Յայտարարութիւն

Thursday, March 18, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 65 -Ռուբէն

- Ըլլի թէ չըլլի, այս Վաղոյի, Բիձայի սատանայութեան գործերն են, կը հաւաստէր ան:
Ինչ որ ալ ըլլար, իրականութիւն էր որ ռազմանիւթով մենք ուժովցած էինք: Բազմութիւնները այդ կը զգային եւ ամէն մէկը իր գլխուն զոռ տալով, կ’ուզէր այդ «մետէն»ի (հանքի) աղբիւրը ճանաչել եւ տեսակ տեսակ առասպելներ կը ստեղծէր: Օրինակ, ոմանք կ’ըսէին, որ այդ բոլորն ընողը Բիձան է, որ իր մէջքի վրայ փաթթած ունի սապոնած չուան մը, եւ որո՛ւն վրայ որ կասկածէր թէ թոյլ բերան է, կամ մատնութեան հակամէտ, Վաղոյի պատուալին մէջ չուանը վիզը կը գցէր եւ կը խեղդէր ու հոն բացուած հորի մէջ կը ձգէր: Եւ այլ նման բաներ:
Այս անվաւեր պատմութեանց մէջ ճշմարտութեան բաժին կարող էր լինել, քանի որ Բիձայի ձեռի տակ եղած մարդոցմէ մէկ քանիսը այլեւս չէին երեւար: Միւս կողմէ, Վաղոյի օգնող զինուորները, նոյնպէս, իրենց հրացաններով այլեւս չքացան եւ չերեւացին:

Բանակէն հայ զինուորներու չքանալը աչք ծակող երեւոյթ դարձաւ: Ոմանք կ’ըսէին, թէ Բիձան կորսնցուցած է իր չուանով, ոմանք ալ կ’ըսէին, թէ Վաղոն փախցուցած է «Երկիր», բոլորովին գողութեան հետքը կորսնցնելու համար:
Այս վերջին ենթադրութիւնն է ամենայն հաւանականը, քանի որ շուտով Սալմաստի մէջ ես պիտի հանդիպէի Սուրէն եւ Գրիշ անունով ախալքալաքցի ցարական բանակի երկու զինուորներու, որ եկած էին հոն եւ միացած Դումանի խմբին: Կը շշնջային իրարու, որ ասոնք Վաղոյի մարդիկն էին եւ Գիւմրիի հերոսները, բայց անոնք մերժելով կը մերժէին իրենց Գիւմրի լինելը եւ Վաղոն ճանաչելը: Հաւանաբար, անոնք դիտմամբ կը մերժէին, քանի որ թէ՛ մեր, թէ ռուս կառավարութեան կողմէ մահուան վտանգ կար իրենց համար, եթէ իրենց գաղտնիքը դուրս տային:
Շուտով Վաղոյի ծանօթ սպան կորսուեցաւ անհետ: Ան չէր կարող Բիձայի չուանին արժանանալ, քանի որ անոր հետ միայն Վաղոն կապ ունէր եւ անոր գոյութեան մասին Բիձան իսկ չգիտէր: Յետոյ հասկցայ, որ իբր հիւանդ, Գիւմրիի վատ կլիման պատրուակ բռնելով, Ռուսիոյ այլ անկիւնները պաշտօնի փոփոխութիւն խնդրած եւ ստացած էր:
Շուտով Գիւմրիէն պիտի չքանար եւ ժողովուրդի աչքին «բոբոլ» դարձած Բիձան, որ մէկ անգամ տեսայ եւ շատ կ’ափսոսամ, որ լաւ չտեսայ: Յետին թուով հասկցայ, որ ան Սվազցի էր, եւ կ’ըսեն որ հետագային ան նահատակուեր էր իր ծննդվայրին մէջ: Թէ ո՞ւր եւ ի±նչ անունով ան շարունակած էր գործել, ինձ անծանօթ մնաց:
Պետական պահեստի թալանը իրականութիւն էր: Անոր տուած արդիւնքը շատ բեղմնաւոր էր: Ոմանք կ’ըսէին, թէ տասնեակ միլիոն փամփուշտ, մի քանի հարիւր հրացան ձեռք բերուած էր: Այս թիւերը, եթէ անգամ ենթարական լինէին, ենթադրական թիւ չէր սակայն, 30 մալականի կառքերու բեռը, որ դուրս հանուած էր պահեստատնէն: Այդ հանուածները կը գործածուէին սահմանային մեր կռիւներուն մէջ, կ’ուղարկուէին Երկիր, կը գործածուէին Կովկասի հայ-թաթարական կռիւներուն մէջ: Առանց Վաղոյի եւ Բիձայի այդ նախաձեռնութեան, ո±վ գիտէ թէ մեր նիւթական միջոցները թոյլատու պիտի լինէի±ն եւ մեր պայքարի արդիւնքը ինչպէ±ս պիտի դառնար:
Վաղոն, միշտ ժպտադէմ, անցած դարձածէն իբր անտեղեակ, պատուալին մէջ իր սովորական կեանքը կը շարունակ էր եւ շատ կը զարմանար, որ յաճախորդները շատցած էին եւ ուշադրութեամբ իրեն կը նայէին սիրալիր կերպով: Երբեմն ալ ջղայնացած` կը բարկանր. –
- Ի±նչ այդպէս կ’աշես կը (կը նայիս), այ օղուլ, ճանչցա՞ր, ես եմ, Վաղոն եմ, ի՞նչ կ’աշես կը:
- Վաղօ ջան, կ’աշեմ կը, սա՞ղ ես, սալամա՞թ ես, ինչու՞ չաշեմ, մէկ-մէկ հատ լի՛ց քու կենացը խմեմ: Եւ մէկ բաժակը սեղանին վրայ թողած, միւսը գլուխը կը քաշէր ու կ’երթար:
Վաւերակա՛ն էին այդ փաստերը, բայց վաւերական չէին անոնց ծնունդ տուող պատմութիւնները, զորս ներկայացուցի, թէեւ բերնէ բերան կը պատմուէին եւ կը պատմուէին նոյնիսկ այնպիսի կարեւոր դէմքերու կողմէ, ինչպիսիք են Սերգէյն ու Յակոբը: Անոնք եւս լսած էին, բայց ուրիշներէ. թէեւ բուն դերակատարներուն հետ եղած էին գրեթէ ամէն օր, անոնց հետ մէկ սենեակի մէջ պառկած եւ զրոյցներ ըրած: Կային անուններ, ինչպէս գնդապետնինը, պահակներունը, որ միայն Վաղոն գիտէր. փոխադրողներունը` Բիձան գիտէր, բայց անոնց գաղտնիքը, ով ուզենար գինտալ` ան դաւաճան կը համարուէր: Յետոյ այդ պատմութիւնները գիտանլէն ոչ մէկ օգուտ կար, բացի վնասէ: Ուստի, դէմքեևը եւ դէպքերը ստուգել կարելի է միայն պետական հին արխիւներու քննութեամբ: Այդ անպայաման պիտի ճարուի որովհետեւ գողութիւնը լինելէն 7-8 ամիս անց, քննութիւն բացուեցաւ պահեստը դատարկ լինելու մասին: Բայց այդ ժամանակ ա՛լ ոչ Վաղոն կար եւ ոչ ալ դերակատարներէն ոեւէ մէկը Գիւմրի քաղաքին մէջ, Գարեջուրի սրուակ մը մնացած էր միայն դատարկ պահեստանոցին մէջ:

Շար. 65



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝