Յայտարարութիւն

Wednesday, March 24, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 70 -Ռուբէն

Միւս օրը սենեակ վերադարձան Սերգէյն ու Յակոբը, մի ծրար իրենց ձեռքին: Տխուր էին, կարծես հոգեհանգիստէ կը վերադառնային: Սերգէյը իր թաւ յօնքերի տակէն գետին կը նայէր, Յակոբ, պատժուած մանուկի պէս, մատիտով թղթի վրայ կը խզմզէր: Երկուքն ալ ձայն չէին հաներ, կարծես կը վախնային, որ եթէ խօսք մը ըսեն, պիտի չկրնան զսպել իրենց լացը: Մօտեցայ ծրարին եւ տեսայ որ վրան գրուած էր «Չբանալ: Երբ որ ուզեմ, ուղարկել ինծի. եթէ չպահանջեմ` պահել: Երկաթ»:
Սերգէյն ըսաւ.
- Պատուիրեց, որ քեզ մնաս-բարով ըսենք: Ան մեկնեց իւրայիններու հետ:
Լռութիւն տիրեց: «Գնաց», «գնաց» խօսքը արճիճի նման գլխուս մէջ կը դառնար ծանրօրէն, բայց չէի կրնար հարցնել թէ ո՞ւր եւ ինչո՞ւ գնաց: Սովորութիւն չկար նման հարցումներ ընելու: Կրնար պատահիլ, որ իրենք ալ չգիտնային այդ եւ եթէ գիտնային ալ, տրուելիք պատասխանը պիտի ըլլար. - «Ես ի՞նչ գիտնամ...»
Երկաթի մասին հաստատ տեղեկութիւններ ես չունիմ, եղածները ընդհանուր խօսքեր են, որ չեն պարզեր անոր աժէքը ոչ իբր մարդ եւ ոչ ալ իբր կուսակցական գործիչ: Բարեսիրաբար, այն թղթերու ծրարը, զոր Երկաթը ձգած էր, կը մնայ իմ մօտ: Այժմս երբ 48 տարիներ են անցեր, կարծեմ մեղք գործած չեմ լինի, եթէ ծածկագրով ու կեղծ անուններով գրուած Երկաթի օրատետրը բանամ եւ միացնեմ Յուշերուս, մի աղօտ լոյս նետելու համար անոր կեանքին վրայ (Տես Հատեր Ե.):

¢¢¢

Մտաւորական դիմագիծով հետաքրքրական մարդ մը կար, որ բոլոր սենեակները կը յաճախէր եւ փսփսուքով կը խօսէր մասնաւորապէս կարեւոր դէմքերուն հետ: Որու հետ որ ան երկար խօսէր, ան կը մեկնէր ու կ’անհետանար, իսկ ինքը կը մնար նորէն փսփսուքով խօսելու ուրիշներուն հետ եւ զանոնք ճամբու դնելու: Այդ տժգոյն, բարակ մարդէն շատ չէի ախորժեր: Ան մեր հիւրանոցի մէջ չէր ապրեր, այլ դուրսէն կու գար: Ես Վահան Ջալլաթեանի նման մարդ մը կը կարծէի զինքը, կամ շատ շատ վարժպետ մը:
Մէկ անգամ տժգոյն մարդը մեր սենեակը մտաւ: Պատուալի Վաղոն եւ Ռուս-Գէորգն ինձ հետ էին եւ մենք կը շաղակրատէինք: Վաղոն, երբ ներս մտնողը տեսաւ, իսկոյն տեղէն վեր թռաւ ակնածանքով: Ես ու Գէորգը նստած մնացինք եւ բարեւեցինք, ինչպէս անծանօթի եւ պատահական այցելուի մը կը բարեւեն: Ոչ ես եւ ոչ ալ Ռուս-Գէորգը գաղափար ունէնք, թէ ո՞վ էր Պարոն Ս. Զաւարեանը, զոր մեզ ներկայացուց Վաղոն: Այդ թուականներուն կրնայինք դեռ եւս չգիտնալ թէ ով է հիմնադիրներէն մէկը այն կուսակցութեան, որի դրօշի տակ ուխտած էինք մեռնեիլ: Այս կարգի հետաքրքրութիւն նոյնիսկ անտեղի ու ապահովութեան տեսակէտէն վտանգաւոր կը համարուէր: Մամուլի, գիրքերու եւ հրապարակային ժողովներու մէջ` կենդանի եւ աչքի ընկնող ղեկավարնեու անունը չէր լսուեր եւ ոչ ալ կը խօսուէր անոնց մասին: Մեր ղեկավար դէմքերը միշտ կը մնային ստուերի մէջ: Ժպտադէմ, կակուղ ձայնով մը Ս. Զաւարեան կը խօսէր Վաղոյին հետ: Երբ սկսեց հարցնել Ռուս-Գէորգի անցեալէն եւ հասկցաւ, որ ան ուսանող է երրորդ կուրսի (կարգի), շատ հետաքրքրուեցաւ անով: Գէորգն ալ իր կողմէ սկսաւ հարց ու փորձ ընել.
- Պարոն կարո՞ղ եմ իմանալ քու պաշտօնն ինչ է եւ ին՞չ գործով կը զբաղուիս:
Բարի ժպիտը դէմքին` Ս. Զաւարեան պատասխանեց, որ ինքը գիւղատնտես է եւ, իբր այդպիսին, պետական պաշտօնեայ: Եւ եբր իրարու «կոլլէկ» ըսելով Մոսկուայի մասին կը խօսէին, ես կը մտախէի թէ ո՞վ պիտի լինի այս Զաւարեանը, որի մասին լսած էի «Քաջն Սիմոն Զաւարով, Սասնոյ լեռներում»... աշուղական երգի մը մէջ: Հարկաւ, երգը այս վարժապետին համար չէ, կը խորհէի ես: Զաւարեան նայեց ժամացոյցին եւ ըսաւ Վաղոյին, որ վաղը անպատճառ բերէ բոլոր տղաքը: «Ես հոն կը լինիմ առտուն: Դուք ալ եկէք, գուցէ հետաքրքրական լինի»: Ապա դարձաւ ինձ. - «Դու ալ կու գաս, չէ՞»:
- Այդ Վաղոն գիտէ, պատասխանեցի ես եւ այդ եղաւ մեր առաջին փոխանակութիւնը խօսքի:

Շար. 70



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝