Յայտարարութիւն

Monday, March 29, 2010

Հայ Յեղափոխականի մը Յիշատակները-75-Ռուբէն

Սարգիսը, քիչ մը մտածելէ յետոյ, դարձաւ ինծի եւ ըսաւ.
- Երեկոյեան մեր ժողովին կու գաս եւ պատասխանեց կ’առնես: Քաղաքին անծանօթ կ’երեւաս, քեզի կը յանձնարարեմ Ադոյին: Լաւ գլուխ է, թող քեզմով զբաղի, արդէն ան ալ պիտի լինի ժողովին, միասին կու գաք: Նայէք ի՞նչ եղաւ այն գիժը, այն խամ մոզին (կ’ակնարկէր Համոյին):
-
Ադոն միջահասակ, քառասունի մօտ մի ուսուցիչ կերպարանքով մարդ մըն էր: Երեսին պատկառելի դառնալու ճիգ մը կար. հայեացքը հեռուները ուղղած էր: Զայն առաջին անգամ կը տեսնէի (եւ վերջինը պիտի լինէր), բայց անկէ ստացածս տպաւորութիւնը երկար տարիներ պահեցի: Ինչով կը զբաղուէր` ես չեմ գիտեր եւ կը թողնեմ գիտցողներուն ըսել այդ, բայց ըստ երեւոյթին ան ղեկավար մարմնի անդամ էր եւ ապերախտ պարտականութիւնն ունէր իր վրայ առնելու երիտասարդութեան դաստիարակութիւնը եւ առաջնորդութեան գործը: Ադոն, ինչպէս կ’երեւար, բարեխղճութեամբ կը կատարէր իր դերը: Երբ զիս ձեռք ձգեց, կարճ խօսակցութենէ ետք անմիջապէս նկատեց, որ ես տատամսկոտ ու անորոշ գաղափարներ ունէի ընկերային հարցերու մասին եւ իր ամբողջ կարողութեամբ ան զիս պաշարեց: Կը խօսէր մեր ընկերային վարդապետութենէ, համեմատութեան կը դնէր զայն Մարքսի մաթերիալիստական տեսութիւններու հետ, կու տար Նեչայեւի, Բակունինի, ֆրանսական յեղափոխութեան գործիչներու անունները ու կը բերէր պատմութենէն վկայութիւններ: Եւ այս ամէնը այնպիսի ձեւով մը, որ մեր խօսակցութեան վրայ հասնող Գալուստ Ալոյեանի բերանը բաց կը մնար եւ զարմանքի հետ միասին ան կարծես թէ կ’ըսէր. «Կը տեսնի±ս, մենք այսպիսի գլուխ ալ ունինք»: Բայց Ալոյեանը երկար չդիմացաւ այդ անուններու տարափին եւ մի երկու դրուագներ պատմելով իր Թաւրիզի զինագործարանի մասին (որու հիմնադիրներէն էր), զիս ձգեց Ադոյի խնամքին ու հեռացաւ, պատուիրելով որ երեկոյեան իրենց մօտ ընթրենք:

Ադոն կը շարունակէր իր դաստիարակչական գործը, բայց ես այլեւս մտիկ չէի ըներ: Իմ միտքը կը սլանար Էջմիածնի Ճեմարանը, ուր երկար տարիներ աշակերտած էի: Մի շարք, թէեւ կղերամիտ, բայց շատ պատարաստուած գիտական դոկտորներ, փրոֆեսորներ` Կոստանեան, Քարամաեան, Կանայեան, Մանգինեան, Մանանդեան, Աբեղեան, Աճառեան, երկու Տիգրանեաններ, Կարապետ, Գարեգին վարդապետներ, բանաստեղծ Յովհ. Յովհաննէսեան, գրաբարագէտ Սէթ Յարութիւնեան եւ ուրիշներ, ո՛ր մէկն ըսեմ, կը պատկերանային ինծի: Անոնք ստուերի մէջ կը ձգէին իրենց պատրաստութեամբ Ադոյին, որ կրնար համեմատուիլ միայն մեր վերակացու Գէորգ Ղազարեանի հետ: Կը մտածէի, որ պատրաստութեամբ հարուստ այս բոլոր մարդիկ կ’ուզէին մեր դասարանի տղաքը դարձնել իրենց նման պահպանողական վարդապետ, ուսուցիչ, տէրտէր, բայց մեր 34 աշակերտներէն եւ ոչ մէկը այդպիսին չեղաւ: Հակառակ անոնց ցանկութեան, բոլորն ալ յեղափոխական եւ դաշնակցական դարձան: Առանց բացատրութեանց մէջ մտնելու, այդ փաստէն կ’եզրակացնէի, որ մեր դաստիարակներու անշնորհքութեան մէջ չէր անոնց ձախողութիւնը, ոչ ալ աշակերտներու ապիկարութեան մէջ, այլ մանկական այն հոգեբանութեան մէջ, որ կը ժխտէ ծնողներու կամ ուսուցիչներու տեսակէտները: Երիտասարդութիւնը կ’ուզէ իր ճամբան անձամբ գտնել: Ադոյի խօսքերը մտիկ կ’ընէի, կը մտածէի որ եթէ ան լինէր իմ ուսուցիչը, իր այս յամառ պնդումներով անպայաման զիս պիտի ստիպէր թողնել բոլոր յեղափոխական մտքերս եւ դառնալ կղերական մը: Երբ այս բանը մտքէս անցաւ, կտրեցի Ադոյի խօսակցութիւնը եւ հարցուցի.
- Ձեզ երբեւէ Գէորգեան Ճեմարանի ուսուցիչ չե՞ն հրաւիրած:
Ան պահ մը զարմացաւ եւ պատասխանեց.
Մտքիս մէջ ըսի. «Որպէսզի յեղափոխական ոգին ընդամիշտ չքանայ Ճեմարանէն եւ տիրապետէ այնտեղ հակայեղափոխականութիւնը, որ անոնց նպատակն է»: Եւ կարծեմ թէ սխալած չէի, որովհետեւ Ադոն իր ըսածներուն մէջ չէր դներ այն հաւատն ու համոզումը, ինչ որ Սերգէյը: Չէր երեւար, թէ Ադոյի ըսածները կը բխէին իր համոզումներէն. ուրիշներու միտքերն էին, որ ան ինծի կը ծախէր: Այդ ապրանքն ալ, զոր կ’ուզէր ծախել, շատ արժէքաւոր բան մը չէր թուեր ինծի: Եւ ես անոր նկատմամբ այնքան ալ լաւ եզրակացութեան չէի յանգեր: Ես կը տարակուսէի, թէ երիտասարդութեան առաջնորդ ներկայացուած Ադոն կարողանար իր շուրջը մարդիկ հաւաքել ու զանոնք իր ետեւէն տանիլ: Զիս, յամենայն դէպս, ան հեռացուց իրմէ եւ իր քարոզներէն:
Խնդրեցի Ադոյէն, որ զիս ծանօթացնէ «Բորիազ»ին հետ:
- Անոնք քիչ մը չաթու քեասան են, ըսաւ, բայց պէտքական են, յարմար ատենին կը ծանօթանանք:
Բայց ատոր առիթը չեղաւ:

Շար. 75


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝