Յայտարարութիւն

Wednesday, March 10, 2010

ԱՄԱԼԻԱ ԾՈԾԱՆ- 6 -Ս.Դ.ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Կնոջ այս անակնկալ արտայայտութիւնը ե՛ւ զարմացուց, ե՛ւ հիացուց զիս։ Խնդալու կարգը իմս էր հիմա։
Ծիծաղս ապշեցուց պառաւը, բայց չկրցաւ կտրել անոր մտածումին թելը։ Ընդհակառակն։ Բան մըն ալ աւելցնելով նախկին ոգեւորութեանը, շարունակեց.
- Ա՛յ աղջի, հանաք (կատակ) չեմ անում, կարգին մի բան եմ ասում։ Որ իմ աղջիկը չլինէր, հիմի ի՞նչ էի անելու ես։ Տեսնում ես, մենակ եմ մնացել, ծեր եմ, անկողնուն էլ փակած։ Պա որ աղջիկս էլ չունենայի, ո՞վ պիտի խնամէր ինձ. է՛դ եմ ասում, որ քեզ մի հատ երեխայ ա պէտք, մանաւանդ քո ծերութեան համար...

Ձեռքի թեթեւակի շարժումով մը ընդհատեցի կնոջ խօսքը բացատրելով, որ նման քայլ մը ընդունուած չէ մեր ընկերութեան մէջ եւ թէ՝ առանց ամուսնութեան ու իրաւական հօր մը կարելի չէ ծնիլ զաւակ, տակաւին անկախ անկէ, որ այդ մէկը ոճրագործութիւն կ՜ըլլայ աշխարհ եկող մանուկին հաշուոյն, իսկ աւանդապահ մեր ընկերութեան համար այդ արարքը գայթակղութեան դուռ կը բանայ ու վատ համբաւի կ՜արժանացնէ զիս։
Պառաւը չբաժնեց մտահոգութիւնս, այլ քիչ մըն ալ բարձրացնելով ձայնը՝ ըսաւ.
- Պա՜, սա քո կեանքն ա, ո՞վ կարայ խառնուել, Սեդա ջա՛ն. ուզում ես մայրանալ, դրա մէջ ի՞նչ ամօթ բան կայ։ Եթէ քո երկրում դա հնարաւոր չի, արի՛ էստեղ, Հայաստանում միայնակ մայրեր շատ կան եւ կառավարութիւնից էլ թոշակ են ստանում երեխայ պահելու համար։ Պա՜, չեմ ասում գիշեր-ցերեկ տղաների հետ ման արի, ասում եմ քո համար մի երեխայ ծնիր...

Կնոջ առաջարկը պահ մը գրաւիչ գտնելով հանդերձ մնացի անդրդուելի՝ իմ համոզումներս առաջ քշելով ու դիտել տալով, որ Հայաստանի մէջ օրինականացած այս երեւոյթը անյարիր է հայկական աւանդական դիմագիծին եւ թէ ընտանիք, սրբութիւն, բարոյականութիւն հասկացողութիւնները ազգային արժէքներ են, որոնք սակայն ոչ միայն սրբապղծուած են խորհրդային վարչակարգի «բարիք»ներուն ի հետեւանք, այլեւ հայ մարդը հեռացուցած իր ազգային ակունքներէն։

Ամալիա ծոծան մտածումի մէջ ինկաւ։ Տրուած բացատրութիւնը յուզեց զինք։ Լուռ մնաց պահ մը, ապա մեղմօրէն յարեց.
- Չգիտեմ, Սեդա ջան, մեր մօտ էս հասկացողութիւնը չկայ։ Էստեղ մարդը ազատ ա, ինչ ուզում ա էն էլ կ՜անի։ Դու բաներ էս ասում, որ մեզ համար էդքան էլ կենսական չի՛։ Գուցէ դրա մէջ դու իրաւունք ունես,- խօսքը վերջացուց ան ու այդ մասին ա՛լ ակնարկութիւն չըրաւ։

*
* *
Շաբաթներ անցան։ Մեր զրոյցները, գիշերային լռութեան մէջ, առօրեայ տագնապներէն ձերբազատելու մխիթարութիւնը կը պարգեւէին ե՛ւ անկողին ինկած պառաւին, ե՛ւ ինծի։ Տաքուկ խոհանոցին մէկ գողտրիկ անկիւնը նստած՝ այլեւս առանց ժամերը հաշուելու կ՜արծարծէինք մարդկային, ընկերային, մշակութային, հայրենասիրական եւ նոյնիսկ քաղաքական հարցեր, զորս Հայաստանի մէջ օրական դրութեամբ կը բազմանային՝ քաղաքացիները մղելով բազմադիմի վերլուծումներու։ Ամալիա ծոծան ու ես ա՛լ հոգեհարազատներ էինք ու առանց նախաբանի սպասելու կրնայինք ամէն նիւթի մասին բացուիլ իրարու։

Ձիւնը նստած էր դուրսը եւ կ՜աւետէր 1992ի գալուստը։ Երկրին մէջ յառաջացած վառելանիւթի տագնապը Համալսարանը դրած էր դռները փակելու հարկադրանքին տակ։ Երկու շաբաթէն կը սկսէր ձմեռնային արձակուրդը, եւ ես կը պատրաստուէի վերադառնալ Պէյրութ։

*
* *

Գիշեր մը ժամը տասնի մօտերը հասայ տուն։ Ամալիա ծոծան գրեթէ անկենդան պառկած էր անկողնին, գլուխին վրայ ալ՝ բժշկուհի մը եւ հարազատ աղջիկը։ Մօտեցայ հիւանդին ու ափերուս մէջ առի թուլցած ձեռքը։ Պառաւը ի գործ դրաւ վերջին ճիգ մը, կէս մը բացաւ աչքերը եւ փորձեց ժպտիլ, ապա փորձ ըրաւ խօսելու, բայց չկրցաւ։ Բժշկուհին բացատրեց, թէ շիճուկ սրսկած էր, պառաւին մարմնին մէջ ծաւալիլ սկսած բորբոքումին առաջքը առնելու համար։ Կնոջ աղջիկը թաշկինակով մը սրբելէ ետք աչքերը ըսաւ, որ առաւօտեան իր գալ-երթալէն ետք ըստ երեւոյթին մայրը քալել փորձած էր, ապա գետին ինկած եւ ժամերով հոն մնացած՝ մինչեւ դստեր կէսօրուան այցելութեան ժամը։ Աղջիկը պառաւը գտած էր զգայազիրկ վիճակի մէջ։ Ամբողջ օրը չէր իջած հիւանդին ջերմութիւնը։ Դրացի բժշկուհիին ժամանումը դարձած էր ստիպողական։

Միայն կէս գիշերէն ետք էր որ մօրաքին վիճակը համեմատաբար բարելաւուեցաւ։ Վտանգը անցած համարելով, աղջիկը իմ խնամքիս յանձնեց մայրը, յանձնարարելով՝ որեւէ անակնկալ պարագայի հեռաձայնել իրեն։ Քիչ ետք պառաւը ուզեց նստիլ։ Թեթեւակի գրկեցի զինք եւ քանի մը բարձ զետեղեցի կռնակին։ Լաւ զգաց։ Նայեցաւ շուրջը, իւրաքանչիւր մանրամասնութիւն դիտեց հատիկ-հատիկ, մեծ դժուարութեամբ ակնոցը ամրացուց աչքին, ապա դալկօրէն շշնջաց.
- Սեդա ջան, մինչեւ գնալդ կարող ես հեռախօսից օգտուել ինչքան ուզում ես։

Հիւանդութեան լուրջ պահու մը արտասանուած սա խօսքերը տարօրինակ թուեցան ինծի։ Հարցական նայեցայ պառաւին, բայց արդէն ուղեղիս մէջ գտայ պատասխանը. «կ՜երեւի թէ առաւօտեան սենեակս մտած է, վերադարձին չէ կրցած ոտքը բարձրացնել սեմին վրայ ու հոն ալ ինկած է...»։ Գուշակութիւնս ճիշդ ելաւ։ Ամալիա ծոծան «մի քիչ քայլեմ»ի պատրուակով ներս մտած է ու վերադարձին ինկած, հիմա ալ «խղճահարութենէն» զիս ազատ կ՜արձակէ իր վերջին «լուծ»էն...

Պառաւին առողջութիւնը հետզհետէ վատթարացաւ։ Արեան ճնշումը խախտեցաւ եւ արգիլուեցաւ իրեն դուրս գալ անկողինէն։ Ա՛լ աղջիկը չէր բաժնուեր մօրմէն։ Ամալիա ծոծան դիտապաստ պառկած, ո՛չ կ՜ուտէր, ո՛չ կը շարժէր, այլ միայն ծանրօրէն կը տնքար։ Մեր բաժանումը եղաւ շատ յուզիչ։ Շոյանքներուս ի պատասխան մօրաքը բացաւ աչքերը, լացակումած նայեցաւ ինծի, դողալէն բռնեց ձեռքս, ուզեց բան մը ըսել, բայց կոկորդը խեղդուեցաւ։ Գրկեցի զինք ամուր-ամուր, համբուրեցի, ապա սիրած արտայայտութիւններէն քանի մը հատ ականջին փսփսացի։ Ժպիտի պէս բան մը ուրուագծուեցաւ կնոջ երեսին։ Փորձեց գլուխը բարձրացնել, բայց ուժերը չբաւեցին։ Սառած նայուածքով մը փնտռեց աչքերս, ապա գեր-ճիգով մը փսփսաց. «Բալա ջան, որ սաղ մնամ էլի՛ արի մօտս...»։

*
* *
Պէյրութ վերադառնալէս կարճ ժամանակ մը ետք հեռաձայնեցի Ամալիա ծոծային տունը, բայց պատասխանող չեղաւ։ Տխուր միտքեր պաշարեցին էութիւնս։ Իրողութիւնը հասկնալու համար փորձեցի ընկերուհիիս՝ Լիային թիւը.
- Սեդա, էդ դո՞ւ ես, ո՞նց ես…
Քանի մը բառ ետք հարցուցի.
- Մօրաքը ի՞նչպէս է, ի՞նչպէս եղաւ...
Լիան հազաց, ապա թախծոտ՝ պատասխանեց.
- Մօրա՞քը... լոյս իջնի պապերուդ հոգուն…։ Քո գնալուց յետոյ նա էլ մեկնեց էս աշխարհից...

Ս.Դ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

1993, Պէյրութ

Շար. 6 վերջ



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝