Յայտարարութիւն

Friday, March 26, 2010

Զա՛ր, զընգը, զա՛ր, զընգը, թո՛ղ զնգա՜յ ՎՐԷԺ ԱՐՄԷՆ ԱՐԹԻՆԵԱՆ

ՀՐԱՀԱՆԳԵՑԷՔ

Վրէժ Արմէնի Մոնթրէալի «Հորիզոն» ին մէջ հրապարակուած այս յօդուածը ,ինչպէս կ՜ըսեն՝ «մարդուս քէֆը կը բերէ»:Որպէս գաղութ, Մոնթրէալը ,«Համազգային» ի նման իր ունեցած կազմակերպութիւններով , հարցեր է լուծած, հարցեր՝ որոնք այլ գաղութներու մէջ կոտտացող վէրքեր են:

Տրուած ըլլալով որ կայքէջս կը հրապարակուի Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց մէջ, պիտի ըսէինք որ այդ վէրքը, որուն վրայ Վրէժ Արմէն իր մատը դրած է,անուղղակի,կը կոտտայ նաև այստեղ: : Միօրեայ Վարժարաններ գոյութիւն ունին, ժրաջան աշխատող ուսուցիչներ ՝բաւական , յանձնախումբեր եղած են, կան ու պիտի շարունակեն ըլլալ, սակայն Երիտասարդութիւն մը գոյութիւն ունի, «ներածուած» եւ «տեղածին», որուն հայկական մշակութային աւիշ է պէտք:Թեմական մակարդակի լուրջ մտահոգութիւն ներկայացնող հարց է սա :Ազգային ,հասարակական ,մշակութային մեծ փորձառոթիւն նաև վաստակ ունեցող անձերէ բաղկացած ժողով է Թեմական Ժողովը: ժամանակն է որ ազգընտիր այդ Ժողովը այլեւս ՀՐԱՀԱՆԳԷ որ թօթափուի անտարբերութեան մեր լուծը եւ անցնինք գործի: Կոմիտասի Զար, զընգը...ն այստեղ չի պարուիր, մեր սրահներու դռներու կողպէքներուն լեզուակերը ,օրերով , «կը ձանձրանան» իրենց պատեաններուն մէջ, մեր գիրքերուն վրայ նստած փոշիները կրնան իրենց տարեդարձները տօնել ..:



Չերկարե՜նք:

«Զար, Զընգը... », «Թռչէի մտքով տուն», «Անլռելի Զանգակատուն», Հայ գիրք հայ տան մէջ :Մշակութային աշխուժացում: Յառաջ անդեդեւ...

Առաջարկներ մտիկ ընելու եւ քննարկելու ալ շատ կարիք չկայ:Ոչ ալ ժամանակ:

Հրահանգեցէ՜ք...


«Նշանակ»

-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-.-


Համազգայինի Սանահին մասնաճիւղի »Սիրոյ երգերու երեկոն«, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 28 փետրուարին, ահա երրորդ տարին ըլլալով՝ կազմակերպուած Գրական յանձնախումբին կողմէ, զիս աւելի քան կէս դար ետ տարաւ, ու վերյիշեցի Գահիրէի Գալուստեան ազգային վարժարանի աւագ ուսուցիչ, բարձրագոյն կարգերու հայագիտական նիւթերու դասախօս պրն Քերովբէ Կոստանդեանը:
Ի՞նչ էր առնչութիւնը:
Այդ օրերուն նոր երաժշտութիւն մըն էր շուկայ իջած - ռոք'ընտ ռոլ, որ հրապուրած էր պատանեկութիւնը, եւ ամեն տեղ, դպրոցէն ներս թէ ակումբէն, տարուած էինք անոր առոյգ կշռոյթով ու անսանձ շարժուձեւերով: Եւ ահա, չեմ գիտեր ինչպէ՞ս, Գրաբարի թէ մատենագրութեան պահուն այդ նոր երգատեսակին-պարատեսակին խօսքը եղաւ: Մեր ուսուցիչը ափսոսանք յայտնեց, որ մենք չենք օգտուիր մե՛ր արագ, աշխոյժ պարեղանակներէն, որոնք շատ դիւրաւ կրնան փոխարինել նորօրեայ այդ երգն ու պարը: Եւ նշեց «Զա՛ր, զընգը, զա՛ր, զընգը, թո՛ղ զնգա՜յ»ն, Կոմիտասի փրկած ու մեզի փոխանցած գոհարներէն մէկը:
Յիշեցի այս դրուագը, որովհետեւ այդ երեկոյ Համազգայինը մեզի ներկայացուց մե'րը, հարազա՛տը, որ թէկուզ »էստրադային« դարձած, տակաւին հայկական է, արդիացած թերեւս, բայց նաեւ արմատներուն առնչուած: Երգին հետ ներկայացուեցաւ նաեւ ասմունք, մեր ոսկեղնիկ լեզուով ստեղծագործուած բանաստեղծութիւններով, որոնք որքան դիւրութեամբ մոռացութեան կը մատնուին նոր թէ հին սերունդներուն կողմէ:
Ներկաներէն շատերս, հոգի'ով երիտասարդներ, թռիչք մը գործեցինք դէպի մեր աւելի երիտասարդ օրերը, մրմնջելով հետեւեցանք երգերուն եւ երբեմն նաեւ ասմունքին, ոմանց աչքերն ալ թրջեցան երբ կը թռչէին դէպի տուն, կը լսէին մի անոյշ ձայն...
Արդէն աւանդութիւն դարձող այս ձեռնարկը, որ Սուրբ Սարգիսը կ՚ոգեկոչէ եւ սիրոյ տօնը կը նշէ )եթէ թոյլ կու տայ Սուրբ Վալենթէնը(, ամեն տարի առիթ մը հանդիսացաւ բեմ հանելու եւ ճանչնալու մեր արդէն յայտնի եւ դեռ անյայտ տաղանդները, եւ անդրադառնալու, թէ որքան հարուստ է այս գաղութը երաժշտութեան )եւ ինչո՞ւ միայն երաժշտութեան մարզին մէջ, տեղածին թէ »ներածեալ« ուժերով: Այդ ներածեալներէն շատեր Մոնթրէալը հարստացուցեր են ի հեճուկս Երեւանի, Պէյրութի, Հալէպի... Ասոր համար՝ ափսո'ս, սակայն զանոնք մեր մէջ բերելուն եւ մեր շուրջ համախմբելուն համար կեցցէ' Համազգայինին - այլեւ գաղութիս մշակութային այլ միութիւններուն կամ մարմիններուն:
Աւարտին, շնորհաւորելէ ետք կազմակերպիչներն ու մասնակից արուեստագէտները - մեծագոյն մասամբ՝ արհեստավարժ, իրապէս տաղանդաշատ -, դեռ կը յամենայինք՝ զրուցելու, կարծիքներ փոխանակելու եւ յաջորդ քայլերուն մասին մտածելու համար:
Համազգայինի առաքելութիւնն է հայ մշակոյթը ծանօթացնելը, եւ առաջին հերթին՝ նո'ր սերունդին ծանօթացնելը: Ուստի, ինչո՞ւ նման ճիգ չկատարուի նաեւ մեր դպրոցներուն մէջ, եւ մեր արուեստագէտները՝ երգող, նուագող, ասմունքող թէ դերասան, Համազգայինի իսկ նախաձեռնութեամբ ու ծախսով անհատաբար թէ խմբովին, պարբերական ելոյթներ չունենան մեր աշակերտներուն համար: Վստահ եմ, որ միշտ ալ մշակութասէր հայորդիներ պիտի գտնուին հովանաւորելու համար նման ճիգեր որոնք կը միտին մեր մշակոյթը մատչելի դարձնելու մեր նորերուն, իրենց ականջները եւ հոգիները քիչ մըն ալ հայութեամբ, հայկականութեամբ լեցնելու համար (բոլոր Ipod-ներէն, Դիմատետրերէն եւ նման ամենակալ թակարդներէն հեռացնելով զիրենք պահ մը):
Եւ ոչ միայն մեր դպրոցներուն մէջ, նաեւ մեր ակումբներուն, մեր բանակումներուն, ամեն տեղ որ մեր պատանիներն ու երիտասարդները կը հաւաքուին իրենց ընկերային գործունէութեան ընթացքին:
Բաւական չէ՞ որքան կը խլանան իրենց ականջները եւ կը բթանան իրենց ուղեղները երաժշտութեան անուան տակ իրենց մատուցուող աղմուկով եւ աղմկարարութեամբ:
Եւ ինչո՞ւ մեր բոլոր կազմակերպութիւնները նոյնը չընեն, իրենց խրախճանքներուն, ճաշկերոյթներուն եւ պարահանդէսներուն հրաւիրեն ա'յս արուեստագէտները շէնցնելու եւ մթնոլորտ ստեղծելու համար, հայկակա'ն մթնոլորտ, փոխանակ նոյն աղմուկով ու նոյն կշռոյթով ներկայացուող այն խառնիճաղանճ պարեղանակներուն, ուր լեզուներն ալ կը կորսուին, մշակոյթներն ալ կը հալին, կ՚անհետանան:
Այդ անդէմ, անդիմագիծ մեր խրախճանքները ուր նո'յն քայլերով կը պարուին »հայկական«, »արաբական« թէ »յունական« պարերը, ուր երգերուն բառերը լեզու կը փոխեն, բայց ոչ երաժշտութիւն, ուր ձայնին բարձրութիւնը կը գերադասուի անոր գեղեցկութենէն՝ մենք մեր ձեռքով մենք մեզ կ՜օտարացնենք, կը հեռացնենք մեր արմատներէն, մեր ապրումներէն, մեր արժէքներէն:
Ուրեմն, այո',
Զա'ր, զընգը, զա'ր, զընգը, թո'ղ զնգա՜յ...
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հորիզոն, 2010-03-22 (1604)



«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»«»

0 comments:

Հայտնեք Ձեր կարծիքը՝