Յայտարարութիւն

Friday, March 19, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 66 -Ռուբէն

Կարսէն Գիւմրի եկած էինք, բայց ինքներս ալ չգիտէինք ինչ գործի համար:
Ընկերներէս չորսը միայն կը յիշեմ` Սերգէյը, Յակոբը, Ռուս-Գէորգը եւ Համոն, որ եկած էր ինքնակամ, առանց հրաւէրի: Մեզ առաջնորդնեցին Գէորգ անունով մէկի «Նոմերաները» (հիւրանոց), որ տարօրինակօրէն ինձ կը յիշեցնէր Էջմիածնի Ղազարապատ կոչուած հիւրանոցը: Հոս վանք չկար, բայց միաբանական եւ ուխտաւորներու մթնոլորտ մը կար: Խումբ խումբ մարդիկ տեղաւորուած էին համարներուն մէջ, ըստ իրենց վայրերու, ամէնքն ալ, մեզի պէս, Երկիր գնալու նպատակով: Անոնք ոչ ժողովրդական եւ ոչ ալ կուսակցական ներկայացուցիչներ կ’երեւային: Ոմանք նոր դաշնակցականներ էին, ոմանք` հին, ոմանք արդէն անուն հանած էին, իսկ ոմանք կը գտնուէն անուանի դառնալու ճամբուն վրայ: Պարզ կ’երեւար, որ տարբեր ուղութիւններով գնացող ճամբորդներուն հանդիպում մըն էր, ճամբորդներու, որոնք հաւաքուած էին իրենց ուղեկիցներն ընտրելու կամ ոյժեր դասաւորելու համար:
«Հանդիպումը»` լաւ, բայց ոչ ոքին չէի ճանչնար անձամբ: Աւելին` անոնց անցեալն ու անուններն ալ ոչինչ չէին ըսեր ինծի, որովհետեւ ես բնաւ չէի գիտեր Դաշնակցութեան պատմութիւնը եւ ծանօթութիւն չունէի գործի վրայ գտնուող անձնաւորութեանց հետ: Հանդիպումը օգտակար էր Սերգէյի խառնուածքն ունեցող մէկու մը համար, որ օժտուած էր ծանօթին-անծանօթին մօտիկնալու եւ զբաղցնելու յատկութիւններով, իսկ ինձ պէս ոզնու բնաւորութեան տէր անձի համար, հանդիպումը օգուտ չէր ներկայացներ: Ինձ փնտռող չկար, ես ալ ոչ ոք կը փնտռէի: Իմ շրջապատը այսպիսով մնացած էին մեր Կարսի սենեակէն եկածները եւ նաեւ ամէնքին յաճախող եւ զուարթացնող Գէորգը` «Նոմերաների» տէրը:

Գէորգը կը յիշեցնէր իր դիմագծով եւ հագուստով Վարշաւայի հրեաները. ան բարակ էր եւ երկարահասակ, ունէր փոքրիկ գլուխ մը երկար վզին վրայ եւ մեծ քիթ մը` կախուած երեսէն: Կը կրէր Վարշաւայի փոքրիկ գլխարկ մը եւ սեւ երկար վերարկու մը, որ քիչ կը մնար ոտքերը հասնէր: Այդ հագուստը ոչ չերքէզկայի եւ ոչ ալ վերարկուի կը նմանէր: Գէորգը կը խօսէր, կ’ուզէր ծիծաղցնել, թէեւ չէր յաջողիր: Սենեակէ սենեակ լուրեր կը տանէր:
Անգամ մը մեզ աւետեց, որ երեւանցիք եկան: Ովքե՞ր էին երեւանցիք, ինչու՞ էին եկած, չէինք գիտեր, բայց հետաքրքրուեցանք: Ես դուրս եկայ եւ զարմանք, դէմ դէմի ելայ Ճեմարանի իմ ընկերներէն Յովհաննէս Մակարեանին, զոր` իր նեղ ճակատին եւ գռուզ մազերուն համար, «շիմպանզէ» (Կապիկի տեսակ մը) կ’անուանէինք: Շատ ուրախացայ. վազեցի դէպի ան եւ համբուրուեցանք: Ես անոր «շիմպանզէ» կոչելով, լուրեր կ’ուզէի Ճեմարանի ուսուցիչներէն, մեր ընկերներէն, իսկ ան ինձ «կորիլլա» անուանելով, կը պատասխանէր: Հարցուցի թէ ինչու՞ եկած է եւ ովքե՞ր են իր հետինները:
- Հետիններս, - ըսաւ ան, - ոչինչ մարդիկ են, ինչ որ առեւտրական են, ես ալ մօտիկցայ անոնց` փոր մը հաց ճարելու համար: Կ’ուզեմ անոնց հետ առեւտուր անել, կաշի, բորդ, եւ այլն կը գնենք:
Հասկցայ եւ այլեւս չպնդեցի: Իմ կարգին ես ալ սուտ մը հնարեցի, որ իբր թէ արձակուրդի մէջ եմ, որպէս սպայ եւ 15 օրէն պաշտօնիս պիտի անցնիմ Գիւմրիի մէջ: Այժմ հոս «մի նոմեր» (սենեակ) վարձած եմ եւ ոչ մէկը չեմ ճանչնար այս ապուր-ճուպուր (անարժէք, անպէտք) մարդոցմէ: Ի հարկէ, ան ալ ինձ չհաւատաց:
Ինչո±ւ համար էին այս մանկական սուտերը, որոնց համար մինչեւ օրս կ’ափսոսամ, երկու մտերիմներու մէջ: Նոյն օրն իսկ հասկցայ, որ անոնց սենեակին մէջ եղածներէն մէկը Թոխմախն էր, Քզեցի Պօղոսը, միւսը Գայլ Վահանը, միւսների անունը չեմ յիշեր: Իսկ Յովհաննէսը, որ ինծի պէս նորընծայ մըն էր, եկած էր անոնց հետ, գուցէ չգիտնալով թէ ինչու է եկած:Այդ մեր սուտերը պատճառ եղան, որ ես չմտնէի Յովհաննէսի սենեակը եւ անծանօթ մնայի իր ընկերներուն եւ փոխադարձաբար: Կ’ափսոսամ, որովհետեւ այլեւս այդ մարդիկ բնաւ պիտի չտեսնէի, պիտի չհասկնայի անոնց մտքերը եւ բաղձանքները: Ամէնքն ալ պիտի նահատակուէին մի քանի ամսի ետքը Քոռուն եւ Մոսունի կռիւներուն ժամանակ ես անոնց մահուան մասին պիտի լսէի Քիշմիշ Թափա գիւղին մէջ, որ հազիւ մի քանի տասնեակ քիլոմեթր հեռու էր անոնց ինկած վայրերէն:

Յովհաննէս զոկ էր, Ագուլեցի: Ճեմարանի մէջ կ’ուզէին զայն հեզ եւ քրիստոնեայ մարդ մը դարձնել, բայց ան ըմբոստ էր եւ միշտ պատրաստ քննադատելու ամէն կարգ ու կանոն, որ իր ճաշակին չէր համապատասխաներ: Անոր հետ կը մրցէի վազելու եւ «բերդ» խաղալու մէջ եւ շատ անգամ մենք կը վիճէինք այդ մրցումներու ատեն եւ ատիկա պատճառ դարձած էր մի մտերմութեան: Աւելին անոր մասին ես չգիտէր: Ինչպէ՞ս ան մտած էր Դաշնակցութեան մէջ եւ ի՞նչ գործեր կատարած էր, ինծի անծանօթ մնացած են: Մի բան, սակայն, պարզ է. քանի որ ան կ’ուղեկցէր Գայլ Վահանին ու Թոխմախին, ուրեմն բան մը կը ներկայացնէր: Անոր եղբայրները շարունակեցին ծառայել միեւնոյն գաղափարներուն եւ հասարակական ասպարէզին մէջ որոշ դեր մը կատարեցին: Մակարեան եղբայրներէն Մինասը մեռաւ վերջերս Թեհրան, իսկ միւսներու մասին լուր չունիմ:

Շար 66



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝