Յայտարարութիւն

Tuesday, March 16, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 63 - Ռուբէն

- Քեզ անկեղծ կ’ըսեմ, ես խնդրի էութիւնը չէի հասկցած, բայց այժմ կը տեսնեմ, որ իրաւունքը քու կողմ է:
Համոն գոհ եղաւ, որ իրեն գնահատող մէկը գտաւ:
Երբ Համոն իր պատմութիւնը կ’ընէր, մէկը բարձրահասակ, ջղուտ եւ բարտի ծառի պէս համաչափ մօրօուքը սեւ, աչքերը թուխ եւ կատուի պէս փայլուն, կանգնեցաւ Համոյի գլխուն, ձեռները սեղմեց անոր ուսերուն եւ ըսաւ . –
- Հասկցայ որ քեզ լակոտ ըսողներն են լակոտ: Քեզմէ, Համօ ջան, մարդ դուրս պիտի գայ: Երբ նեղը մնաս, ես քու կողքին եմ:
Համոյի աչքերը փայլեցան.
- Բիձա ջան, նստիր: Վա՛ղօ, մէկ հատ լից Բիձայի համար: Ես քու հոգուն մատաղ, ինծի բոլորը լակոտ կ’ըսեն ու կ’երթան:
Երբ Բիձա անունը լսեցի, սարսուռը բռնեց զիս: Սերգէյն պատմած էր անոր սապոնած պարանի մասին, որով մարդ կը խեղդէր: Եւ Բիձան ինձ կը թուար մի պօա օձ, որմէ ազատում չկայ, թէեւ ան գեղեցիկ տղամարդ էր եւ վրան ոչինչ չկար հրէշային:
Վաղոն ու Բիձան էին մեր զինամթերքի աղբիւրները եւ անոնց շուրջն էին հիւսուած անհաւատալի յանդգնութիւներ եւ վճռականութիւններ:
Ի հարկէ այս առասպելական մարդոց ես ոչ մէկ հարցում ըրի իրենց ծառայութեանց մասին, բայց Յակոբի եւ Սերգէյի ըսածները պիտի փոխանցեմ ձեզի:
Գիւմրին զինուորական քաղաք էր, զօրանոցներով լեցուած: Հոն էին ե՛ւ բանակի գլխաւոր պահեստները Անդրկովկասի ճակատին համար: Այդ պահեստները կը պահպանուէին յատուկ զօրամասով, որ իւրաքանչիւր երկու ժամը կը ստուգէր կնքուած դռներուն կնիքները, որոնց անաղարտ լինելու դէպքում միայն` պահակը կը ստանձնէր պահակութիւնը:
Վաղոն գեղեցիկ էր, երիտասարդ, ամուրի ուրած եւ առատաձեռն: Ան քաղաքավար էր: Գիւմրեցի լինելով հանդերձ, տեղական տարազ չէր հագներ, այլ զինուորական, թէեւ առանց ուսնոցներու: Զէնքեր գնելու կուսակցական իր պարտականութիւնը նախապէս կատարած էր ճիշդ այնպէս, ինչպէս Յակոբ Կարսի մէջ, բայց ձանձրացած էր եւ կ’ըսէր.
«Կաթիլ կաթիլ փոր չի կշտանայ, մի այլ ճամբայ պիտի գտել»:
Կը ծանօթանայ պահեստներու պահպանման սպայի հետ եւ կը հասկնայ, որ նիւթապէս կը նեղուի: Անոր բացերը կը գոցէ, խմիչք, ուտելիք կը ճամբէ, եւ շուտով ընտանիքին մտերիմ կը դառնայ: Օր մըն ալ կ’առաջարկէ իրեն յանձնուած պահեստներէն երկուսը դատարկել այնպիսի ձեւով մը, որ կնիքները անվթար մնան եւ ոչ ոք գաղտնիքը հասկնայ: Եւ քանի որ տարին մէկ կամ երկու անգամ ընդհանուր քննութեան կու գան, ինքը այժմէն իսկ խնդրատու կը դառնայ իր տեղափոխութեան: Եթէ ի վերջոյ բացուի գաղտինքը, ինքը չի լինիր պատասխանատուն: Ասոր դիմաց ինչ որ կ’ուզէ կը վճարուի: Կարծեմ քսան հազարով կը համաձայնուին: Միաժամանակ, պահեստները պահպանող զօրամասի մէջ (թիւով 1000), Վաղոն կը գտնի շուրջ 25 հայ զինուորներ: Զանոնք կը կազմակերպէ եւ անոնցմէ կ’ընտրէ հինգ թէ վեց ամենավստահելիները, որոնք ծարաւի էին «Երկիր» գնալու: Խօսք կ’առնէ` իրարու հետ ապրիլ, իրարու հետ մեռնիլ եւ ամԷն վտանգ յանձն առնիլ:
Այդ ամէնը կարգադրելէ ետք, հարցը կը պարզէ Բիձային, որուն հետ մտերիմ էր:
- Իմ վրայ կը վերցնեմ մտնել զօրքի պահեստները եւ ինչ ոչ կայ հոն` թափել դուրս, դրան առջեւ, - կ’ըսէ Բիձային: - Այդ ինչպէս կ’ընեմ. հէչ մի հարցնէ: Դու կարո±ղ ես քու վրան առնել` իմ դուրս թափածը հեռացնելը եւ ապահով վայր մը փոխադրելն ու պարտկելը:
- Գործը դժուարին է, Գիւմրին ալ մեզ հետ կրնանք վառել, չեմ կրնար իսկոյն պատասխանել, գնանք տեղին վրայ, վերջը կը պատասխանեմ:
Կ’երթան ու ապա կ’որոշեն հետեւեալը:
Գործը կը բաժնուի իրարմէ անկախ երեք մասերու:
Բուն գողութիւնը պիտի կատարէ Վաղոն, երկու ընկերներվ եւ բանակի պահապան զինուորներով:
Գողցուածի փոխադրութիւնը եւ հետքերը կորսնցնելու պարտականութիւնը իր վրայ կ’առնէ Բիձան 10 ընկերներով, չորս կառապանով, մէկ հովիւով, չորս կառքով եւ 200 ոչխարով (այդ ոչխարները պիտի արածէին պահեստանոցի շուրջը, հետքերը սրբելու համար):
Գողցուածը պիտի պարտկէին կարսեցիք: Այս վերջին գործին համար կը խօսին Գիւմրեցի Յակոբին հետ, որ Կարսի գործիչին էր եւ որուն պաշտօնն էր զէնքերու գնումը:
- Երկաթուղու Վարչութեան հետ խօսք մէկ ենք ըրած` Տուլայի զինուորական գնացքներու բեռները վար իջեցնել կայարանի մը մէջ: Քեզ կարող ենք յանձնել զէնքերը այս ինչ բլուրին տակը. որքան որ պարտկես, կարող ենք բերել. վտանգն ու ազատումը քու վրան: Որոշուած ժամին ապրանքը պիտի ձգենք ու գնանք:
- Ի՞նչքան ապրանք կարող էք տալ եւ քանի± անգամէն, կը հարցնէ Յակոբը:
- Կ’ուզես օրը մէկ վակոն, կ’ուզես կէս, կ’ուզես չորս ֆուրկոն:
- Շաբաթը կը յուսամ չորս ֆուրկոն պարտկել, աւելին դժուար է: Ի՞նչ է գինը եւ ինչպէ՞ս վճարել:

Շար. 63


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝