Յայտարարութիւն

Thursday, March 25, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները- 71 - Ռուբէն

Զարքազի ձորի խորերն ենք, Գիւմրիէն շատ հեռու. մարդու հոտ չկայ, միայն Ախուրեանը, քարերին զարնուելով, կ’աղմկէ: Ծաղիկները կոխկրտելով եկած ենք հոս, 15-20 հոգի: Հոն է նաեւ Զաւարեան, որուն հետ ոմանք մեծ ակնածանքով, իսկ ոմանք ալ, որ երեւի ինծի պէս չեն գիտեր թէ ան ով է, անտարբերութեամբ կը վերաբերին:
Վաղոն կը բանայ երկու պայուսակ եւ մէջի եղածը կը շարէ առանձին առանձին: Խստիւ կը պատուիրեն չծծխել: Զաւարեան կը խօսի, ջանալով որ բոլորին հասկնալի լինի ըսածը: Իբր նախաբան նիւթ ունի այն հարցը, թէ կռուի մէջ կարեւոր են մարդոց որակը եւ նոր ու կատարելագործուած զէնքերը: Կը բերէ զինուորական պատմութենէն օրինկաներ, որոնք կը զարմացնեն մեզմէ այ ունկնդիրերը, որ անտեղեակ էին ատոնց, իսկ անոնք որ քիչ մը տեղեկութիւն ունէին, հաւանութեան նշաններ կ’ընեն: Կային եւ այնպիսիներ, բարձր կրթութեան տէր, որոնք տարրական կը գտնէին Զաւարեանի ըսածները եւ կը ձանձրանային:
Երկրոդ մասի նիւթն էր սեւ եւ ճերմակ վառօդներու պատրաստութիւնը եւ անոնց ոյժը, ինչպէս եւ տինամիթի, մելինտի, նիտրոգլիսերինի, պերոքսիլինի ի՛նչ բաղադրութիւններէ կազմուած լինելը: Երկու հոգի միայն կարծեմ կը լսէին ուշադրութեամբ, մէկը կէս գրագէտ գիւղացի մըն էր, որոնց գիւղին մէջ սեւ վառօդ կը պատրաստէին նախնական ձեւով, միւսը ես էի, որովհետեւ այդ ամէնը բաւական ընդարձակ ծանօթութիւններով սորված էի թնդանօթաձգային սպայութեան քննութիւններ տալու համար: Միւսները կը ձանձրանային:
Երրորդ մասը զէնքերու գործածութեանց ձեւերի մասին է, որով կը հետաքրքրուին բոլորը: Եւ երբ տեսութենէն կարգը եկաւ ռումբեր լեցնելուն եւ նետելուն, պէտք էր տեսնել թէ ինչ եռանդ կը ցուցադրէին Վաղոմ եւ Ռուս-Գէորգը, որոնք մէկ ոտքի վրայ բարձրանալով, դատարկ ռումբը դէպի թշնամին նետելու փորձ կ’ընէին: Ես առանձնապէս հետաքրքրուած էի ռումբեր լեցնելու տեխնիկով, ինչ որ ինձ օգտակար պիտի լինէր հետագային: Բայց ինքը, դասախօսը, հմուտ չէր գործնական աշխատանքներու մէջ եւ գրքերէն քաղած էր իր ծանօթութիւնները: Ան այդպէս ալ յայտարարեց:
Դասախօսութիւնը վերջացաւ եւ մենք սկսանք ցրուիլ առանձին առանձին:
Չարքազի ձորը գեղեցիկ է գարնան: ԹԷեւ ձնծաղիկը թոռմած է, բայց ղաթիփան, ուտելու դեղին ծաղիկներ կը ժպտին, կը զարդարեն կանաչները: Ուտելու դեղին ծաղիկները խաղողի ողկոյզի նման բերանս կը քաշեմ ու կ’ուտեմ. մանկութեանս յիշատակն էր այդ, մեր կողմը ատոնք կ’ուտեն: Առաջիցս կ’երթար Զաւարեան, որ ծաղիկներ կը հաւաքէր ընտրութեամբ: Երբ նայեց ինձ, զարմաացած ըսաւ.
- Դուն այդ կ’ուտե՞ս:
Այո, պատասխանեցի, ուտելիքը կ’ուտեմ, մնացածը անպէտք կը թափեմ:
Պատասխանս տարօրինակ թուեցաւ իրեն եւ ան հարցուց ինձ.
- Այս դասախօսութիւնը օգտակար եղա՞ւ:
- Ի հարկէ ոչ, լսեցին բաներ, բայց չմարսեցին: Մէկ ժամուան մէջ ամբողջ մի գիտութիւն անհնարին է մարսել:
Վաղոն այդ կոշտ պատասխանէս առնուած` բացականչեց.
- Այ օղուլ, մարդավարի չե՞ս կրնար խօսիլ:
- Վաղօ, ընդմիջեց Զաւարեանը, հարցումիս ճիշդ պատասխան տուաւ, ինչո՞ւ կը բարկանաս. եւ ապա դառնալով ինծի, ըսաւ.- Քու պատասխանէն այնպէս հասկցայ, որ նպատակիս հասած եմ. իմ նապատակը չէր երկու ժամուան մէջ իմ իսկ չմարսած գիտութիւնը մարսելիք դարձնել, այլ միայն գիտցողները դժգոհ թողնել, իսկ չգիտցողներուն ալ ըսել որ գնան հետաքրքրուին այս բաներով:
Չառարկեցի իր այս խօսքերուն, բայց երբ աչքիս ընկաւ մեծ ծաղիկներու փունջին, զոր բռնած էր ձեռքին, ինքս ինձ մտածեցի.- «Այս ի՞նչ մարդ է: Եթէ յեղափոխական է, ինչպէ՞ս կրնայ ծաղկեփունջեր կազմել, երբ իր առջեւ մատաղ լինելու հարցը կայ»: Այդ օրերուն, տոգորած էի միայն մէկ սեւեռուն գաղափարով` մեռցնել կամ մեռնիլ: Այլեւս հասկնալու կարողութիւն չունէի: Զաւարեանը, ով ալ որ ան ըլլար, իմ աչքին ոչինչ մարդ մըն էր, քանի որ կը հետաքրքրուէր ծաղիկներով: Եթէ մէկը ինձ ըսէր, թէ ան է Դաշնակցութեան հիմնադիրը, թէ ան է որ կը տնօրինէ մեր կեանքերը, պիտի չհաւատայի եւ, հիասթափուած, պիտի շարունակէի զայն վարժապետ համարել: 1909էն յետոյ էր միայն որ ես զայն ճանչցայ, ինչպէս որ պէտք էր:

Շար. 71



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝