Յայտարարութիւն

Sunday, March 28, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները -74-Ռուբէն

- Դուն գործդ վերջացուցիր, ժամադրութիւն տուիր, գնա այժմ քու գործին եւ մեզ մենակ թո՛ղ այստեղ:
Համոն գնաց:
Հանգամանօրէն բացատրեցի Սարգիսին հարցի էութիւնը, Համոյի ճարպիկութիւնը, մատնանշելով որ ռուս սպայի եւ թաթար կառապանին կողմէ որեւէ վտանգ մեզի չի սպառնար: Երբ ան եղելութեանը ծանօթացաւ, երեսը պայծառացուց.
- Դէհ առաջացուց ասէիր, տնաշէն, այդ խամ տղային ալ չէինք խրտչեցներ: Թէ որ այդպէս է, դու իմ տեղը նստիր, ես գնամ «Բորիազի» (Բորիազ կը կոչուէր այն խիստ քամին, որ գրեթէ ամեն յետմիջօրէի կը բարձրանար Երեւանի վրայ եւ փոշիով կը ծածկէր ամբողջ քաղաքը: Այդ բնորոշ անունով կնքած էին կարգ մը չափէն աւելի եռանդոտ ու փութաջան երիտասարդներ` մեծ մասը դպրոցականներ, իրենց խումբը: Հետագային հայ-թաթարական ընդհարուկներու ժամանակ մեծ դեր կատարեց) տղերքին ասեմ, որ գան ու սրանք պարտկենք:
Նա գնաց, իսկ ես կը մտածէի, թէ ինչո՞ւ պատահեցաւ այս թիւրիմացութիւնը, եւ ո±վ էր մեղաւորը:
Համոն յանցաւոր չէի գտներ: Վերջապէս ես ալ անոր պէս «նոր սերունդ» էի: Եւ ինծի համար ալ անհանդուրժելի էր այն վերաբերմունքը, զոր ցոյց կու տային «հին»երը, խնամակալի այն դերը, զոր ստանձնած էին մեր նկատմամբ: Անոնք իբր հայրիկ, նոյնիսկ կը մտահոգուէին, որ «կրնաս մէջքդ կոտրել, եթէ ծանր պայուսակ վերցնես»: Չէին հասկնար մեր այս մեծերը, որ իրենց հայրական սէրէն աւելի մեզի համար գերադասելի էր անկախութիւնը, նախաձեռնութիւնը, յանդգնութիւնը, թէկուզ մեր մէջքը կոտրելու գնով: Հոգւով Համոյին հետ էի: Միւս կողմէ, կը մտածէի թէ Սարգիսն ի±նչ ըրաւ որ Համոն զայն «բիձա» անունով կնքեց: Հին աշխատող, զոհաբերող մըն էր ան, որ դեռ երէկ Խանասորի դաշտին մէջ կը կռուէր, իսկ այժմս ալ ամբողջ նահանգի մը ղեկավար է, Կենտրոնական Կոմիտէի նախագահ եւ ինքզինքը պատասպանատու կը զգայ բոլորի հանդէպ: Եթէ ան մեզի՝ խենթ ու խելառներուս պէս չմօտենայ խնդիրներուն, այդ առաջ կուգայ այն սերէն ու հոգածութենէն, զորս ունի մեր բոլորին հանդէպ: Մի՞թէ ապերախտութիւն չէ պատկառանք չունենալ անոր հանդէպ: Ես ինքզինքս յանցաւոր կը զգայի:
Այս մտածումներս խանգարուեցան, երբ ներս ընկան երկու ջահիլներ, որոնք զուարթութեամբ հարցուցին, թէ Վաղոյի պայուսակները սրա՞նք են, եւ առանց պատասխանի սպասելու, վերցուցին ու կորան: «Բորիազ»էն են երեւի «չաթու քեասան»ները (կապ կտրողները, անսանձները), որ հակառակ Կենտրոնականի կամքին կազմակերպած էին խումբ մը եւ որոնց կարիքը կը զգացուէր միշտ նեղ օրերուն եւ այս կարգի յանդուգն գործերուն համար: Անոնք ալ Համոյի եւ ինձ պէս կը սիրէին սանձարձակութիւն եւ չէին հադուրժեր ո՛չ խամութ (ձիու անուր) եւ ոչ ալ փալան:
Մէկ ժամ անցաւ, Սարգիսը վերդարձաւ. նայեց չորս կողմը եւ բացականչեց.
- Տարե՞լ են: Մոռցայ հարցնել, բա նակամ չունի՞ք. Ի՞նչ կար պայուսակների մէջը: Ձեզ ալ չհարցուցի, կո՞ւշտ էք, անօթի՞ էք:
Նամակները հանեցի եւ տուի անոր: Կարդաց եւ երբ Անտոն ստորագրութեամբ նամակին հասաւ, երեսը մանկական երջանիկ դիմագիծ մը առաւ եւ դառնալով ինծի գուրգուրալից ձայնով ըսաւ.
- Ուրեմն քեզ հաւնա՞ծ է մեր Սիմոնը:
- Ո±ր Սիմոնը, հարցուցի, ես Սիմոնէ նամակ չեմ բերած:
- Ահա նամակը, միթէ՞ չես տեսած զինքը:
Ես այդ ատեն միայն հասկցայ Անտոնը` Սիմոնն է եղած: Ես, հիասթափուած անկէ «վարժապետ»ի տեղ էի դրած, իսկ ան գտած էր, որ «արջառէն լծկան եզ պատրաստելու պէտքական կրնայի լինել»:
Սարգիսը տարիքով աւելի մեծ կ’երեւար քան Սիմոնը, բայց անոր նամակը այնպէս կը կարդար` կարծես ստացուած էր ղուրբաթէն, իր տարիներէն ի վեր կորած պաշտելի հայրիկէն:
Այս բոլոր փոքրիկ բաները, երբ դեղնակտուց էի ու նոր սերունդ, այնպէս տպաւորուեցան իմ մէջ, որ մինչեւ օրս չեմ մոռցած: Նայելով Սարգսի անսահաման բարի երեսին, կ’եզրակացնէի որ ան այնքան գորով ունի, որ բոլորիս համար ինքզինքը հայրիկ կը կարծէ, այնքան սէր ունի, որ մեզի համար իր կեանքն իսկ չի խնայէ: Միաժամանակ, այնքան նահապետական է, որ իրեն համար ալ հայրիկ կը փնտռէ եւ կը կարծէ գտած ըլլալ յանձինս Սիմոնի: (Քիչ վերջը տեսայ Նիկոլ Դումանի առջեւ ալ ան հեզ եւ շնորհալի մանուկ մը կը դառնար, զայն պաշտող եւ անոր ակնարկով շարժուող): Համոզում կը կազմէի նաեւ, որ Սարգիս իսկապէս լաւ «բիձա» մըն էր, բարի, անշահախնդիր եւ զոհաբերող: Բայց ան կրնա±ր յեղափոխական համարուիլ, կրնա±ր լինել Կենտրոնականի նախագահ, ինչպէս ինքը կ’ըսէր: Իմ պատասխանը բացասական էր: Իմ որոշումը շատ ցայտուն էր` ազատագրուել հայրական որեւէ խնամակալութենէ եւ իմ ոտքերով քայլել, իսկ Սարգիսի մէջ այնքան ուժեղ էր գորովը հանդէպ երիտասարդներու, որ անոնց թափը կ’ուզէր ինքը կրել, եւ զոռ ընել, սակայն անկարող էր: Ասկէ եւ կը ծնէր այն անվերջ հակամարտութիւնը հայրերու եւ զաւակներու միջեւ, որ կը շարունակուի ցարդ:

Շար. 74


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝