Յայտարարութիւն

Monday, March 15, 2010

Շուն եւ Վկայական - Օննիկ Պօղիկեան

Օննիկ Պօղիկեանը , ինչպէս ինք կ՜ըսէ, այսօր ութսունը անց երիտասարդ մըն է: Երիտասարդ բառը չակերտի մէջ չենք առներ, որովհետեւ երիտասարդութիւնը Օննիկի հոգիին մէջ է, երիտասարդութիւնը կեանք է:Բարեբախտաբար,հազարաւոր քսանհինգամեայ ծերերու կողքին քիչ չէ թիւը ութսունամեայ երիտասարդներու:

«Նշանակ»

»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»»«»»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«

Սենեակիս մէջ, գզրոցի դարակներէն մէկուն մէջ երկար ատենէ ի վեր խռնուած, ցանցնուած թուղթերու եւ տրցակներու անկանոն եւ թափթփած վիճակ նկատած էի, բայց միշտ յետաձգած` զանոնք հաւաքելն ու դասաւորելը :

Օր մըն ալ որոշումս գործադրելու վճռակամութեամբ սկսայ հաւաքել այդ տարտղնուած թուղթերը, երբ յանկարծ ձեռքիս մէջ նկատեցի մեր շնիկին` Փեփփի-ին վկայականը: Կարդացի, դիտեցի այդ “կենդանական” փաստաթուղթը, ուր շուներու կրթութեան վարժարանի տնօրինութիւնը կը վկայէր, թէ Փեփփի Պօղիկեանը կանոնաւոր կերպով հետեւած ըլլալով վարժարանի “շնական” բոլոր դասընթացքներուն արժանացած էր սոյն վկայականին:

Պահ մը ետ երթամ և ըսեմ,որ 1997-ին հանգստեան կոչուեցայ: Զաւակներս` Անին, Տիգրանը եւ Ռազմիկը, իրնեց ծնողքին անակնկալ մը ըրած էին եւ որպէս նուէր տուն բերած էին ֆրանսական ծագումով “Պիչոն” տեսակի, ճեփ ճերմակ, փոքրիկ, անուշիկ շնիկ մը: Աչքերը սեփ սեւ, կարծես ճերմակ գլխուն վրայ երկու ձիթապտուղ զետեղուած ըլլային, իսկ իր սեւ քիթիկով կ’ամբողջանար իր դէմքին պատկերը, Փեփփիի մազերը գառնուկի մը մազերուն նման գանգուր էին:
Այնուհետեւ, Փեփփին սկսաւ մեծնալ եւ օր մըն ալ Տիգրանը զինքը տարաւ շուներու վարժարան` ուսում եւ կրթութիւն ստանալու համար...
Այս եղելութիւնը պատմելու հարկ պիտի չ’ըլլար եթէ չ’առնչուէր իմ` բնաւ երբեք չստացած եւ անգոյ վկայականներու վարկածին...
Անգամ մը եւս դիտելով եւ կարդալով “Շրջանաւարտ” Փեփփի-ին վկայականը, յանկարծ անդրադարձայ, որ ես` ուսուցիչի զաւակ, կեանքիս մէջ չեմ արժանացած ոչ մէկ վկայականի, նոյնիսկ մանկարպարտէզի վկայականի... Վայ շունշանորդի Փեփփի, ըսի մտովի` նախանձի զգացումով մը, դուն վկայական ունիս, իսկ ես ոչ:
Այ այսպէս ուրեմն:

***

Քէսապի Սահակեան վարժարանի Ծաղիկ դասարանի աշակերտներու ամավերջի հանդիսութենէն ետք գիւղացիք ցրուեցան ամառուայ արձակուրդը վայելելու համար:

Ամառը անցաւ, Հոկտեմբերի սկիզբներուն դպրոցները բացուեցան եւ ես պէտք էր դպրոց երթայի: Չեմ գիտեր ով, կամ որու հրահանգով ես պէտք էր որ երթայի մանկապարտէզ: Անշուշտ փոքր ըլլալով ես չէի գիտեր, չէի հասկնար թէ ինչու զիս տարած էին մանկապարտէզ:Աւելի ուշ իմացայ որ այնտեղ չեմ կրցած գտնել իմ ընկերները, փնտռած բայց չեմ գտած ոչ մէկը: Յուսախաբ` սկսած եմ լալ, մերժած եմ նստիլ Ծաղիկ դասարանի նոր աշակերտներուն հետ` եւ, եւ ի վերջոյ լալով վերադարձած տուն:

Յաջորդ օրը, մեր տունին շատ մօտիկ եղող Ուսումնասիրաց Վարժարան գացի` միանալու դասընկերներուս, որովհետեւ, ես այդ տարիքիս չէի կրնար ըմբռնել, որ ընկերներուս միանալու համար պէտք էր դասարան փոխէի, այսինքն “յաջող քննութիւնները” պէտք էր անցնէի: Ուրեմն ձախողած ըլլալով չէի արժանացած վկայականի:
Ես դասարան կրկնած էի ըստ մանկապարտիզպանուհի օրդ. Արաքսի Սողոմոնեանին:

Կը խորհրդածեմ, կարծես նոր միայն կ’ուզեմ իմանալ թէ որ մէկ դասերէն ձախողած էի արդեօք, ալճեպրայէ՞ն, ճէօմեթրէ՞ն, թուաբանութենէ՞ն...
Այժմ, 80-ի սեմին, երբ կը յիշեմ մանկութեան օրերս, իմ մէջ կ’արթննան հին յուշեր, գիւղական երանելի օրեր, լաւ թէ վատ, բայց այնքան քաղցր, այնքան հարազատ ու հաճելի: Ամէնաաղքատ ընտանիքի մը զաւակ ըլլալով հանդերձ, ես ամէնաերջանիկ մանկութիւնը ունեցած եմ: Ինչպէս չկոչեմ Բարձրեալին... Տուր ինծի Տէր, մանկութենէս պատառիկ մը վերապրելու երջանկութիւնը...

Օննիկ Պօղիկեան


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝