վրայ. մատներս լպլտկեցինք եւ ուղղուեցանք դէպի Վաղոյի «պատուալը» (գետնայարկը):

¢¢¢

Վաղոյի «պատուալը» անուն հանած էր. անոր մասին կը խօսէին նոյնիսկ Գիւմրիի սահմաններէն դուրս: Բայց թէ ի±նչն էր անոր առաւելութիւնը եւ արժէքը, գիտցողը չէր խօսեր, իսկ չգիտցողը այնպէս կը խօսէր, որ կարծես Երուսաղէմի կամ Ս. Կարապետի վանքը լինէր:
- Գիւմրի գնացիր, Վաղոյի պատուալը մտա±ր, - կ’ըսէին մարդիկ իրարու:
- Չէ՛, փնտռեցի, բայց չգտայ:
- Որ այդպէս է, բան մ’ալ չես տեսած. ես մտած եմ եւ Վաղոյին ալ ճակատը պագած եմ անոր անուշ գինին խմած:
Բայց չկարծէք թէ այդ մարդը ճիշդ կը խօսէր: Ան ո՛չ Վաղոյի պատուալը մտած էր եւ ոչ ալ Վաղոյի տեսած ու ճակատը պագած: Այդ բոլորը ան երեւակայած էր եւ ատով իր մօտիկութիւնը կ’ուզէր ցոյց տալ Վաղոյի գործին:
Շատերը մեր զինուորներէն, պահեստանոցներէն եւ կամ զէնք փոխադրողներէն կ’ասէին.
- Որքա՛ն ըսեցի Վաղոյին, որ մեծ արկղներով չտայ զէնքերը, պահել չի լինի, ականջ չկախեց:
Բայց պէտք չէր հաւատալ այդ ըսածներուն: Ճիշդ է, որ զինուորի ձեռքի զէնքը եւ մեր պահեստներուն մէջ եղածները Վաղոյի շնորհիւ ձեռք բերուած էին, բայց ինքը` զինուորը նոյնիսկ Գիւմրի չէր եղած եւ Վաղոյի պատուալը ո±ւր էր Վաղոն ո±վ էր` բնաւ չէր գիտցած:
Կ. Կոմիտէի անդամները, ինչպէս եւ աչքի ընկնող ընկերները հպարտ էին, որ առատութիւն կար իրենց զինամթերանոցներուն մէջ: Անոնք նման էին այն մեղուաբոյծին, որ հպարտ է իր ստացած մեղրի առատութեամբ: Բայց ինչպէս մեղուաբոյծին անծանօթ է, թէ ինչպէ±ս կը պատրաստուի այդ մեղրը եւ ո±ր տեսակի մեղուն է պատրաստողը, այդպէս ալ այդ ընկերներուն անծանօթ էին իրենց ձեռք բերած զինամթերքի աղբիւրը եւ ձեռք բերելու ձեւն ու միջոցը: Անոնց յայտնի էր միայն, որ Պատուալի Վաղոն իրենց այնքան զէնք կրնայ տալ, որքան որ իրենց ոյժ ունենան պարտկելու: Եթէ այդպիսիք, Ջալլաթեանի նման, ասէին թէ Վաղոյին հետ այս որոշեցինք, այս ծրագրեցինք, ականջ պէտք չէ կախէիր: Ճիշդ այդ էր, որ Պատուալի Վաղոն լիազօրութիւն առած էր Կ.Կոմիտէէն ամէն ինչ ընելու, որոշուած վայրի մէջ ապահով կերպով իր բերած զէնքերը թափելու առանց վճարումի:
Եթէ ես ալ ձեզ ըսեմ, որ հարցի էութիւնը լրիւ գիտեմ, ականջ մի՛ կախէք: Այդ գիտէին միայն Վաղոն եւ Սվազցի Բիձան (Յարութիւնը), որոնք իրենց ըրածն ու գիտցածը իրենց փորի մէջ կը պահէին:
Իմ գիտցածը պատմած են Սերգէյն ու Յակոբը, որոնք աւելի մօտիկ էին գործին եւ շատ մտերիմ` Վաղոյին: Եւ որովհետեւ Կարսի շրջանը գլխաւոր պարտկողն էր ձեռք բերուած ռազմանիւթ, աւելի հաւանական է որ անոնց պատմածը ճշմարիտ ու իրական էր: Անոնք ինձ հասկցուցած էին, որ Թախթի, Բասէնի եւ Կարսի մեր պահեստների աղբիւրը Պատուալի Վաղոն էր եւ պատուիրած էին նոյնպէս, որ այդ մասին ծպտուն չհանեմ, եթէ կ’ուզեմ իմ գլուխը փորձանքի չենթարկել:
Համոն ինձ կ’առաջարկէ Վաղոյի պատուալը:
Շար. 61



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝