Յայտարարութիւն

Tuesday, March 23, 2010

ՑԱՒԻ ԾԱՂԻԿ Ս.Դ.ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Մեռնողը Երազն էր։ Թաղեցին զինքը։ Որբացաւ երկինքը։ Գետինը կլլեց անմահութիւնը։ Որոտումը դողաց։ Սարսուռ-սարսուռ մաղուեցաւ։ Կականը բռնեց աշխարհը։ Կռինչը խեղդուեցաւ ծերպերուն մէջ։ Ողբը ողբաց։ Լացը լացաւ։ Ցաւը նորէն ցաւեցաւ։ Մեռած էր Երազը։ Թաղեցին զինքը։ Անտարբեր էին միայն դէմքերը։ Մարդիկ։ Ափափեցին հողը եւ բուռ մը անկէ դարձեալ իրեն նետեցին։ «Հող էիր հող դառնաս»։ Սպաննեցին Երազը մահէն ալ անդին։ Գերեզմանը կակուղ էր։ Ցաւին շիթերով թրջուած էր։ Ծիլ մը բացաւ աչքերը։ Խմեց աղի ճիչը ցաւին։ Կանաչը վախէն փախաւ։ Հողագոյն էր։ Ցաւի ծաղիկ մեռնող Երազի։

Արուեստագէտը

Միայնակ։ Անհանդուրժող։ Դառնացած։ Վտանգաւոր միտքերու գերին դարձած։ Սպաննել էր պէտք։ Արուեստը։ Գաղափարը։ Ներկերու տուփը։ Նուագարանը։ Համակարգիչը։ Կոտրել։ Փշրել։ Ոչնչացնել։ Ինքզինք։ Անիրական աշխարհի իրական ցաւն էր։ Շուրջը անկայունութիւնն էր։ Իրերու եւ մարդոց խուլ պայքարն էր։ Ինքը։ Արուեստագէտը։ Զսպանակներ չունէր ձեռքին։ Լաբիւրինթոս էր ներսը։ Դուրսը։ Աշխարհ եւ մարդիկ։ Միայնակ էր։ Աստուծոյ պէս։ Դժգոհած։ Գազազած։ Մեղանչած։ Մարդուն մէջ մարդը ստեղծելուն համար։

Մշակոյթ

Հնակարկատի խանութ։ Հին ճաշերու նոր խոհագիր։ Անաւարտ կրկնութիւն միջակութեանց։ Երանի՜ թէ միջակութեանց։ Անձեւ աղմուկ։ Տխրութիւն։ Լալկանութիւն։ Անբանական ամբոխ։ Անտրամաբանութիւն։ Վազքի։ Չարդարացուած եռուզեռի։ Հագուստ-կապուստ։ Շպար-շպար-շպար։ Կերուխում մինչեւ երկինք։ Մինչեւ աղիքներու ճաթռտուք։ Երջանիկ հաւաքականութիւն։ Թիւ-Շահ-Գահ։ Սրբազան մահազդ։ »Աստ հանգչին Արուեստն ու Արուեստագէտը«։ Մշակոյթ։

Ս.Դ. ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Դեկտեմբեր 2006
Մոնթրէալ


«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝