Յայտարարութիւն

Wednesday, March 17, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 64 - Ռուբէն

- Ձրի է: Եթէ կարողանանք նուէր տալ 20.000 ռուբլի , անհաշիւ ապրանքի տէր կը դառնանք, դու պիտի տաս 10.000ը, մնացածը մենք կը ճարենք: Երբ ամէն ինչ յաջող գնաց, կ’ըսենք Կ. Կոմիտէներուն եւ յետ կը դարձնենք:
- Կ’երթամ այդ գործին, յաջողի թէ չյաջողի: Մէկ ալ չի հանդիպիր այսպիսի պատահար, եթէ ծուղակի մէջ չէք:
Յակոբը կը կանչէ ախալցխացիներու ամենափորձառու հին ընկեները, Ուսուլ-Խեչոն, Լեւոնը, Աշիկը, կը կանչէ նաեւ Մշեցի Սարոն, Արամայիսը եւ ուրիշները: Յանձն կ’առնէ «պարտկելու» գործը կազմակերպել եւ Վաղոյին կու տայ 10.000 ռուբլին:
Ատկէ ետքը երեք բաժան գործերը յաջողութեամբ կ’իրականան եւ հոյակապ գաղտնի ոստիկանական վէպի մը կերպարանքը կ’առնեն:
Վաղոն կը ներկայանայ իր բարեկամ գնդապետին, 5.000 ռուբլի առաջը կը դնէ եւ կ’ըսէ,
- Ինձ պիտի տանիս այդ գիշեր պահեստատունը, դուռը պիտի բանաս, վրայէն պիտի կղպես եւ պիտ կնքես: Երեք օրէն մնացած գումարը կը ստանաս: Երբ փորձանք պատահի, քեզ վտանգ չկայ, զիս անճանաչելի դիակ կը գտնես:
Պահակ կ’երեւայ սպայի հեռանալէն ետք, կնիքը կը ստուգէ եւ կը կանչէ. - «Ամէն ինչ կարգին է, գործիդ նայէ»:
Վաղոն մէկ ժամ առաջ եւ մէկ քառորդ ունի գործ ընելու համար: Պատուհանի հաստ երկաթէ խաչկապ ութը ձողերը կը սկսի սղոցել իր նուրբ գործիքներով: Տենդագին կ’աշխատի, դուրսը պահապանը ջղային դառնալով կ’երթայ կու գայ, հրացանը ուսին:
- Հինգ րոպէ մնաց իմ փոխուելուն, դադրեցո՛ւր. երեք օրէն ինձ նորէն կը բերեն:
Վաղոն պիտի մնայ, քանի որ չէ կրցած բոլոր ձողերը սղոցել: Կատուի պէս կը քաշուի դրան ետեւ: Կը լսուի ոտքերու համաչափ զարկը: «Կառաուլ, ստոյ» (Պահա՛կ, կեցի՛ր), - կը լսուի հրամանը: Կը մօտիկնան, կը զարնուին դրան եւ կախուած կնիքը կը շարժի, «Կառաուլ, շագոմ մարշ» (պահա՛կ քայլերով յառաջ): Վաղոն շունչ մը կը քաշէ: Պահակը յետ եւ առաջ համաչափ կը քայլէ:
Եւ այսպէս երեք օր ու գիշեր, իւրաքանչիւր երկու ժամ անգամ մը նոյն գործողութիւնը կը կատարուի:
Վաղոն անօթի է, բայց հաց չունի, ծարաւ է եւ մի սրուակ գարեջուր միայն բերած է:
Երրորդ օրը կէս գիշերին, դուռը կը զարնուի:
«Ես եմ»: Պահակը համաչափ յետ ու առաջ կը քայլէ պահեստատան առջեւ: Իսկ Վաղոն կրկին իր գործին է անցած եւ կէս ժամէն պատուհանը բացուած է: Անոր խաչկապ երկաթէ ձողերը, իբր մի ամբողջութիւն, այնպէս են բաժնուած պատէն, որ անհնար է բաժանումը նկատել, եթէ ամուր չես հրեր զայն:
Վաղոն կը մաքրէ փոշու հետքերը, դուրս կ’ելլէ պատուհանէն, ձողերը տեղը կը դնէ, պատուհանը կը գոցէ, եւ ուրախութենէն կը համբուրէ զարմացած պահակը: Նոյն գիշերն իսկ կը ներկայանայ գնդապետին, 5.000ը կը դնէ առջեւը եւ կ’ըսէ «Մնացածը ինը օր յետոյ»...
Սպան շշմած էր, չէր հասկնար կատարուած հրաշքը: Դուռը գոց էր եւ կնքուած, իսկ անհնար էր պատը եւ հիմքը ծակելով դուրս գալ: Վաղոն կը խաբէ, ըսելով թէ կեղծ բանալիով դուռը բացած է եւ կեղծ կնիքով նորէն կնքած: Այսպէս կը մոլորեցնէ գնդապետը, որ երեք տանջալից գիշերներու եւ ցերեկներու ընթացքին կմախք էր դարձած:
Երք օր ետքը, ժամը 12 անց, երբ կառաուլը կը հեռանայ պահեստանոցէն պահակը փոխելէն ետք, քարերուն մէջ թաքնուած երեք հոգի կը մօտենան պահեստատանը, նշանները առնելէն ետք: Վաղոն կը հանէ երկաթէ խաչկապ ձողերը եւ եկողները ներս կ’անցնին պահեստի մէջ: 10 րոպէ չանցած, կը մօտենան զգուշութեամբ Բիձային մարդիկը, ներս եղած մարդիկ դուրս կու տան արկղները, միւսները կը շալկեն եւ կը կրեն ներքեւ:
Այդպէս մէկ ժամ ու կէս կ’աշխատին դրսի ու ներսի մարդիկը, առանց զիրար տեսնելու եւ ճանչնալու: Այդ գործողութիւն կը կատարուի տասներեք անգամ մէկ ամսուան մէջ, առանց որեւէ փորձանքի, մինչեւ որ լիք պահեստատունը կը դատարկուի: Մոռցուած է միայն Վաղոյի բերած պայուսակը, իր գործիքներով, եւ գարեջրի դատարկ շիշը, որ ութը ամիս յետոյ երեւան պիտի գար:
Բիձան է կառքերի վրայ, չորս ձիով լծուած: Երբ լիքն են անոնք եւ լաւ դասաւորուած, շալակաւորները, զէնքերը ձեռին, կը նստեցնէ կառքերու վրայ եւ առաջ կը քշէ: Կը հասնին Կարսէն եկած դատարկ կառքերուն: Կառապները իսկոյն կը փոխուին: Լիք կառքերունը կը թռնին դատարկներուն վրայ եւ կը վերադառնան Գիւմրի արշալոյսին: Իսկ լիք կառքերը 100-100 քայլ երբ առաջ կ’երթան, կը հանդիպին Յակոբին ձիաւոր եւ զինուած մարդոց, որոնք կը բաժնուին նախ երկու եւ յետոյ աւելի մասերու, որպէսզի իւրաքանչիւր մաս իր բաժին ինկած ապրանքը տանի եւ թաքցնի նահանգի այս կամ այն գիւղը, կամ պահեստը, առանց գիտնալու թէ ո՛րտեղէն ու որո՛ւ ձեռքով այդ իրերը ձեռք բերուած են: Այս վերջին գործողութեանց շատերը մասնակից են եղած, նոյնիսկ ինձ վիճակուեց Մեզրէի եւ Բեռնայի մէջ եղածներուն հաշիւը տեսնել: Ինծի սակայն կը թուէր, թէ զէնքերը գնուած են կամ Ղըզըլ-Չախչախի կայարանապետներու հետ կարգադրուած խնդիր մըն է, բայց կային կասկածողներ ալ այդ մասին, մանաւանդ որ Արամայիս ճանչած էր Բիձան: Ատկէ զատ, կայարաններու կողմէ չէ, որ եկած էին լիք կառքերը:

Շար. 64


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝