Յայտարարութիւն

Saturday, March 20, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -67- Ռուբէն

Երեւանցիներու սենեակի կողքին, կը բնակէր շարժուն մի մարդ, եւրոպացու դիմագիծերով երեսը միշտ սափրած, որ յաճախ ել ու մուտ կ’ընէր երեւանցիներու սենեակը: Սէրգէյն անգամ մը ինծի ըսաւ.
- Տղա՛յ, ի՜նչ ես քու մէջը քաշուեր: Կ’ուզես Վան երթալ, բայց մարդու երես չես տեսներ: Գնանք Երկաթի մօտ:
Յակոբն ալ միացաւ եւ միասին գացինք: Ո՞վ էր Երկաթը, ես չգիտէի, միայն առասպելախառն բաներ մը լսած էի անոր մասին, որ իբր թէ նա ամերիկացի է եւ Սասնոյ Պատասխանատու Մարմնի անդամ, որ վերադարձած է Ընդհ. Ժողովէն եւ նորէն Երկիր կ’երթայ: Այդ բոլորը զայն կը դարձնէր իմ աչքին մի գերմարդ, որուն Երկաթ անունը միանգամայն կը համապատասխանէր: Ան միջահասակ էր, հաստատուն մարմնով եւ թիկնեղ, աչքերը կապոյտ էին, կանաչի վրայ եւ մազերը շէկ, բարի ժպիտը չէր կրնար ծածկել անոր խիստ բնաւորոթիւնը: Սափրուած պեխ-մօրուքը տարօրինակ կը դարձնէին զայն այդ ատենները, երբ ամէնքը կ’ուզէին երկար պեխ եւ թաւ մօրուք ունենալ: Երկաթը երբ Սերգէյին տեսաւ, պայծառացաւ. ըստ երեւոյթին շատ կը յարգէր կամ կը գնահատէր զայն:
- Քիչ կ’երեւաս, ըսաւ, ես ալ զբաղած եմ, չեմ կրնար քեզ փնտռել...
Իրօք ան շատ զբաղած կ’երեւէր. սեղանի վրայ լեցուն թուղթեր, կարծես գրասենեակ էր բացած: Գրական հայերէնով կը խօսէր եւ ուրիշների պէս չէր մատներ իր հայ շինականութիւնը: Խօսքերը կլորցած կ’արտասանէր, որ, անշուշտ, Ամերիկայի ազդեցութիւնն ըլլալու էր: Առհասարակ, մեզի չէր նմաներ. մատիտ ունէր ձեռին եւ ծոցատետր, եւ խօսակցութեան ատեն կը նշանակէր ուշագրաւ կէտերը: Հարցերուն կը մօտենար ուղղակի, առանց ոլորապտոյտներու եւ երկար նախաբաններու: Երկաթ յանկածր դիմեց Սերգէյին.
- Չըսիր այս հետինդ ի՞նչ պտուղ է:
Սերգէյն զիս ծանօթացուց եւ յայտնեց իր հիացմունքները ու նաեւ այն, որ մտադրութիւն ունիմ Վան գնալու: Երկաթը ինծի նայեց, մի քիչ աւելի լաւ տրամադրուած:
- Ուրեմն Վա՞ն կ’ուզես գնալ: Շատ լաւ, բայց գլուխ կրնա±ս ելնել: Ես հոն էի քանի մը ամիս առաջ: Ինձմէ ետքն ալ հոն հասած են երկու երիտասարդներ: Դուն անոնց ընկերը չե՞ս:
Հաճելի էր ինծի որ Երկաթ կը խօսէր առանց վերապահութեան, բայց ես գաքղափար չունէի ո՛չ Վանի եւ ոչ ալ հոն գացողներուն մասին:
- Վան չեմ գտնուած, ըսի ես, բայց լսած եմ անոր մասին: Գիտեմ որ Հայաստան է: Եթէ ես չկարողանամ գլուխ գալ անոր հետ, ան կրնայ ինձ հետ գլուխ ելնել: Ի՞նչ կը վերաբերի այդ երկու երիտասարդներուն, որ քեզմէ յետոյ Վան գացած են, անոնք ո՛չ ինծի ընկեր են եղած եւ ոչ ալ որեւէ գաղափար ունիմ անոնց մասին:
Երկաթ նայեց ինձ եւ ապա դառնալով Սերգէյին, հարցուց.
- Նամակներ կ’առնե՞ս քու Նիկոլէն: Գիտե±ս որ ան մերժած է վանեցիներու հետ գործ ունենալ. Իշխան անունը առած է վրան, անցած է Ռշտունիքի լեռները եւ Վանէն անջատ առանձին շրջան մը կազմակերպած է: Կը ճանաչե՞ս Կոմսը, ան որ Վան ճամբուած էր իբր նկարիչ: Դուրս կու գայ, որ բնիկ վանեցի է եղեր, այդ գէշ չէ տեղացիներու հետ կրնայ եոլա գնալ: Բայց ատոր անպատեհութիւնն ալ այն է, որ Սասունը պիտի տուժէ եւ ճամբուած նիւթերը կրնան տեղ չհասնիլ: - Երկաթ քիչ մը ջղայնացած, շարունակեց. - Զարմանալի մարդիկ են: Քանի մը իրեր եւ հարիւր ոսկի էի թողած որ ճամբեն Սասուն: Մարդիկը ելեր եւ յետեւէս կը գրեն, որ թէ չարժեր առանձին սուրհանդակ հանել զանոնք ճամբելու, եւ նոյն ատեն կ’աւելացնեն, որ հոստեղ ալ կարիքի մէջ ենք: Այս գո՞րծ է:
Մենք բան մը չէինք հասկնար, մանաւանդ որ ոչ մէկ կապ ունէինք Վանի հետ: Այդ նկատելով, Երկաթ մեղմեց իր բարկութիւնը եւ դարձաւ ինծի հեգնելով.
- Վան կ’ուզես երթալ, բայց անու՞նդ, դիրքդ որոշա՞ծ ես: Ուշացեր ես, քեզի տիտղես չէ մնացեր:
Վիրաւորական թուացին ինծի անոր խօսքերը եւ ես ըսի.
- Պարոն Երկաթ, ես իմ անունն ու դիրքը այս վայրկեանիս որոշեցի: Իմ անունն է «Ասեղ»` շինուած քու երկաթէն: Պէտք եղած ժամանակ անով կար կ’ընեմ, իսկ տեղն եղած ատենն ալ կը ծակեմ: Դրանով գոհ կը մնա՞ս:
- Ա՛յ տղայ, աս խածան կ’երեւայ, բայց ըսածը շատ տեղին էր, ըսաւ Երկաթը ժպտելով: Սերգէյն ու Յակոբը նոյնպէս կը խնդային եւ, շարունակելով զիս ծանօթացնել անոր, կ’ըսէին որ Թորգոմին պէս ռուս զինուորական եմ:
- Որ այդպէս է, դու ինձ հետ եկ, բայց ո՛չ Սասուն եւ ոչ ալ Վան, այլ երկուքին մէջտեղը: Եւ հանելով իր թղթերու մէջէն քարտէս մը, շարունակեց, - Զարմանալի սահմանափակ եւ քարացած հասկացողութիւններ ունինք: Ու՞ր կ’ուզես գործել – Վան կամ Սասուն: Ու՞ր կ’ուզես երթալ – Սասուն կամ Վան: Կարծես Հայաստանի մէջ այլ տեղ չկայ գործելու, աւելին մարդաշատ, աւելի շնորհալի, աւելի ամուր, քան Վան ու Սասունը: Չենք կրանր ըմբռնել, որ չկեդրոնանալով մէկ կէտի վրայ եւ բոլոր մնացած գաւառներու մէջ ալ ծաւալուելով, կը տարածենք այնտեղ բնակող զանգուածներու մէջ մեր գաղափարները եւ մենք այդպիսով աւելի կը զօրանանք, իսկ թշնամին, ընդհակառակն կը տկարանայ, չկրնալով որոշել թէ ո՛ւր զարնէ: Այդ տեսակէտէն մօտենալով խնդրին, պիտի ըսեմ, որ թէեւ չեմ ճանչնար Իշխանը, բայց ճիշդ եւ օգակար կը գտնեմ անոր որոշումը, որ չէ ուզած Վան մնալ եւ Ռշտունիքն է ընտրած իրեն գործունէութեան վայր:

Շար 67


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝