Յայտարարութիւն

Sunday, March 14, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 62 -Ռուբէն

«Պատուալը», «պատուալը», երբ կ’ըսէին, ես կը պատկերացնէի Թիֆլիսի Տիլիպուճուրը, ճերմակ սփռոցներով, ծաղկամաններով, փայլուն սրուակներով եւ աման-չամաններով ու տեսակ տեսակ խորտիկներով, ուր ամէն ինչ կայ, բացի սոխակի լեզուէն պատրաստուած համեմներէ: Արդէն կը պատրաստուէի, Համոյի հաշւոյն, լաւ քէֆ մը ընել:
Համոն կանգ կ’առնէ փողոցի մը մէջ ծակի մը առջեւ, որտեղէն գինու եւ այլ խմիչքներու հոտը դուրս կը փչէ եւ ուր պէտք է երթայիր շունչդ բռնած, ոլորուն սանդուխներով, գետնի տակ:
Աղջամուղջին մթութեան մէջ, հազիւ կը նշմարես մի քանի սեւ սեղաններ առանց բազումթեան եւ դարակները շարուած սրուակներով. առաջը` դախլը, ետեւը երիտասարդ մը նստած: Անդին քանի մը տակառներ գինու եւ գարեջրի: Վաղոյի պատուալ ըսածը այս է եղեր...: Մի գուփ, առանց պատուհանի, լոյսի եւ խորտիկների, փորուած քարի ու հողի մէջ:
- Համօ ջան, դո±ւ ես, էս ո±ւր ես կորեր. երկար ժամանակ է մեզի չես հանդիպիր, ենտըր չես ըներ:
Ըստ երեւոյթին, մօտիկ մարդ էր խօսակիցը, որ Համոյի ձեռքը բռնած կը սեղմէր եւ բաց չէր թողեր: Կը թօթուէր ու կը թօթուէր եւ իր գեղեցիկ աչքերով կը շոյէր զայն:
- Վաղօ, ադ ի±նչ կ’ըսես կը: Ենտըր չեմ ըներ. դուք ենտըր չէք ըներ, ձեր Յակոբը ենտըր չ’ըներ, ինծի լակոտ կը կարծէ, իմ ուխտէն յետ կ’ընէ կը:
- Լաւ, լաւ, գիտեմ կը, սիրտդ մի՛ առնէ, բան մը կը շինենք: Ի±նչ հրամցնեմ: Հետինդ վէ±վ է:
- Քեզի պէս վերի արտի ցորեն, ես ալ` ձեր պոչը: Եկած եմ, տեսնենք իմ գործը կը լինի±:
Վաղոն աչքի տակով ինձ չափեց, լուրջ բայց սիրալիր կերպարանք առաւ եւ մի քանի տեսակ խմիչքներու սրուակներ վերէն վար առաւ:
- Ո±րը հրամցնեմ ձեզի, հարցուց Վաղոն եւ առանց պատասխանի սպասելու, լեցուց բաժակները:
- Այս ամենէն լաւն է, բարի յաջողում, - ըսաւ եւ իր գլուխը քաշեց: - Այժմ Համօ ջան, պատմէ թէ ինչպէս ուզեցիր մէկէն ե՛ւ հօրդ հարստացնել, ե՛ւ աղի գինը մէկէն ձգել:
Եւ Վաղոն, կողքերը բռնած, սկսաւ ծիծաղել, եւ Համոն վառօդի պէս պայթեցաւ: Ես այդտեղէն միայն հասկցայ Համոյի տնտեսական տաղանդը:
- Վաղօ, ի±նչ կը ծիծաղիս, քու գլուխն ալ հօրս գլխու պէս փայտէ± է շինուած: Իմ հաշիւը ճիշդ է, ձեռնտու եւ արդար: Աղի փութին 40 կոպէկ կու տան, չէ±: Այդ 40էն 15 կոպէկ կ’երթայ միջնորդներուն: 15ը կ’երթայ գրասենեակներու ծախքին, բանուորներուն, որոնց քթին ջուրը պիտի քաշել, կշռողին, հանուած աղը դասաւորողին, եւալյն: Տակը կը մնայ 10 կոպէկ հանքը բանեցնողին եւ կառավարութեան: Այժմս դու ըսէ. եթէ այդ աղը 10 կոպէկի ծախեմ եւ աւելորդ 30 կոպէկի ծախսէն ազատիմ, վնասուողը ո±վ պիտի լինի եւ օգտուողը ո±վ: Մի միլիոն աղ ուտող կայ մեր հանքէն: Թող չորս անգամ պակաս գնով ուտեն: Քանի մը տասնեակ, կամ հարիւր միջնորդ աղ ծախող կայ: Թող անոնք ալ վնասուին, հոգս չէ: Քանի մը հարիւր բանուոր կայ, անոնք ալ թող պայմանները փոխեն եւ այնպէս աշխատին: Իմ ըրածն ի±նչ էր, որ հօրս հետ միասին, ինձ մատի փաթթոց շինեցին: Ըսի բոլորին, թէ ով իր ձեռներով աղը կը հանէ, իր միջոցներով կը տանի, անոր կու տամ չորս անգամ պակաս գնով: Մարդիկ թափուեցան ոտքով, էշով ու ձիով, սայլով եւ ուղտով, իրենց քլունկով, իրենց բեռները առին 10 կոպէկով եւ երեք ամսուայ մէջ տարին այնքան, որ մէկ տարուայ մէջ չէր ծախած հայրս: Ի±նչ պակսեցաւ հօրմէս կամ կառավարութենէն: Անոնք շահեցան: Հասկցի՛ր, որ անոնց հէչ վնաս չի լինի եթէ հինգ կոպէկ ալ ծախուի: Հասկցի՛ր, որ աղահանը հազար տարի ալ անցնի, բնաւ չի զգար թէ իրմէ բան մը պակսած է: Անոնք ժլատ են, ագահ: Անոնք ոչ ուտել գիտեն եւ ոչ ալ դրամ վաստկիլ: Դուն ալ ելեր անոնց հետ միացեր իմ վրայ կը ծիծաղիս:
Համոն իր հօր վրայ թափուելիք թոյնը Վաղոյի առջեւ թափոց: Իսկ Վաղոն, թէեւ կը շարունակէր ծիծաղիլ, բայց ըսաւ.
Շար. 62



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝