Յայտարարութիւն

Wednesday, March 24, 2010

ԻՄ ԳԻՐՔԸ (Պարզացուած) Աւետիս Ահարոնեան

3. ԱՌԱՋԻՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉՍ


Իմ առաջին ուսուցիչս Մասիսն է, Հայոց աշխարհի հսկան:

Արաքսի ափերէն անցնողները՝ այցելու թէ ճամբորդ, հիացումով կը քարանան անոր զոյգ գագաթներուն՝ Մեծ ու Փոքր Մասիսներուն դէմ, քով-քովի կանգնած՝ ինչպէս հայր ու որդի...

Իսկ Արարատեան աշխարհի բնիկ հայերը, առանց բացառութեան, իրենց ծնած օրէն կ՛ապրին այդ հրաշք լերան անդի-մադրելի կախարդանքը: Ո՛վ որ իր մանկութենէն ապրած է Մասիսի ստուերին, իր ներքին էութեամբ կը դառնայ անոր մէկ մասնիկը...

Ես ալ, աչքս բացած օրէս, Մասիսը տեսած եմ դէմս: Ան այնքան մօտ էր մեր այգիին, որ ամրան պայծառ օրերը, կը սիրէի նստիլ ծառի մը տակ, մեն-մինակ, եւ ծունկերս գրկած՝ զայն դիտել ժամերով: Դիտել ու մտածել, հաւատալ՝ որ Մասիսը աշխարհի տէրն է, որ տիեզերքը կը վերջանայ անոր թիկունքին...

Ես գիտէի, որ ան նստած է ամենազօր ցուլի մը եղջիւրին, որ երբեմն կը ցնցուի, եւ շրջակայքը տակնուվրայ կ՛ընէ երկ-րաշարժով: Գիտէի, որ Մասիսի քարայրներուն մէջ բոցաշունչ վիշապներ կան, թագաւոր օձեր, դեւեր եւ չարքեր, ոգիներ... Գիտէի, որ Մասիսի կատարին, անհուն ժամանակներէ իվեր, թառած է Նոյեան տապանը, եւ որ այդ բարձունքը անմատչելի է մահկանացուներուն:

Կը պատմէին Սուրբ Յակոբի աւանդութիւնը: Թէ ինչպէ՛ս ծերունի հայրապետը, իր վերջին օրերուն, փափաքած էր տեսնել Նոյեան տապանը, ու գաւազանը առած՝ ճամբայ ելած էր դէպի Մասիս: Դժուար ճամբաներէ, փուշերուն մէջէն, հասած էր մինչեւ անոր առաջին բարձունքները, մօտեցած էր ձիւներուն: Բայց գիշերը ժայռի մը տակ քնանալէ ետք, առտուն երբ արթնցած էր՝ տեսած էր, որ «մէկը» զինք ետ տարած էր՝ նախորդ առտու ճամբայ ելած կէտին:

Այս պատմութիւնը կրկնուած էր եօթը անգամ:

Ի վերջոյ, ծերունին լալով աղաչած էր Աստուծոյ իրեն շնորհքը ընել տեսնելու սուրբ տապանը: Այն ատեն հրեշտակ մը երեւցած էր. ան իրեն տուած էր տապանէն կտոր մը, եւ ըսած՝ որ չփորձէ Աստուծոյ հրամանին ընդդիմանալ:

Սուրբ Յակոբի արցունքէն ժայթքած վճիտ, քաղցրահամ աղբիւր մը կար Մասիսի լանջին, եւ շուրջը՝ ժայռերուն վրայ՝ թռչուններ, սարեակներու նման, բայց խատուտիկ - «Սուրբ Յակոբի թռչունները»:

Ես դեռ գիտէի -մայրս պատմած էր- որ Մասիսի խորերը հսկայ մը կայ շղթայակապ. երկու հաւատարիմ շուներ օր ու գիշեր կը լզեն, կը բարակցնեն շղթաները, որ ան փշրէ իր կապանքը եւ դուրս գայ աշխարհ...

Կ՛ուզէի շատ մօտէն տեսնել Մասիսը, բայց նաեւ կը սարսափէի անկէ:

Երբ հիւանդութենէս ետք ծնողներս որոշեցին զիս Սուրբ Յակոբին ուխտի տանիլ, ես թէ՛ ուրախ էի, թէ՛ տխուր. Մասիսը մօտէն տեսնելու տենչը եւ իր ազդած սարսափը հաւասար էին մէջս:

Հասաւ ուխտագնացութեան օրը:

Ամրան վերջն էր: Իրիկունը, ուխտաւորներու բազմութեան հետ, հասանք Մասիսի ստորոտի վերջին հայկական գիւղը, ուր անցուցինք գիշերը:

Յաջորդ առաւօտ կանուխ, վերելքը սկսաւ: Շուտով պէտք եղաւ ձիերը ձգել ձորի մը մէջ եւ լեռն ի վեր բարձրանալ ոտ-քով:

Լերան ինծի ծանօթ զանգուածը կորսուած էր աչքէս: Մասիսն էր առջեւս, շուրջս, ու Մասիսը չկար... Կար ձորերու անվերջանալի շարք մը: Կը քալէինք նեղ, վտանգաւոր կածանէն, իրար ետեւէ, հայրս՝ ձեռքէս բռնած:

Կանգ առինք հսկայ ժայռի մը առջեւ: Ըսին, որ անոր տակ, վերջին երկրաշարժին, թաղուած էին Ակոռի գիւղը եւ Սուրբ Յակոբի վանքը՝ իր վանականներով:

Հով կը փչէր, ցուրտ, լեռնային հով մը: Վիշապ չկար, դեւեր ալ չկային. բայց հո՜վը, հո՜վը... Վարէն ձիերը կը խրխնջէին, ու անոնց ձայնը հովին հետ կ՛արձագանգէր ձորերուն մէջ...

Արձագանգէն ես միշտ ալ վախցած եմ: Ինծի թուացած է, որ մէկը պահուըտած՝ իմ ձայնիս կը պատասխանէ ծաղրանքով...

- Մայրիկ, ի՞նչ կայ այս ձորէն անդին:

- Ձո՛ր:

- Յետո՞յ...

- Ձո՛ր, կրկի՛ն ձոր...

Աշխարհի ծայրը ձոր էր, եւ հովերը այդ ձորէն կը փչէին...


Ահա, վերջապէս, Սուրբ Յակոբի աղբիւրը. քարէ աւազան մը՝ վճիտ ջուրով, որ ոչ կ՛աւելնայ, ոչ կը պակսի...:

Ծնողներս խմցուցին ինծի այդ նուիրական ջուրէն, ձեռքերս ու ոտքերս լուացին անով, որ մահուան ստուերը սրբուի հոգիէս:



Եւ ես ապրեցայ: Մասիսն ու Սուրբ Յակոբը փրկեցին զիս:

Լեզուն Պարզացուցին՝
Յարութ և Մարօ Քիւրքճեան
Աթէնք

«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝