Յայտարարութիւն

Sunday, March 21, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները - 68 - Ռուբէն

Այս յառաջաբանէն յետոյ, որ խիստ հետաքրքրական տեսութիւն մըն էր, եւ գուցէ մեր թերութիւններէն հիմնականը կը մատնանշէր, Երկաթը բացաւ իր ձեռքով մեծցուցած Ախլաթի, Նեմրութի, Գրգուռի եւ Պիթլիսի քարտէսը եւ համոզուած շեշտով մը ըսաւ.
- Նայեցէք այս քարտէսին. առանց այս տեղերը ամրացնելու, առանց զանոնք տիրապետելու, ի±նչ արժէք ունին Սասունն ու Վանը: Անոնք անջատ անջատ մասեր են, առանձին աառանձին խեղդուելիք նահատակներ եւ ուրիշ ոչինչ:

Երկաթը գտնուած էր թէ Վան, թէ Սասուն եւ թէ Ախլաթ, եւ այդ պատճառով ալ անոր խօսքերը կշիռ ունէին: Ատկէ զատ, անոր տեսութիւնները տրամաբանական եւ ճիշդ կը թուէին: Յակոբ եւ Սերգէյը լրացուցիչ հարցումներ կը տեղային քարտէսի մասին: Ես այդ չէի ըներ, որովհետեւ ամէն ինչ ինծի համար պարզ էր:

Մենք դեռ քարտէսով էինք զբաղած, երբ ներս մտաւ Ռուս-Գէորգի եւ Երկաթի նման միջահասակ, հաստատուն, շագանակագոյն մազերով ու շէկ պեխերով մէկը, որ Մշեցի Վաղարշական էր: Երբ Վաղարշակը տեսաւ բացուած քարտէսը եւ մեզ` ծռած անոր վրայ հետաքրքրութեամբ, բացականչեց.
- Երկաթ նոր մարդ է զտել եւ քարտէսը բացած իր էշ կը քշէ: Ականջ մի՛ կախէք, անոր ըսածը խելացի է, բայց գլխու գալիք բան չէ:

Եւ բնաւ չէի տեսած Վաղարշակը: Սերգէյը ու Յակոբը երեւի ինձմէ աւելի գիտէին անոր մասին, բայց անոնք ալ անծանօթին նման էին: Այդ անսպասելի յայտարարութիւնը շշմեցուցած էր մեզ: Երկաթ նստաւ աթոռին վրայ եւ լռեց: Լուռ էինք եւ մենք: Սերգէյն էր, որ խանգարեց այդ լռութիւնը, ըսելով.
- Պարոն Վաղարշակ, բայց ինչպէ՞ս կրնայ լինել, որ Երկաթի ըսածները խելացի կը գտնես, բայց անոնց այդքան հակառակ ես:
Վաղարշակ բորբոքուեց.
- Նոր վառեակներ են եկած, երկաթէ հաւկիթներ կ’ուզեն ածել: Դու Սերգէյ, գիտեմ որ շատ գործ ըրած ես Սասունին օգնելու համար, այդ գործը պիտի կրկնապատկես: Հասկցիր, որ Դուրան եւ թէ Սասուն մահուան սպառնալիքի տակ են, անոնք դրամ չունին, պէտք է դրամ հասցնել. անոնք գլուխ չունին, պիտի գլուխ հասցնել. անոնք զէնք չունին, պէտք է փամփուշտ հասցնել. անոնք զէնք չունին, պէտք է զէնք հասցնել: Եթէ ատոնք չհասցնենք, ամէնքն ալ պիտի մեռնին, իսկ եթէ պիտի մեռնին, մենք ալ անոնց հետ պիտի մեռնինք: Ահա այսպիսի վիճակի մէջ ենք, եւ Երկաթը, բացած իր քարտէսը, զոր հազար անգամ տեսած եմ, նորէն նոյնը կը կրկնէ եւ ձեզի ալ ճամբայէն կը հանէ:

Երկարթը տեղէն շարժեցաւ եւ բերան բացաւ.
- Վաղարշակ, կը հասկնամ քեզ եւ բիրտ խօսքերէդ չեմ վիրաւորուիր: Դու կ’ըսես տունը հրդեհ է ինկած եւ ջրերը պիտի վազեցնել հրդեհի վայրը: Այդ է, չէ՞, քու ուզածը, եւ դուն այլ բաներ ո՛չ կ’ուզես լսել եւ ոչ ալ հասկնալ:
- Այո, այդ է:
- Իմ ուզածն ալ այդ է, բայց քու ցանութեամբ չէ որ ջուրը կը հասնի իր տեղը: Այս նամակը կարդա՛: Ձգած դրամներս տեղ հասնելիք չունին, որովհետեւ միջոց չունինք զանոնք տեղ հասցնելու: Ատոր համար նախապէս ճամբայ չենք ստեղծած: Կ’ըսես, թէ մեզ գլուխներ են պէտք. առ այս նամակը կարդա՛ եւ կը տեսնես որ եղած գլուխները, օձիք թօթուելով, կ’ուզես ազատուիլ: Կ’ըսես մեզ, թէ փամփուշտ եւ զէնք պէտք է, բայց տեղ հասցնելու համար նաեւ ճանապարհ եւ հնարաւորութիւն պէտք է: Ատոր համար է, որ ես կը մտածեմ: Դու կը հակադրես զիս խօսիլ այնպիսի բաներու մասին, որոնց մասին հոս չէ որ պիտի խօսինք: Կրնայիր քու ըսելիքներդ առանձին ըսել: Չեմ առարկեր, քանի որ տունը հրդեհ է ինկած, պէտք է առանց պատճառներու մէջ մտնելու, տուն շտապել ջրամաններով, բայց ատոր համար անհրաժեշտ է որ նախ եւ առաջ գիտնանք տունի ճամբան: Ինչու՞, ուրեմն, կը յուզուիս ամէն անգամ երբ այս քարտէսին վրայ կը խօսինք:

Շար 68



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝