Յայտարարութիւն

Monday, March 22, 2010

ԻՄ ԳԻՐՔԸ (Պարզացուած) Աւետիս Ահարոնեան

2. ՄԱՀՈՒԱՆ ՇՈՒՔԸ


Վեց գարուն ապրած էի. կեանքս միայն արեւ էր ու ծաղիկ:

Հորիզոնս Մասիսն էր: Անկէ անդի՞ն... չէի գիտեր:

Մայրս ամէն օր թոնիր կը վառէր, կերակուր կ՛եփէր: Օրօրոցին մէջ պզտիկ եղբայրս կը ճլւըլար թռչնիկի պէս: Հայրս եւ եղբայրներս կ՛աշխատէին դարբնոցը կամ դաշտերն ու այգին. իսկ ես՝ կը վազվզէի իրենց մօտ, կամ մեր բակը փայտէ ձի հեծած՝ կը խաղայի:

Եւ յանկարծ պզտիկ եղբայրս հիւանդացաւ. ա՛լ չէր ճըլւըլար օրօրոցին մէջ. մեղմ կը տքար:

Ես կը շարունակէի խաղալ: Այդ օրը, կտոր մը տախտակ գտած էի, գամ մը, եւ փոքր մուրճովս կը փորձէի սայլակ մը շինել. «Թրը՛խկ, թրը՛խկ, թրը՛խկ»:

- Մի՛ ըներ, ճանիկս,- ըսաւ մայրս՝ օրօրոցը ճօճելով,- ձգէ՛ որ Յակոբիկը քնանայ. հիւանդ է:

Յակոբիկը օրօրոցին մէջ պառկած պզտիկ եղբայրս էր: Ան ցաւ ունէր: Մէկուկէս տարեկան էր արդէն. բաւական բան կը հասկնար, քիչ մը կը խօսէր: Խեղճը չէր կրնար քնանալ, ու կը գանգատէր. «Նանե՜մ, նանե՜մ»:

Ծնողներս փոխուած էին. շատ մեծ էր իրենց մտահոգութիւնը: Մայրս գիշեր-ցերեկ դադար չունէր. կը դառնար հիւանդին շուրջ: Բայց գիւղի պառաւներուն տուած խորհուրդները եւ դարմանները չէին օգներ...

Հայրս, երբ երեկոյեան տուն կը դառնար, հազիւ Յակոբիկին տքոցը կը լսէր՝ յօնքերը կը կիտէր, եւ յոգնութիւն ու անօ-թութիւն մոռցած՝ կը սկսէր մեղմ աղօթք մը մրմնջել:

Երկու շաբաթ անցաւ: Երեխան աւելի անհանգիստ էր քան երբեք:

Գիշեր մը, ան աչքը չգոցեց: Ուշ ժամու, տանիքէն մեր շունը հաջել սկսաւ, յետոյ ոռնաց՝ սուր ու տարօրինակ:

- Ինչո՛ւ կը հաջէ այդ անպիտան շունը,- փսփսաց մայրս:

Հայրս ելաւ դուրս, շուրջը քննեց, վերադարձաւ:

- Բան մըն ալ չկայ. ի՞նչ է ուզածը... չեմ գիտեր:

- Մայրիկ, շունը որո՞ւն վրայ կը հաջէ...

- Մարդ չկայ... քնացի՛ր, հոգիս, քնացի՛ր...

Յաջորդ առտու, դժբախտ Յակոբիկին վիճակը աւելի ծանրացաւ: Ես շունչս բռնած կը նայէի իրեն: Յանկարծ նկատեցի, որ անոր աչքերը փակուեցան եւ գլուխը ետ ինկաւ:

- Մայրի՛կ, մայրի՛կ... Յակոբի՜կը,- ճչացի ես սարսափահար:

Մայրս թոնիրը ձգած՝ վազեց եկաւ: Հայրս հետեւեցաւ իրեն:

Յակոբիկը կը քնանար խորունկ, յաւիտենական քունով: Անոր անշունչ մարմինը պառկած էր հեկեկացող մօրս գիրկին մէջ: Հայրս, մօտը ծունկի եկած, կամաց արցունքները կը սրբէր: Ես մոռցուած էի, քարացած, պատին կռթնած:

Առաջին անգամն էր, որ մահը կը տեսնէի...

* * *

Եղբօրս մահէն ետք օրէ օր տկարացայ, հիւանդացայ:

Ծնողներուս վիշտը մեծ էր. մէկ զաւակ կորսնցուցած էին, եւ ահա միւսը կը հիւանդանար:

Հիւանդութիւնս տարօրինակ էր: Գիշերները ջերմ կ՛ունենայի, կը զառանցէի: Մութին մէջ հազար ու մէկ կենդանիներ կը տեսնէի, որոնք ինծի կը մօտենային վախազդու ձեւերով:

- Մայրի՜կ, հայրի՜կ, եկա՜ւ...,- կը ճչայի՝ տեղէս ցատկելով:

Մայրս զիս գիրկը կ՛առնէր: Հայրս ճրագը կը վառէր, շուարած զիս կը դիտէր:

- Երեխաս շա՛տ վախցած է,- կ՛ըսէր մայրս:

Յաջորդ առաւօտ, երբ աչքս բացի, մեր թոնիրին քով նստած տեսայ պառաւ մը՝ Պոպոզենց Մարգարիտը: Մեր գիւղի բախտ նայողն էր:

Ան աղօթք մը ըրաւ գլխուս վրայ, գաւաթ մը ջուրի մէջ բաներ «կարդաց», յետոյ մօրս դարձաւ.

- Սուրբ Յակոբին պիտի երթաք. մեռնիմ անոր զօրութեան: Այս պզտիկին ազատումը հոն է, Սուրբ Յակոբին քով...

Այսպէս ուրեմն, իմ բախտս Սուրբ Յակոբին ձեռքն էր, այն հզօր սուրբին, որ դարերէ իվեր թառած էր Մասիսի կուրծքին եւ կը հովանաւորէր հայոց աշխարհը:

Որոշուեցաւ, որ յաջորդ Ս. Խաչի տօնին պիտի երթայինք դէպի Մասիս, Սուրբ Յակոբին ուխտի, իմ բուժումս խնդրելու:

լԵԶՈՒՆ պԱՐԶԱՑՈՒՑԻՆ՝
յԱՐՈՒԹ և մԱՐՕքԻՒՐՔՃԵԱՆ

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝