Յայտարարութիւն

Saturday, March 27, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-73-Ռուբէն

ԳԼՈՒԽ Է.

Տպաւորութիւններ Երեւանէն.
Սարգիս Օհանջանեան. Ադոն
Հին եւ նոր սերուդներ
Նիկոլ Դումանի ի պատիւ երեկոյթը
Իմ ճամբաս կ’որոշուի
Մնաս բարով Համոյին. Բորիազը.
Նիլոկ Դումանի հետ դէպի Պարսկաստան
Խանլուխլար եւ Շախթախթի


Հազիւ եօթ ամիս Կարսի նահանգ մնացի եւ կրնամ ըսել, որ անոր ժողովուրդի մասին, իր բոլոր խաւերով, շատ որոշ գաղափար մը կազմեցի: Ինչ կը վերաբերի այդ ժողովրդը բարձր ղեկավարութեանը, զայն ես գրեթէ չճանչցայ: Տարբեր եղաւ Երեւանի վերաբերմամբ. տարիներ շարունակ ապրած էի Էջմիածին եւ զանազան առիթներով եղած էի բազմաթիւ անգամներ Երեւան եւ գաւառները, բայց այդ շրջաններու ժողովուրդին հետ շփում չունենալով, չէի կրցած ճանչնալ զայն` իր բոլոր խաւերով, բայց առաջին օրն իսկ ես ճանչցայ Երեւանի վերին ղեկավարութիւնը:

Այս պարագան ակնբախ կը դարձնէր երկու նահանգներու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնը` կազմակերպական ձեւի տեսակէտէն: Մինչ Կարսի մէջ ժողովուրդը առեղծուած չէր, բայց առեղծուած էր անոր վերին ղեկավարութիւնը, իբր անշօշափելի մի էութիւն, Երեւանի մէջ, ընդհակառակն ժողովուրդը առեղծուած, անըմբռնելի բան մըն էր ինծի համար, իսկ Երեւանի մէջ` ղեկավարութեան, ինչ որ անկասկած, ունէր իր անպատեհութիւնները: Առաջին իսկ շփումէն, ես այդ զգացի եւ տեսակ մը շփոթութեան մատնուեցայ:
Երկու պայուսակով ներս մտայ փայտաշէն, փոքրիկ գրասենեակը, ուր գեղեցկադէմ, պեխաւոր եւ այծուամօրուս մարդ մը նստած էր գրասեղանին առջեւ: Ան բաւականին հաստլիկ էր եւ շատ բարի նայուածք մը ունէր: Երբ զիս տեսաւ, անմիջապէս ահարցուց.
- Ի՞նչ կ’ուզես, գառնուկս:
Իսկ երբ իմ ետեւէն մտաւ Համոն, երեսը կարմրած եւ մէջքը կքած, ան ոտքի կանգնեցաւ եւ զիս կանչեց յանդիմանականձեւով.
- Օգնիր տղային, պստիկ է, մէջքը կը կոտրի:
- Չի կոտրի, չի կոտրի, բիձա, արխէյին կաց (մի՛ անհանգստանար), իսկոյն ծառացաւ Համոն` վիրաւորուած:
- Լաւ, լաւ, քեզի համար կ’ըսէի: Ձեր ուզածն ի՞նչ է, ինչո՞ւ էք եկել եւ ուրկէ՞:
- Մենք բան մը ալ չենք ուզէ. մենք կ’ուզենք տեսնիլ Սարգիս Օհանջանեանը: Գնա՛ կանչէ, թող ան մեզ հարցումներ ընէ:
Ժպիտով մը ան ըսաւ . – Ձեր փնտռած մարդը ես եմ, խօսեցէք:
Համոն պատին սեղմուածի նման` առարկեց.
- Մենք կ’ուզենք Սարգիսի միջոցով Կենտրոնականին յայտնել ըսելիքներս:
Սարգիս քիչ մը յօնքերը կիտած պատասխանեց Համոյին.
- Կենտրոնականն ալ ես եմ, անոր նախագահն ալ:
Համոյի ելք չէր մնացեր:
- Կատակ չե±ս ըներ: Դո՞ւն նախագահ Կենտրոնականին:
Վերջապէս Սարգիսը զայրացաւ.
- Այ լակոտ, անցագի՞ր կ’ուզես, թէ վկայական: Դուն ո՞վ ես, այն ըսէ:
Հասկնալով, թէ որու առջեւ կը գտնուինք, ես ինքզինքս ժողվեցի եւ պատշաճ լռութիւն մը պահեցի, մինչդեռ միշտ առաջ նետուող Համոն կը շարունակէր.
- Քանի որ դուն ես ամէն ինչը, ա՛ռ ուրեմն, քեզի բերուած այս չորս պայուսակները: Վաղոն է ճամբած, քեզի «հատիա» (նուէր):
- Վաղո±ն, որ Վաղոն, Պատուալի՞ Վաղոն, - ինքն իրեն կ’ըսէ Սարգիսը եւ յանկարծ կռահելով թէ ինչ կը պարունակեն պայուսակները, թթու դէմք մը առաւ.
- Բա օր ցերեկով այդպիսի բան հոս բերել կը լինի՞. բա որ փորձանք մը պատահի±...: Որո՞ւ կառքովը եկաք. մարդ տեսա՞ւ ձեր բերելը...:
Ես լուռ կը մնայի, բայց տաքարիւն Համոն կը պատասխանէր.
- Չես ընդունիր, կ’ուզես յետ կը տանիմ. կրնամ տէր լինիլ այս պայուսակներուն: Երկաթուղիով եկանք, ի հարկէ մարդիկ մեզի տեսան: Վարձեցինք կառապան մը, որ թուրք էր, իսկ ուղեկից ունէինք ռուս սպայ մը:
- Վահ, այս տղան գի՞ժ է:
Տեսայ որ խնդիրը կը բարդանայ, դարձայ Համոյին.

Շար. 73


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝