Յայտարարութիւն

Sunday, March 7, 2010

Յարգանք կանանց Ներսէս Աւ. Քնյ. Մանուկեան

Շնորհակալութեամբ ստացանք Ներսէս Քահանայ Մանուկեանի յօդուածը գրուած Հայ Կնոջ Տարուան առիթով:Յօդուածը չի վերաբերիր Հայ Կնոջ այլ Կնոջ ՝ընդհանրապէս:Այս յօդուածով Քահանայ Հայրը կը ներկայացնէ կնոջ կերպարը Հին Կտակարանի ընդմէջէն և լուսարձակի տակ կ՜առնէ իր ընտրած տիպարներուն (կանայք) տուած պատգամը իրենց նմաններուն:
«Նշանակ»
«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«.«

Հովիւի Գրասեղանէն
Յարգանք Կանանց
«Շնորհալի կինը պատիւ կը ստանայ»
(Առակ. 11:16)


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ մեր Վեհափառ Հայրապետը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս, 2010 թուականը հռչակեց Հայ Կնոջ Տարի: Ան բոլորս կր հրաւիրէ «ներկայ տարուան ընթացքին լուսարձակի տակ բերելու հայ կինը, որպէսզի կրօնական թէ պատմական, ազգային թէ միջազգային առումով աւելի լայն ենթահողի վրայ դիտենք զայն, որպէսզի կարենանք ճիշդ կերպով բնութագրել ու համապարփակ կերպով արժեւորել իր իւրայատուկ տեղն ու դերը հայ կեանքէն ներս։» Վեհափառ Հայրապետի Կոնդակը այս խնդրին շուրջ, որ արդէն կարդացուեցաւ մեր եկեղեցիներէն ներս, շատ համապարփակօրէն կը ներկայացնէ Հայ կինը մեր պատմութեան մէջ եւ մեզ կր հրաւիրէ միասնաբար մտածելու մեր ընկերային կեանքին մէջ անոր ունենալիք դերին մասին:
Ես իմ շեշտս պիտի առնեմ Վեհափառ Հայրապետէն եւ երկու յաջորդական յօդուածներով պիտի փորձեմ ծանօթացնելու Ս. Գրքի եւ մեր պատմութեան յայտնի կիներ՝ որպէս ներշնչում մեր գաղութի Հայ կանանց:Հին Կտակարանը, որ ակնյայտ կերպով առական տիրապետութեան ընկերութեան պատմութիւն մըն է, իր մէջ ունի նաեւ պատմութիւնը ափ մը յայտնի կանանց որոնք իրենց հոգեւոր կեանքով եւ առաքինութեամբ կը փայլին:

Ա. Ես պիտի սկսիմ Եւայով, որը թէեւ օրինակելի կին մը չէ որովհետեւ իր հոգեւոր կեանքին մէջ երկմտի էր,սակայն շօշափելի դեր մը խաղցած է իր մասնայատուկ կանացի դերով: Ան նախատիպարն է կանանց, որ ստեղծուած էր Աստուծոյ կողմէ եւ իր ամուսնոյն՝ Ադամի հետ միասին հեղինակութիւն ստացած էր իշխելու երկրին վրայ: Բան մը որ ի մտի պէտք է ունենանք, այն է, թէեւ ան ստեղծուեցաւ Ադամի կողէն առնուած ոսկորէն, բայց բացարձակօրէն ստորադաս չէր Ադամին, այլ անոր համահաւասարը: Ինչպէս կը կարդանք Ս. Գրքին մէջ, ան ստացած էր դրախտին բնակիչը ըլլալու մենաշնորհը, բայց այդ մենաշնորհը կորսնցուց երբ խառնուեցաւ Աստուծոյ գործին՝ ճաշակելով արգիլուած պտուղը: Իմաստութիւն հաւաքելու իր ճիգին մէջ ան զանց առաւ լաւագոյն աղբիւրը՝ աստուածայինը եւ դիմեց օձին, որ խեղաթիւրեց ճշմարտութիւնը եւ խաբեց զինք: (Կարդալ Ծննդոց Բ. գլուխ)Եւայի պատգամը իր քոյրերուն այսօր հետեւեալն է.- մի գոհանաք միջակութեամբ այլ միշտ փնտռեցէք լաւագոյն խրատը որ միշտ պատրաստ է եւ մատչելի, միշտ փորձուած եւ փաստուած դարերու ընթացքին.- Աստուծոյ խրատը:

Բ. Յաջորդը Սառան է, Ս. Գրքին մէջ յիշուած առաջին կինը որ հրաշքով զաւակ ունեցաւ: Իր ամուսինը՝ Աբրահամ դարձաւ ազգերու հայրը եւ ինք՝ ազգերու մայրը:Որպէս կին, ան սիրով բաժնեց իր ամուսնոյն բոլոր դժուարութիւնները եւ գլխացաւերը. տեղէ տեղ թափառեցաւ անոր հետ՝ կորսնցնելով իր հանգիստը, բայց միշտ մնաց ամուսնոյն կողքին եւ անոր ազգակերտումի երազներուն ալ բաժնեկից դարձաւ: Ինք ազգերու մայր եղաւ Աստուծոյ հանդէպ իր ունեցած արտակարգ հաւատքին պատճառով: Այդ հաւատքը իր թաափառումներուն մէջ տուաւ իրեն յոյս եւ կորով, եւ նոյն այդ հաւատքը օգնեց իրեն իր զաւկին, Իսահակին հաւանական մահը դիմաւորելու: Սառան ճիշդ հակառակն է իր քենիին, Ղովտի կնկան, որ տխրահռչակ հիւրընկալն էր մեղքի քաղաքներուն, Սոդոմ եւ Գոմորին:

Ըստ պատմութեան, իր ընտանիքը եւ ինք շնորհք ստացածէին Աստուծմէ դուրս ելլելու այդ քաղաքներէն՝ անոնց կրակով եւ ծծումբով այրիլէն առաջ, եւ իրենց պատուիրուած էր որ ետեւնին չնային, բայց Ղովտի կինը անձկութեամբ ետ դարձաւ եւ անգամ մը եւս ուզեց տեսնել զեխութեան իր անցեալը եւ քարացաւ, մեզի յիշեցնելով այն կանանց, որ միշտ խրախճանքներու եւ զուարճութիւններու մէջ կ՛ուզեն ըլլալ եւ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը մոռնան:(Կարդալ Ծննդոց 11-25 գլուխները)
Սառայի պատգամը իր քոյրերուն այսօր սա է.-միշտ բաժնեցէք ձեր ամուսիններուն երազները, գիտնալով որ միասնաբար դուք կրնաք իրագործել ձեր նպատակները բայց իրարմէ անջատ, ոչինչ կրնաք իրագործել: Յիշեցէք միշտ, որ Աստուած օրհնած է ձեր միութիւնը եւ Աստուած ալ միշտ պէտք է ներկայ ըլլայ ձեր կեանքի ճանապարհորդութեան մէջ, օգնելով ձեզի որ դիմանաք բոլոր տեսակի դժուարութիւններուն: Կարծէք թէ Սառան ձեզի կ՛ըսէ.-«Վայելչութիւնը խաբկանք է, ու գեղեցկութիւնը ունայն,սակայն Տէրոջմէն վախցող կինը պիտի գովուի:» (Առակ.31:30)

Գ. Յաջորդ յիշատակելի կինը, Մարիամն է,Մովսէսի եւ Ահարոնի հերոսական քոյրը: Դժբախտաբար այնքայն չի խօսուիր անոր մասին որքան իր հռչակաւոր եղբայրներուն մասին: Անիկա հաւատաւոր եւ քաջ կին մըն էր: Ըստ Ելից •գրքին, երբ Իսրայէլացիները անցան Կարմիր Ծովէն, Մարիամը ղեկավարի դերի մէջ մտաւ եւ սկսաւ քաջալերել իր ժողովուրդը եւ առաջնորդ դարձաւ անոնց ուրախութեան: «Ահարոնի քոյրը՝ Մարիամ մարգարէուհին թմբուկը իր ձեռքը առաւ, եւ բոլոր կիները անոր ետեւէն դուրս ելան՝ թմբուկներով եւ պարերով: Մարիամ պատասխանեց անոնց. «Երգեցէք Տիրոջ, որովհետեւ մեծապէս բարձրացաւ. ձին եւ անոր հեծեալը ծովը նետեց:» (Ելից 15:20-21)

Մարիամ երկրորդ անգամ մըն ալ բեմի վրայ կ՛երեւի, այս անգամ իր եղբօր՝ Մովսէսին դէմ իր ունեցած վէճով: Մովսէս իր կինը կորսնցնելէ ետք վերամուսնացած ըլլալով ոչ Իսրայելացի սեւամորթ Եթովպիացի կնկայ մը հետ, Մարիամ որպէս ազգայնական կին եւ որպէս հոգածու քոյր հրապարակաւ պախառակեց իր եղբայրը իր կատարած սխալ գործին համար եւ ինք ալ մահուամբ պատժուեցաւ:(Կարդալ Ելից 15 եւ Թուոց 12):
Մարիամի պատգամը իր քոյրերուն այսօր սա է.- Երբ ժամանակը գայ ամբոխը դէպի յաղթանակ եւ յաջողութիւն առաջնորդելու, առաջին կարգերու վրայ եղէք: Իսկ ազգային դիմագիծը եւ աւանդութիւնները պահպանելու գործին մէջ թող ձեր ձայնը լսուի բարձր ու յստակ:

Դ.Յաջորդ կիներուն մասին որ պիտի խօսիմ, հին արտակարգ քոյրեր են, Սալպաադի աղջիկները որոնք պատմութեան մէջ պիտի յիշուին որպէս կանանց հաւասարութեան համար պայքառող առաջին կիները: Անոնց անուններն էին.- Մահալա, Նուա, Էգղա, Մեղքա ու Թերսա: Տարօրինակ անուններ բայց նշանաւոր դերակատարներ՝ կանացի շարժման պատմութեան մէջ: Անոնք ապրեցան 3000 տարիներ առաջ երբ կանայք ոչ մէկ իրաւունք կը վայլէին ժառանգութեան հարցին մէջ: Ըստ այն օրուան օրէնքներուն, երբ տան գլուխը՝ ամուսինը մահանար իր ամբողջ ստացուածքը կը տրուէր իր առու զաւակներուն. իսկ աղջիկ զաւակները ոչինչ կ՛ըստանային: Այս պատմութեան մէջ ալ, այնպէս մը կը պատահի, որ երբ Սալպաադ կը մահանայ, առու զաւակ չունենալուն իր հինգ աղջիկները գիտնալով որ կատարեալ դժբախտութեան մէջ պիտի իյնան, կ՛երթան Մովսէսի եւ Եղիազար քահանայի մօտ եւ կը բողոքեն ըսելով.- «Ինչո՞ւ մեր հօր անունը պիտի ջնջուի իր գերդաստանին մէջէն որովհետեւ առու զաւակ չունէր. մեզի կալուած տուէք մեր հօրեղբայրներուն մէջէն:» Անոնց բողոքը տեղ հասաւ եւ Մովսէս օրէնքը փոխեց այսպէս.- «Եթէ մարդ մը մեռնի ու որդի չունենայ, անոր ժառանգութիւնը իր աղջիկին փոխանցեցէք»: Ասիկա մեծ յաղթանակ մըն էր այն օրուան կանանց համար եւ հանդիսացաւ հիմնաքարերէն մէկը կանանց իրաւանց շարժումի յաղթանակին: (Կարդացէք Թուոց 26 եւ 27):Այս հինգ քոյրերու պատգամը իրենց քոյրերուն այսօր սա է.- թող յստակ ըլլայ բոլորիդ, որ Աստուած մարդն ու կինը ստեղծեց հաւասար իրաւունքներով: Մարդը սիրեց նոյն ուժգնութեամբ որքան կինը: Թոյլ մի տաք ոչ ոքու ձեզի ըսելու, որ մարդը կինէն աւելի լաւ է եւ կամ մարդը կինէն աւելի իրաւունք ունի: Տէր կանգնեցէք ձեր իրաւունքներուն եւ հաւասարութիւն քարոզեցէք մարդու եւ կնկան միջեւ: Աստուած ալ նոյն այս մտքի մէջ էր սկիզբէն ի վեր:

Ե. Վստահ եմ լսած էք Ֆրանսայի հերոսուհի Ժան Տարքի մասին, որ երկիրը գրաւող թշնամիին դէմ յեղափոխական շարժում սկսաւ եւ ինք ալ կրակով մահուան դատա-պարտուեցաւ: Զարմանալիօրէն իր նախատիպարին կը հանդիպինք Քրիստոսէ 13 դարեր առաջ: Անոր անունն էր Դեբորա: Այսօրուան իգական դասի դիւանագէտները պէտք է դաս առնեն անոր պատմութենէն:Ըստ Դատաւորաց գրքին ան իր շրջանի դատաւորներէն մէկն էր որուն քով շատեր կ՛երթային խրատ առնելու: Այդ օրերուն երբ Իսրայէլ գերի ինկաւ Քանանացիներու ձեռքը, եւ երբ տղամարդիկ վախցած եւ մէկ կողմ քաշուած էին, Դեբորան առաջ անցաւ եւ ժողովրդական շարժում մը սկսաւ թշնամիին դէմ: Ան Պարաք անունով Հրեայ զօրավար մը հրաւիրեց եւ միասնաբար պատերազմական ծրագիր մը մշակեցին:Համոզեց Պարաքին որ իր հաւատքը դնէ Աստուծոյ վրայ,վստահեցնելով որ Աստուած պիտի իրենց ձեռքով պարտութեան մատնէ թշնամին: Պարաք մեծապէս խրախուսուած Դեբորայէն, այս սրտառուչ խօսքերը ըսաւ անոր.- «Եթէ դուն ալ ինծի հետ երթաս, ես ալ կ՛երթամ,բայց եթէ ինծի հետ չերթաս, ես ալ չեմ երթար:»(Դատաւորաց 4:8) Երբ պատերազմը կը վերջանայ Հրեաներու յաղթութեամբ, ամբողջ ժողովուրդը կ՛ըսկին Դեբորան գովաբանել, բայց ան անմիջապէս Աստուծոյ կը վերագրէ յաղթանակը եւ կ՛անցնի պատմութեան էջերուն մէջ որպէս առաջին կինը որ իր ժողովուրդը յաղթանակի առաջնորդեց: (Կարդալ Դատաւորաց 4 եւ 5):Դեբորայի պատգամը իր քոյրերուն այսօր սա է.-Երբէք մի թերագնահատէք դուք զձեզ երբ ժամանակը գայ ղեկավարութեան: Աստուած ձեզ օժտած է անսահման կարողութիւններով որպէսզի որեւէ մէկ կացութեան մէջ փոփուխութիւն մտցնէք: Միշտ գտէք ձեր մէջ Աստուծոյ ձեզի տուած տաղանդները եւ գործի անցէք: Անսահման է ձեր կարողականութիւնը երբ Աստուած ձեր դաշնակիցն է:

Զ. Հռութի պատմութիւնը կը կարդանք իր անուան նուիրուած գրքին մէջ, ուր ան կը ներկայացուի որպէս ազնիւ, հո•ածու եւ ընտանիքի կին, որ դարեր շարունակ ներշնչած է իգական սեռը: Ըստ պատմութեան, ան երիտասարդ տարիքին դժբախտութիւնը կ՛ունենայ այրիանալու Մովաբ քաղաքին մէջ: Այդ օրերուն այրինալը համահաւասար էր մահապատիժի, որովհետեւ այրին չէր ժառանգէր իր ամուսնոյն ստացուածքները բայց իր արու զաւակները եւ կամ ամուսնոյն եղբայրները: Հետեւաբար այրիներու կեանքը կախեալ կ՛ըլլար ուրիշներու ողորմածութենէն:Ուրեմն Հռութ զաւակ չունենալուն համար, ամուսնոյն մահէն ետք ինքզինք կը գտնէ նոյն դժուար կացութեան առջեւ: Որպէս ընտանիքի անդամ ան ունէր միայն իր այրիացած աներմայրը, Նոյեմին եւ իր այրիացած քենին,Օրփան: Անոնք գոյատեւելու ուրիշ ճար չունէին բացի իրենց ծնողաց գիւղերը վերադառնալէն: Ուրեմն, իրենց անձնական ստացուածքները վերցնելով անոնք ճամբայ կ՛ելլեն: Նոյեմի իր հարսերէն կը խնդրէ որ իրեն չհետեւին,այլ երթան իրենց ծնողաց մօտ: Օրփան կը բաժնուի եւ կը բռնէ իր ճամբան իսկ Հռութ, որ խոր սիրով կապուած էր իր ամուսնոյն ընտանիքին, կը մերժէ բաժնուիլ Նոյեմիէն եւ այս սրտառուչ խօսքերը կ՛արտասանէ.- «Մի ստիպեր ինծի որ քեզ թողում եւ քեզմէ հեռանամ, որովհետեւ ուր որ երթաս հոն պիտի երթամ, եւ ուր որ գիշերես հոն պիտի գիշերեմ, քու ժողովուրդդ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլայ, ու քու Աստուածդ՝ իմ Աստուածս պիտի ըլլայ: Ուր որ մեռնիս՝ես ալ հոն պիտի մեռնիմ ու հոն պիտի թաղուիմ: Տէրը ինծի այսպէս եւ ասկէ աւելին ընէ, եթէ մահէն ուրիշ բան մը զիս քեզմէ բաժնէ:» (Հռութ 1:16-17):
Այս անձնզոհ երիտասարդ այրին, որ կարճ ժամանակի մը մէջ կրնար վերամուսնանալ եւ իր կեանքը վերագտնել, մերժեց ինքնիր մասին մտածել եւ ուզեց Նոյեմիին հետեւիլ եւ խնամել զայն: Ուրեմն երկուքը միասին կը սկսին իրենց ճամբորդութեան դէպի Բեթղեհէմ, եւ կ՛ուտեն ինչ որ կը գտնան դաշտերու մէջ: Երկար ճամբորդութենէ ետք կը հասնին Բեթղեհէմ, ուր Հռութ, երբ Պուազ անունով հարուստ մարդու մը արտին մէջ մնացած հատիկները կը հաւաքէր որպէսզի ինք եւ Նոյեմին փորերնին կշտացնէին,Պուազ կը սիրահարուի Հռութին եւ կ՛ամուսնանայ հետը եւ ամուսնութիւնը կը դառնայ Դաւիթ Թագաւորի սերունդին արմատը: Ամուսնութենէն ետք, Հռութ Նոյեմին ալ իր տունը կը բերէ եւ այսպիսով այրի մըն ալ կ՛ազատի: Անոնց սիրալիր յարաբերութիւնը այնքան կը տպաւորէ տեսնողն երը, որ կուգան եւ Նոյեմիիին կ՛ըսեն.- «Քու հարսդ քեզի եօթը որդիէ աւելի լաւ է:» (Հռութ 4:15) Ի՛նչ գեղեցիկ պատիւ: (կարդալ Հռութ 1-4)Հռութի պատգամը իր քոյրերուն այսօր սա է.-կեանքի մէջ ընտանիքը շատ կարեւոր է: Եթէ ստացուածքներդ կորսնցնես, օր մը դարձեալ ոտքի կը կենաս, բայց երբ ընտանիքդ կորսնցնես ամէն ինչ կը կորսնցնես եւ դուն ալ կը կորսուիս: Կեանքի մէջ ինչ որ ալ պատահի քեզի, մնա ընտանիքիդ հետ, որովհետեւ երբ աշխարհը կ՛ատէ քեզ, ընտանիքիդ մէջ կը գտնաս սէր. երբ ուրիշներ պաղ վերաբերմունք կ՛ունենան քու հանդէպ, ընտանիքդ սիրող թեւեր կը բանայ քեզի. երբ ուրիշներ կը յուսահատեցնեն քեզ իրենց յոռետես աշխարհահայեացքով, քու ընտանիքդ քեզ կը բարձրացնէ յոյսով: Երբ նեղի մէջ ես նախ փնտռէ Աստուծոյ կամքը եւ թոյլ տուր որ Աստուած հրաշքներ կատարէ քեզի համար՝ քու ընտանիքիդ մէջէն:

Է. ՀԻն Կտակարանի վերջին կինը պիտի ըլլայ Աննան, Սամուել թագաւորի մայրը: Ան բոլոր կիներուն մէջ կը փայլի որպէս ջերմեռանդ աղօթող կին: Աամուսնացած էր Եղկանա անունով քահանայի մը հետ բայց ամուլ մնացած: Բազմաթիւ անգամներ գացած էր տաճար՝աղօթելու որ Աստուած իրեն արու երերխայ մը տար զոր ինք նուիրէր Աստուծոյ ծառայութեան: Ան ուխտեց Աստուծոյ ՝ ըսելով. «Ո՛վ զօրութիւններու Տէր, եթէ քու աղա խինիդ տառապանքին նայիս ու զիս յիշես, ու տաս ինծի արու զաւակ մը, զայն Տիրոջ պիտի նուիրեմ իր կեանքի բոլոր օրերուն մէջ, ու անոր գլխուն ածելի պիտի չդպնայ:»(Ա. Թագաւորաց 1:11) Վերջապէս, ի պատասխան իր աղօթքներուն, Աստուած անոր կու տայ արու զաւակ մը զոր կը կոչէ Սամուել,որ կը նշանակէ «Աստուծմէ խնդրուած»:
Երբ իր զաւակը կը մեծնայ, ինչպէս որ խոստացած էր,տաճար կը տանի զայն եւ կը նուիրէ Աստուծոյ եւ տաճարէն վերադարձին կ՛երգէ սքանչելի հոգեւոր երգ մը որ պիտի ըլլար Մարիամ Աստուածանի «Մեծացուսցէ» երգին նախատիպարը: (Կարդալ Ա. Թագաւորաց 2:1-10) Այս երգին գեղեցկութիւնը այն է, թէ Աննան երբէք ինքնիր մասին չի խօսիր, այլ ամբողջ սրտով կը փառաւորէ զԱստուած՝ խորապէս հաւատալով որ Ան է միայն բոլոր բարութիւններու աղբիւրը:Աննայի պատգամը իր քոյրերուն այսօր սա է.-Աղօթքը թող ըլլայ ձեր երրորդ թոքը: Թող աղօթքը ձեզ աշխուժացնէ եւ բաձրացնէ: Կեանքի մէջ երբ կը զգաք որ անելի մը առջեւ կը գտնուիք, բացէք ձեր աղօթքներու հեղեղի դռները. թող ձեր ջերմեռանդ աղօթքները զանգ մը հնչեցնեն երկնքի մէջ եւ յետոյ վկայեցէք երկնքի նուէրը ձեր կեանքին մէջ: Աղօթեցէք վստահութեամբ. Աղօթեցէք հաւատքով եւ միշտ աղօթեցէք:

Այս առաջին բաժինը կ՛ուզեմ փակել 31-րդ
Առակով, որ կը ներկայանէ իտէալ կնկան պատկերը :
«Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել.
Անոր գինը մարգարիտներէն շատ աւելի է:
Անոր ամուսին անոր վստահութիւն ունի:
Ան իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ
Անոր բարիք կ՛ընէ, եւ ո՛չ թէ չարիք:
Բուրթ ու քթան կը փնտռէ,
Եւ հաճոյքով իր ձեռքերով կը գործէ:
Իր մէջքը զօրութեամբ կը գօտեւռրէ,
Ու բազուկները կ՛ամրապնդէ:
Անոր ճրագը գիշերը չի մարիր:
Ափը դժբախտին կը բանայ,
Ու ձեռքերը աղքատներուն կ՛երկարէ:
Իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայ
Ու լեզուին վրայ քաղցրութեան ուսուցում կայ:
Իր տան ընթացքը կը քննէ:
Եւ ծուլութեան հացը չուտեր:
Անոր որդիները կը կանգնին ու զայն երանելի կը կոչեն:
Անոր ամուսինն ալ զայն կը գովէ՝ ըսելով.
«Շատ աղջիկներ առաքինի եղան,
Բայց դուն բոլորն ալ կը գերազանցես»:
Վայելչութիւնը կը խաբէ, ու գեղեցկութիւնը ունայն է,
Սակայն Տիրոջմէն վախցող կինը պիտի գովուի:»

Ներսէս Աւ. Քնյ. Մանուկեան
(Շար.ը յաջորդիւ)



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝