Յայտարարութիւն

Tuesday, March 23, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -69 - Ռուբէն

Այս միջադէպը Երկրի երկու կարեւոր գործիչներու միջեւ մեզի համար անծանօթ աշխարհ մը բացաւ: Միաժամանակ իմ աչքին ա՛լ աւելի բարձրացաւ Երկաթը, որու անսահաման անձնազոհութիւնը ու նուիրուածութիւնը ենթակայ էին անոր բանականութեանը: Մեծցաւ աչքիս նաեւ Վաղարշակը, որ անտեսելով բոլոր տեսակի բանականութիւննեը, մոլեռանդօրէն դէպի կրակ կը վազէր: Պահ մը մենք լուռ կը խոկայինք, երբ Վաղարշակը ըսաւ.
- Իրաւունքը Երկաթինն է. ես գաւառէն նոր դուրս եկած մարդ եմ, սրտէս եկածը դուրս տուի, առանց խորը մտածելու:
Երկաթ նորէն տեղէն վեր ելաւ եւ ինձ հարցուց.
- Ընկերներդ կ’ըսեն, որ քիչ թէ շատ բան կը հասկնաս, քանի որ ինքդ ալ սպայ ես. ըսէ, ուրեմն, ի՞նչ է քու կարծիքը: Քարտէսն ահա առջեւդ է:
Դժուար էր այս քննութիւնը, մանաւանդ որ այդ մարդը, եղած միջադէպէն յետոյ, հեղինակութիւն դարձած էր աչքիս: Քանի մը վայրկեան մտածելու պէտք եղաւ, պատասխան գտնելու համար:
- Անվիճելի կը համարեմ ձեր այն միտքը, - ըսի ես, - որ ձախողութեան դատապարտած են բոլոր այն կղզիացած վայրերը, որ կապ չունին եւ նոյնանման նապատակներ չեն հետապնդեր իրենց հարեւան շրջաններու հետ: Ձեր ըսածը այնպէս հասկցայ, որ յեղափոխական կէտերը իբր շղթայ մը, օղակ առ օղակ իրարու պիտի շաղկապուին եւ ատոր ալ ոյժերու բաշխումը պիտի լինի օղակներու վրայ եւ ոչ թէ կեդրոնացուի մէկ կամ երկու տեղ: Եթէ ճիշդ եմ հասկցած, այդ նպատակայարմար կը գտնեմ: Մի հարցում, սակայն. – Վանայ Ծովի մէջ մեզ տրամադրելի նաւատորմիղ ունի՞նք:
ՅԱնկարծակիի եկած` պատասխանեց.
- Ի հարկէ ոչ, բայց նաւակներ երբեմն կը գտնենք:
- Եթէ այսպէս է, ուրեմն, ըստ այս քարտէսի, Ախլաթն ու Նեմրութը չեն կրնար օղակ ծառայել Վանի եւ Դումանի միջեւ: Նեմրութը այն վայրը չէ, որ կարողանայ ծառայել ժողովուրդին իբրեւ ապաստան եւ կռուի վայր: Ան կապուած է Մուշին եւ Սասունին, բայց կտրուած է Վանէն` ծովով, ուր նաւատորմիղ չկայ: Ան կրնայ կապուիլ Վանին առանց Խութ-Ռշտունիքի: Իսկ իբր կռուի վայր, Նեմրութ յարմար է թշնամիի կողմէ դրսէն ըրած յարձակումներուն համար, բայց իր հրաբուխի բերանով անյարմար մեր ինքնապաշտպանութեան համար` ներսէն: Այդպիսով ան ծուղակ մըն է անոնց համար, որ ապաստանած են այնտեղ: Ես այդպէս կը կարծեմ:
Երկաթը չվիճեց եւ խօսքը փոխելով հարցուց.
- Ուրմեն, դուն կ’ուզես ինծի՞ հետ գալ, թէ՞ կը մնաս քու մտադրութեանց մէջ` անցնիլ Վան:
- Վան չէ, բայց կը գերադասէի Վասպուրական երթալ: Ախլաթը փաստօրէն Տարօնի մէկ մասն է եւ անոր մասին նախապաշարումներ ունիմ. ան շատ կտրուած է աշխարհէն:
- Բայց ուշացած ես, եթէ քանի մը շաբաթ առաջ լինէր, դիւրին էր: Այժմ երբ Հաճի Լեւոնը, Ջոջ Աղան գացին, դուն ինչպէ՞ս կրնաս գնալ:
- Այնպէս, ինչպէս միւս գնացողները, պատասխանեցի, եւ այդ պատասխանով յուսահատեցուցի Երկաթը: Ան այնպիսի դէմք մը առաւ, որ մինչեւ օրս չեմ կրնար մոռնալ. կարծես իր նայուածքով կ’ըսէր ինձ. - «Ա՜յ դու սիրելիս, այ դու անպիտան, ինչո՞ւ ինծի հետ չես գար, ինչո՞ւ այդ աստիճան անուղղայ ես»: Այդ նայուածքը նկատեցին ե՛ւ Ռուս-Գէորգն ու Սերգէյը:
- Մենք շատ փորձած ենք տարհամոզել զայն, - ըսին անոնք, - բայց ան ուխտած է Վասպուրականի մատաղ լինել:
Երկաթը բարի դէմք առաւ .
- Էհ, վնաս չունի, ուխտդ թող կատարուի, բարի ճանապարհ...
Այդ եղաւ իմ առաջին եւ վերջին տեսակցութիւնս Երկաթին հետ: Միայն մէկ տեսակցութիւն, բայց այնքա՜ն նոր հորիզոններ բացաւ այն ինծի: Իմ առջեւ ցցուած էր մարդ մը, որուն մէջ մեծ պայքար կար բանակութեան եւ զգացմունքի միջեւ, որոնք ի վերջոյ կը համաձայնէին իրարու հետ ի շահ հանրութեան եւ ի վնաս անոր անձնական գոյութեան: Երկաթը ինձ մեծ կը թուէր:

Շար. 69




«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝